Ի՞նչ Պատահեցաւ Լոս Անճելոսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Շէնքի Վաճառքէն Գոյացած Տասնեակ Միլիոնաւոր Տոլարներուն

Posted on February. 14. 2019

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Յարգելի Ռամկավար կուսակցութեան ղեկավարներ եւ Թէքէյեան Մշակութային Միութեան պատասխա-նատուներ,
Բազմաթիւ բողոքողներու առաջադրանքն է որ դուք փոխանակ իրար գովաբանելու եւ իրարու պատւոյ գրեր ու տախտակներ նուիրելու, կեդրոնացէք իսկ-ական ազգային գործունէութեան վրայ։
Ձեր անձնական շահերէն ելլելով, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի ուսանողութիւնը «լիքուի-տացիա»յի (հաշուեյարդարի) ենթարկեցիք անտեսելով հիմնադիր նուիրատուներու հայապահպանման սուրբ նպատակը, տարրալուծելով մեր յետագայ սերունդին հայաշունչ կրթութիւնը եւ ոգին, հարուածելով հայապահպանման միջնաբերդ հանդիսացող հայ դպրոցին ։
Ձեր ծանր մեղքերու մի մասը քաւելու համար, բարի գտնուեցէք ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի գեղատեսիլ եւ հանդիսաւոր շէնքերու վաճառքէն գոյացած դրամները (տասը միլիոն տոլար եւ աւելի, ներառեալ՝ վաճառքից յառաջացած տոկոսային շահաբաժինը) ամբողջութեամբ վերադարձուցէք համայնքին, զայն ամբողջութեամբ յատկացնելկով նոր բացուելիք Կլենտէյլի մէջ ամերիկահայ թանգարան՝ Armenian American Museum & Cultural Center of California։
Այս յօդուածի ոգին ոչ միայն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ նրա հովանիի տակ գործող Թեքէյեան Մշակութային Միութեան, այլ նաեւ բոլոր հայկական կուսակցութիւններուն եւ համայն-քային կազմակերպութիւններուն ու յատկապէս՝ Հայ Բարեգոր-ծական Ընդհանուր Միութեան որի ղեկավարներն են Պերճ Սեդ-րակեան եւ նրա համագոր-ծակիցները որոնք ոչ արդարացի կերպով փակեցին Կիպրոսի Մելքոնեան Հաստատութիւնը եւ ցանկացան վաճառել ամբողջ կալուածքը։ Բարեբախտաբար, Մելքոնեանցիների երկարատեւ պայքարի շնորհիւ եւ Կիպրոսի համ համայնքի ու կիպրական կառավարութեան միջամտութ-եան շնորհիւ ձախողեցաւ նրանց երազանքը։ (Այս մասին՝ յետա-գային)։
Այս նիւթին հետ առնչուող անգլերէն լեզւով յօդուածը տեսնել USA Armenian Life Magazine-ի այս շաբաթուայ թիւին մէջ։ Հայերէն լեզուով յօդուածը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ շաբթուայ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *