Ի՞նչ գործնական քայլերու կը դիմէ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանը փրկելու համար հայ եկեղեցին կամ արդեոք, ի՞նքն ալ մեղսակից է

Posted on February. 17. 2019


Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ 
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

«Թագաւորի նման» զեխ կեանք ապրելու իրենց քմայաճոյքը իրականցնելու սիրոյն, առաջնորդ Հովնան Տէրտէրեան եւ առաջնորդարանի գիտունիկը՝ Հարութ Մարգարյան ու իրենց նման կոռումպացուած որոշ հոգեւորական եւ որոշ աշխարհական աշխատակիցներ պատրաստ են «ամեն ինչի գնալու». ստախօսութիւն, գողութիւն եւ ապերախտութիւն գործելու որպէսզի իրենց ոչ-հոգեւորականի եւ ոչ-քրիստոնեայի վայել նպատակներուն հասնելու համար։
Եւ իրենց իսկ հաստատած օրէնսդրութեամբ՝ «եթէ հոգեւորական մը ստախօսութիւն գործէ ապա ան կը դադրի հոգեւորական ըլլալէ», հետեւաբար քանի որ Հովնան Տէրտէրեան եւ իր ոհմակիցները նոյն մեղքերը գործած են արդեոք Արեւմտեան Առաջնորդարանի ազգային խորհուրդի ատենապետ Յովսէփ Կանիմեանը եւ իր գլխաւորած առաջնորդական խորհուրդը ի՞նչ կը մտածեն եւ ի՞նչ է իրենց կեցուածքը այս կործանրար տարրերու առնչութեամբ։
Նկատի առնենք նաեւ այն հանգամանքը, որ Յովսէփ Կանիմեանը իրաւաբան է եւ հետեւաբար ան քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ իր պատասխանատւութ-եան տարողութեան վերաբերեալ։
Արդեոք ի՞նչքան ժամանակ դեռ եւս իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանը այս կործանրար տարրերուն պիտի թոյլատրէ շարունակելու հայ եկեղեցւոյ հանդեպ իրենց աւերիչ եւ վարկաբեկիչ ընթացքը։
Ի՞նչ գործնական քայլերու կը դիմէ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանը փրկելու համար հայ եկեղեցին կամ արդեոք, ի՞նքն ալ մեղսակից է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *