Ո՛չ ոք յանդգնութիւնը թող ունենայ յայտարարելու թէ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը միմիայն կրօնականներո՛ւն գործն ու պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակն՝ Եկեղեցին ժողովուրդն է իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝ անոր սպասաւորները: Հետեւաբար անհրաժեշտ է խօսիլ, քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել ի նպաստ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, հեռու՝ անհատական բոլոր դիտաւորումներէ:

Posted on March. 26. 2019

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *