ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈ՞ՐԴ ՄԸՆ Է, ԹԷ՝ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲՌՆԱՏԷՐ ՄԸ

Posted on March. 3. 2019

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Lifeի

ՄԱՅԻՍ 2016

Քանի մը շաբաթ առաջ, ըստ երեւոյթին, Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ տրուած կամայական որոշում մը կտրականապէս եւ անսպասելիօրէն, դադրեցուցած է քառասուն տարիներէ ի վեր գաղութի մը հոգեւոր ծառայութեան կոչուած աւագերէցի մը գործունէութիւնը։
Ապրիլ 5 թուակիր նամակով մը, ուղղուած՝ Սան Տիէկոյի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Արք. Տէրտէրեան կը հրահանգէ՝ «Որովհետեւ Արժանապատիւ Թաթուլեան Տէր Հայրը հանգստեան կոչուելու տարիքին հասած է, որովհետեւ իր խնդրանքին համաձայն 2014¬ին իրեն շնորհուեցաւ երկարաձգելու իր գործունէութիւնը, այսու ուրեմն … Արժանապատիւ Թաթուլեանը մենք կþազատենք հովուական իր պաշտօնէն»։
Մօտաւորապէս հարիւր բառ պարունակող նամակը բացի «հանգստեան կոչուելու տարիքի» բացատրութենէն, ուրիշ ո՛չ մէկ արդարացում կը նշէ տրուած որոշման համար։
Գաղութով մտահոգ անդամներու բաւական մեծ թիւ մը համաձայն է, որ Գերշ. Տէրտէրեանի տուած անակնկալ որոշումը, որ վերջ կը դնէ տակաւին շարունակուող եւ կենսականօրէն կարեւոր, նուիրուած ու սիրուած, Տաթեւ աւագ քահանայ Թաթուլեանի հոգեւոր առաքելութեան, ցնցող, անսպասելի, անարդարանալի եւ անօրինական է։
Ինչպէս լրագրութեան աշխարհին մէջ կրկնուող առածը կþըսէ՝ «պատմութեան ետին միշտ ուրիշ պատմութիւն մը կայ»։
Կը բաւէ «հանգստեան» կոչուած պատմութեան ետին եղող պատմութեան վրայ մօտիկէն ակնարկ մը նետուի, պիտի տեսնուի բազմաթիւ զիրար հրմշտկող զուգադիպումներ։
Մարդ կրնայ միայն հարց տալ, թէ արդեօ՞ք աւագ քահանայ Թաթուլեանը ստիպողաբար հանգստեան կը կոչուի, որովհետեւ 70 տարեկան է, թէ՝ որովհետեւ դէմ է Տէրտէրեանի իշխանութեան տակ գործող եկեղեցւոյ մէջ թափանցած ապականութեան։
Սան Տիէկոյի հայկական գաղութի բազմաթիւ անդամներ շարք մը լուրջ հարցումներ ունին, որոնք արժանի են պարկեշտ եւ յստակ պատասխաններու։
Կան նաեւ տարածուած հետաքրքրութիւններ «Հրեշտակ» բարերարի մը կողմէ եկեղեցւոյ տրուած հարցական փոխատուութեան մը մասին, ի դէմ՝ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը եղող 4 արտավար շահաբեր հողամասի մը պաշտօնական սեփականաշնորհման արձանագրութեան, որ ըստ տեղեկութեանց կþարժէ աւելի քան տասը միլիոն տոլար։
Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Թեմի Առաջնորդի յարաբերութիւնները նկարագրելով, մտահոգ անդամ մը կը յայտնէ, որ «Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ կալուածներու խնամակալ Յանձնախումբին անդամները, որոնք Թեմի Ընդհ. Ժողովի հսկողութեան տակ կը յանձանձեն եկեղեցւոյ կալուածները եւ նաեւ տասը միլիոն տոլար ու աւելի արժող այս վերջին հողամասը, 2014¬ի սկիզբը առանձնակի հանդիպում մը ունեցած են Առաջնորդին հետ եւ այդ հանդիպումի ելքին, հակաօրինական որոշումով մը պահանջ դրուած է Տէր Տաթեւը հեռացնել ծխատէր քահանայի իր պաշտօնէն»։
Ան շարունակելով, կþըսէ. «2015 թուի Փետրուարին, 2014 թուի Նոյեմբերին գումարուած Ծխական Ընդհ. Ժողովին լոյսին տակ (որ անօրինականօրէն անվաւեր հռչակուած էր), Թեմի Վարչական Ժողովը Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Ծուխին վարչական բոլոր մարմինները լուծեց, մէկ բացառութեամբ.¬ …. Պահանջուեցաւ Խնամակալ Յանձնախումբին տոմարներուն եւ գործունէութեան հաշուեքննութիւն, առաջարկութեամբ՝ Գերշ. Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսի կողմէ նշանակուած «Միջնորդ Յանձնաժողով»ին (նախագահութեամբ նախկին Առաջնորդ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի, անդամներ՝ Ժոզեֆ Կանիմեանի, որ ամիսներ ետք Թեմի Վարչական Ժողովին ատենապետ ընտրուեցաւ, եւ այդ օրերու Թեմին Վարչական Ժողովին ատենապետ ու այժմ նախկին ատենապետ՝ Անդրանիկ Զօրայեանի)։ Այս հաշուեքննութիւնը մասամբ խթանուած էր ծխականներու պահանջով, աւելի լոյս սփռելու համար Խնամակալ Յանձնախումբի գործունէութեան վրայ»։
«Հազիւ չէզոք (երրորդ կողմ) հաշուեքննիչ մը հաշուեքննութեան սկսաւ, Թեմի Վարչական Ժողովը դադրեցուց հաշուեքննութիւնը եւ առաջին «Միջնորդ Յանձնաժողով»ը ցրուեց։ Խնամակալ Յանձնախումբին գանձանակը գրեթէ պարպուեցաւ եւ անհատ անդամներ փոխատուութիւններ ըրին Գանձին, որպէսզի անմիջական ծախսերը հոգացուին»։
Տեղեկագիրը հետաքրքրական յայտնութիւն մը կատարելով, կþընդգծէ. «Նոր հողամասը ապահովելու սկզբնական գործողութեանց ընթացքին, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան (ինչպէս ինք կը նշէ Ծխական Ժողովի մը, եւ ատենագրութեան մէջ արձանագրուած է) կþօգնէ կարգադրել «Հրեշտակ Նուիրատու» (շահարկո՞ւ) մը վճարելու համար 4 արտավար հողամասին 800,000 տոլարի վերջին պարտամուրհակը։ Այս հողամասին արձանագրութիւնը կատարուած է վերոյիշեալ «Հրեշտակ Նուիրատու»ին Ընկերութեան անունին, եւ հաշիւը փակելու համար Ծուխին տրուած է գումարը հայթայթելու 5 տարուայ միջոց մը։ Մինչ այդ, Խնամակալ Յանձնախումբը տարեկան 60,000 տոլար պիտի վճարէ «Հրեշտակ Նուիրատու»ին, որպէս 7.5 առ հարիւր տոկոս, ինչ որ շատ աւելի բարձր է, քան դրամատունէ մը առնուած փոխառութեան մը տոկոսը։ Եթէ Ծուխը չկարենայ 5 տարիէն (մենք արդէն չորրորդ տարուայ մէջ ենք) վճարել «Հրեշտակ Նուիրատու»ն, կամ թերանայ տարեկան վճարումին կէսը, 30,000 տոլարը ժամանակին տալու (ըստ համաձայնութեան պայմաններուն), հողամասը կրնայ գրաւուիլ «Հրեշտակ Նուիրատու»ին կողմէ։
Պետրոս Պետրոսեան, ուրիշ հոգածու անդամ մը, կը նշէ. «Խնամակալ Յանձնախումբի անդամներուն գործարկները, իրենց բնութեամբ, շատ մօտէն կը հետեւին Առաջնորդին՝ Տէր Տաթեւը հանգստեան կոչելուն եւ տարածուած սխալ տեղեկութիւններուն՝ ցոյց տալու, որ հանգստեան կոչուիլը պարտաւորիչ էր։ Բացայայտուեցաւ, որ շատ մարդիկ, ներառեալ կարգ մը թեմական պատասխանատուներ, տակաւին կը հաւատան, որ նոր օրէնքի բարեփոխումներուն համաձայն, ծխատէր քահանան 70 տարեկանին պէտք է հանգստեան կոչուի»։
Սկզբնականօրէն Արք. Տէրտէրեանը առաջնորդական իշխանութեան տիրացաւ ա՛յն ընտրողներու քուէներով, որոնց առջեւ ինք հաշուետու է։
Անցած են այն օրերը, երբ նախկին Օսմանեան «էրմենի Միլլաթ»ի պատկանող հպատակները ոչխարի պէս կը հետեւէին իրենց կրօնական տէրերու հրահանգներուն, երբ իսկութեան մէջ պէտք էր ճիշդ հակառակը ըլլար։
Չէզոք եւ անշահախնդիր, իրա՛ւ հետախուզող եւ հաշուեքննիչ մարմին մը պէտք է կազմուի, բարոյական եւ նիւթական բոլոր սխալ եղելութիւնները բացայայտելու համար։
Շատ կարեւոր է, որ թափանցիկութիւնը հաստատուի թեմական բոլոր ոլորտներուն վրայ եւ բոլոր պատասխանատու անհատները, սկսեալ Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսէն, հաշուետու ըլլան իրենց արարքներուն համար։
Հայաստանեայց Եկեղեցին ազգային գանձ մըն է, որ կը պատկանի ամբողջ հայութեան. եւ իբրեւ այդ, պէտք է պաշտպանուած ըլլայ բոլոր կործանարար տարրերէն, անոնք ըլլան դուրսէն կամ ներսէն։

Share on Facebook

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *