Posted on April. 20. 2019
Յարգելի Պրն. Չափարեան,
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Լսելով Ձեր վերջին հարցազրոյցը Պրն. Պետրոս Հաճեանի ծրագրէն, փափաքեցայ կատարել կարգ մը հարցադրումներ Յովնան Տէրտէրեանի մասին, վստահ ըլլալով, որ դուք արդէն իսկ տեղեակ պէտք էր եղած ըլլայիք այդ բոլորէն։
Հարցում առաջին։ Ինչո՞ւ, եւ որ արարքին համար Յովնանը վտարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն, եւ ո՞վ էր պատճառը։
Հարցում երկրորդ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ո՞ր միաբանը բարեխօսեց Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի մօտ, որ ան ընդունուի Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարան։
Հարցում երրորդ։ Իր քահանայական ձեռնադրութենէն ետք, ինչո՞ւ իր ստորագրած յօդուածներուն տակ կ՛աւելցնէր՝ «Ս. Էջմիածնի միաբան»ը։ Միաբանութեան մէջ միակն էր։
Հարցում չորորդ։ Իր այդ ստորագրութեամբ, ըլլալով պապէն աւելի պապական, ինչո՞ւ սերտօրէն կապուած էր Հիւսգ Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ Աթոռին ծառայող երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ։
Հարցումներ, որոնց պատասխանը իր, եւ զինք մօտէն ճանչցողներուն մօտ կը գտնուի։ Ահա թէ ինչո՞ւ լուռ կը մնայ։
sՅարգանքներով՝
Անթօ
Ծանօթ Խմբագրութեան. Յարգելի Պրն. Անթօ, Ձեր հարցումները ճիշտ տեղին են եւ կը մնան այժմէական։ Առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն, այս նամակին մէջ արծարծուած հարցումներուն մեծամասնութեան պատասխանները արդէն սեփականութիւնը դարձած է ամերիկահայ լայն շրջանակներու։ Սակայն նորանոր ընթերցողներու քաջատեղեակութեան սիրոյն խմբագրութիւնը կենսական կը համարէ Գլխ. Խմբագիր Աբօ Չափարեանի Ապրիլ 5, 2019 թուակիր յօդուածի հրատարակութիւնը վերահրատարակութիւնը նորանոր ընթերցողներու հետաքրքրութիւնը հագեցնելու սիրոյն։ Արդարեւ՝ ներքեւ կը տեսնէք նոյն յօդուածը։
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու մեջ համասեռամոլ հոգեւորական-ներու անունները թուարկող «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՈՒՄ ՊԱՅԹՅՈՒՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ» վերնագրով յօդուածը, որ սկիզբը յայտնուեցաւ 2018 թվականի Սեպտեմբերի 5-ին, shame.am կայքին վրայ, ան յետագային հրատարակուեցաւ նաեւ այլ կայքերու վրայ, ինչպիսիք են infosarm.ru, newsbloger.pro, imarmenia.pro 2018 թուականի վերջին ամիսներուն։
Shame.am-ի նախաքննական յօդուածի բնօրինակը հայերէն լեզուով տպագրուած է 2019 թուականի Յունվարի 25-ին ԱՄՆ-ի մէջ, «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի մէջ: Խմբագրուտունս ստացաւ մեծաքանակ հեռախօսազանգեր անգլերէն լեզուով USA Armenian Life-ի հայ ընթերցողներէն որոնք բողոքեցին թէ ինչու՞ նոյն յօդուածի անգլերէն տարբերակը կը բացակայէր: Եւ այժմ, USA Armenian Life-ի մէջ կը ներկայացնենք այդ յօդուածի անգլերէնի թարգմանուած տարբերակը էջ 2:
Համասեռամոլ հոգեւորականներու ցուցակը ներկայացուց 20 նման անձ, եւ Յովնան Տէրտէրեանի անունը հետեւողականօրէն յայտնուեցաւ 2 ամենաբարձր դասաւորման մէջ:
Ո՞վ է Յովնան Տէրտէրեան:
Տէրտէրեան ծնած է 1957 թ. Դեկտեմբերի 1-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
Արեւմտյան Թեմի Առաջնորդարանի կայքի ներկայացուցած Տէրտէրեանի կենսագրական թերի է:
Ըստ տեղեկութեանց 1960-ականներու վերջին, 11-12 տարեկան հասակին, երբ Վահրամ Տէրտէրեանի սեռական կողմնորոշումը յայտնի դարձաւ իր ընտանիքի եւ հարեւաններուն համար, անոր ընտանիքը զինք անմինջապէս հեռացուց փողոցային խաղահրապարակներէն եւ յաճախած դպրոցէն, եւ զայն արագօրէն տեղաւորեց կուսակրօնական գիշերօթիկ ուսումնարան, համասեռամոլական թեքուածութիւնը թաքցնելու համար կուսակրօն քահանայութեան ծխածածկոյթի տակ:
Արդեոք իր ընտանիքը փորձած էր այդ ձեւո՞վ է թաքցնել իր միասեռականութիւնը, շտապելով Լիբանանի Հայ Առաքելական եկեղեցու աստվածաբանական վար-ժարանը:
Արդեոք ան 1975 թ. դուրս եկա՞ւ թէ՝ վտարուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայա, Լիբանանի տղամարդկանց ուսումնարանէն, քանի որ ան սեռական յարաբերութիւն ունեցած էր մէկ այլ տղայի հետ:
Այն ժամանակ, երբ ան ընդունուցաւ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի Գեւորգեան հոգեւոր վարժարան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը պակասութիւն ունէր երիտասարդ հոգեւոր ուսանողներու: 1980-ին Գէորգեան ճեմարանի մէջ իր ուսումնառութեան աւարտէն յետոյ եւ որպէս կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ Յովնան:
Եթէ Յովնան Տէրտէրեան աշխարհական ըլլար եւ իր անձնական ու սեռային կեանքը ղեկավարէր ըստ իր ցանկացած կողմնորոշմամբ ոչ մէկ հարց չէր ըլլար: Սակայն այն փաստը, որ ինքը կամաւոր կերպով ընդունած է կուսակրօն քահանայութեան խոստումը, «երբեք ոչ մէկ սեռական յարաբերութեան ձեջնարկելու կամ որեւէ այլ ակտի մէջ ներգրաւուելու», զայն խախտելով խորը անհանգստութիւն առաջացուցած է ոչ միայն Գանատայի մէջ ուր ան ունի խայտառակ վիճակացոյց, այլեւ ուրիշ վայրեր:
Հայ եկեղեցիէն ներս կուսակրօն քահանաները բոլոր ժամանակներուն պէտք է դառնան բարոյականութեան եւ հոգեւորութեան տիպարներ եւ պէտք է հեռու մնան նիւթական կամ ցանկացած անձնական շահոյթներէ, ինչպես նաեւ աշխարհիկ եւ ֆիզիկական հաճոյքներէ, մասնավորապէս այն պատճառով, որ ան որեւէ մէկ այլ աշխարհական մը չէ: Ան խոստացած է հաւատարիմ կուսակրօն քահանայ ըլլալ:
Գրեթէ չորս տասնամեակներ շարունակ ան արտաքուստ պահպանած է այն խափուսիկ երեւոյթը՝ թէ ան հայ եկեղեցիի ազնիւ կուսակրօն քահանայ մըն է։
Կուսակրօնութիւնը քահանայութեան առանձնայատուկ դասակարգ մըն է եւ հայ եկեղեցիի հոգեւոր ծառաներու ամենաբարձր մակարդակն է, որով անոնք կամավոր կերպով կը նուիրեն իրենց ամբողջ էութիւնը, կեանքն ու անձնական միջոցները, Աստուածավախ հաւատացեալներուն ցկեանս ծառայելու ազնիւ նպատակի համար, այնքան ատեն որ անոնք դեռ կը պահպանեն իրենց խոստումը եւ վարքագիծը որպէս կուսակրօն քահանաներ:
«Հայ կեանք»ի խմբագրական կազմը կը յարգէ ընտրութիւններու ազատութեան առումով մարդկային հիմնական իրաւունքները: Այն ամենը, իւրաքանչիւր աշխարհական իրաւունք ունի ինքնուրոյն կերպով որոշելու իր սեռական կողմնորոշումը:
Հայ Առաքելական եկեղեցիի անդամներուն համար կենսականօրէն կարեւոր է, որ մենք յարգենք ուրիշներու սեռական կողմնորոշման իրաւունքը, սակայն անընդունելի է, երբ կուսակրօն քահանայ մը կը խախտէ՝ սեռային որեւէ կապէ խուսափելու իր կուսակրօնական խոստումները:
Հայ Եկեղեցիի մէջ կուսակրօն քահանան բարձր կը համարուի որպէս անձնազոհ, անձնանուէր քահանայ մը, որ կամաւոր կերպով կը հրաժարի որեւէ սեռական յարաբերութիւն ունենալու իր իրավունքէն, ըլլայ ան իգասեռային, միասեռային կամ երկսեռային:
Հայ Առաքելական եկեղեցին կþարգելէ ամուսնանալ բոլոր կուսակրօն քահանաներուն: Եւ փոխարէնը, կուսակրօն քահանաները կը ստանան բարձրագոյն աստիճանի հոգեւոր կոչում, սկսած վարդապետական կոչումէն մինչեւ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս եւ պատրիարք: Միայն կուսակրօն քահանան կրնայ ժողովրդավարօրէն ընտրուիլ այնպիսի բարձրաստիճան պաշտօններու, ինչպիսիք են առաջնորդական փոխանորդ, առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ կամ թեմի առաջնորդ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Կուսակրօն քահանաները նոյնպէս մենաշնորհ ունին (Կոստանդնուպոլսոյ կամ Երուսաղեմի) պատրիարքարանի պատրիարք ընտրուելու: Եւ, ի վերջոյ, միայն կուսակրօն քահանան իրաւունք ունի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուելու եւ հայրապետական գահ բարձրանալու։
Այնուամենայնիւ, հայ եկեղեցին թոյլ կուտայ կուսակրօն քահանային կամաւոր կերպով տէր հայր դառնալ ամուսնացած քահանայ մակարդակի նուազեցում ստանալով որով ան իրաւունք կþունենայ միայն իգական սեռի պատկանողի մը հետ ամուսնութիւն կնքելու եւ ընտանիք կազմելու: Ան կամաւոր կերպով կը հրաժարի կուսակրօն քահանայի հոգեւորական դասի բարձրացումի իր իրաւունքէն։ (Այս յօդուածին հեղինակը մտադիր չէ կարծիք յայտնել ներկայ ժամանակներուն այսպիսի համակարգի գործնականութեան մասին: Այս թեման կարելի է քննարկել առանձին յօդուածով մը):
Ամուսնացած քահանաներուն թոյլ չի տրուիր ընտրուիլ որպէս թեմի առաջնորդ թեմական ժողովի կողմէ, կամ ընտրուելու՝ որպես Կաթողիկոս եկեղեցական պատգամաւորներու, գործընթացի մը միջոցով որ կը կոչուի կաթողիկոսական ընտրութիւն:
Բայց ցնցող թիւ կազմող կեղծաւոր անհատներ կուսակրօն քահանայի դիմակի տակ հանդէս կուգան, որպեսզի հնազանդ կուսակրօն քահանաներ, հնձելու համար կուսակրօնութեան շահոյթները, իրականութեան մէջ առանց հաւատարիմ ըլլալու իրենց կրօնական խոստումներուն: Բոլոր այս անուանապէս կուսակրօն քահանաները պետք է հրաժարական տան: Եւ եթէ մերժեն այդ ընել, Հայ Եկեղեցիի թեմական կրօնական խորհուրդները պետք է շարժուին, որպէսզի անոնք փիլոնազուրկ ընեն հանուն հայ եկեղեցիի ստոյգ աւերուածութենէ փրկութեան:
Ի՛նչ վերաբերի Յովնան Տէրտէրեանին, ան պէտք է գիտակցի, որ ինքը ի վիճակի չէ որպէս հոգեւոր ծառայ գործելու, առաւել եւս՝ ի վիճակի չէ ծառայելու որպես հոգեւոր առաջնորդ ոչ միայն արեւմտեան թեմէն ներս, այլեւ որւեէ այլ վայր: Ան պէտք է շուտաբոյթ կերպով փիլոնազրկուի եւ վերադառնայ աշխարհական կեանքին եւ ապրի իր ուզած ձեւով: