Posted on April. 27. 2019
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
2003 թ.-ին, Արք. Տէրտէրեանի զինակից եւ Հոլիուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ Մարգարեան դիմեց Պր. Պետրոս Տաղլեանին կոչ ուղղելով օգնել եկեղեցիին որ յարակից հողաշերտի վարձակալական իրաւունքը ձեռք բերելու համար: Ան նաեւ աւելցուցած էր որ «եթէ եկեղեցին երկու օրուայ մէջ չի գնէ ապա այս վերջին առիթը մշտապէս կրնայ կորսնցնել։
Բարիկամեցողութիւն ցուցաբերելով, Պր. Տաղլեանը գնեց յարակից տարածքի վարձակալական իրաւունքը 300 հազար տոլարի եւ նուիրեց եկեղեցիին, որպէսզի անոնք կարողանան սկսիլ շինարարութիւնը: Այդ գումարը Պր. Տաղլեան իր տունին վրայ պարտք առնելով վճարեց։ Պարոն Տաղլեանի մեծ նուիրատւութեան առթիւ եկեղեցիի ղեկավարները որոշեցին նոր կերտուելիք սրահը անուանել «Տաղլեան Համալիր»:
Յետագային պարզուեցաւ, որ Տէրտէրեան-Մարգարեան զոյգը չի կարողացաւ հաւաքել անհրաժեշտ գումարները, որպէսզի կառուցուի դահլիճը։
Հետեւաբար, մէկ անգամ եւս անոնք թակեցին Պր. Տաղլեանի դուռըխնդրելով նոր նուիրատւութիւն մը ըսելով թէ՝ եկեղեցին շատ վատ ֆինասական դրութեան մէջ է եւ թէ՝ չէր կրնար հողաշերտի վարձակալային ամսավճարը կատարել։ Նամակը մնաց անպատասխան։ (Տես էջ 3) Պր. Տաղլեան համաձայնեցաւ վարկ տրամադրել միայն այն պահին երբ եկեղեցւոյ ղեկավարները իրեն առաջարկեցին հետեւեալ պայմանները որոնք կþապահովէին ու կը հաւաստիացնէին Պր. Տաղլեանի կողմէ համալիրի պատշաճ կառավարումը հետեւեալ տրամադրութիւններով. 1) Համալիրը եկեղեցին կը դառնար երկարաժամկետ եկամուտի առողջ աղբիւր որ ըստ կարգի պիտի թոյլատրէր որ 2) Տաղլեանի շինարարական վարկը դանդաղ կերպով ետ կը վճարուի դահլիճի յաջող գործունէութենէն ստացուած եկամուտներներէն, եւ 3) Վարկը մարելէ յետոյ Պր Տաղլեան ետ եկեղեցիին պիտի վերադարձնէր համալիրը որով եկեղեցին շարունակաբար եկամուտներ պիտի ստանար:Այս ակնկալիքը պարոն Տաղլեանէն եկեղեցիին կողմէ, կþանցնէր նորմալ պարտականութեան բոլոր սահմանները: Անցած տասնամեակներու ընթացքին Պր. Տաղլեան արդեն 1,5 միլիոն դոլար նուիրաբերած էր Արեւմտեան Թեմի տարբեր ծրագիրներու համար: 2004 թ. Նոյեմբերի 6-ին, Արք. Տէրտէրեանի կողմէ անձնական դիմումի հիման վրայ, ի վերջոյ, պր. Տաղլեանի փաստաբանը պատրաստած է փոխ-առաջարկ վերահաստատելով Մանուկ քհն. Մարգարեանի առաջարկը, որ նշուած էր 2004-ի Սեպ 28-ի նամակին մէջ: (Տես էջ 4) Յունուար 16, 2005-ին Արք. Տէրտէրեան եւ Արեւմտյան թեմը անգլերէնով նոր առաջարկի նամակ ներկայացուցին, օգտագործելով Մանուկ քհն. Մարգարյանի անունը, որպէս ստորագրող առաջարկելով պր. Տաղլեանին «1) Վերահսկել շինարարութեան վրայ, 2) Յանձնել «Տաղլեան» համալիրի կառավարումը շինարարության աւարտէն յետոյ, հաստատելով, որ ,եկեղեցին իրավունք չ՛ունի որեւէ կերպ ներթափանցել այդ ընկերութեան ֆինանսական գործառնութիւններէն ներս, 3) Կատարուած բոլոր ծախսերը կը վերադարձուին համալիրի եկամուտներէն: Դուք կը ստանաք լրացուցիչ 7% տոկոս տարեկան, մինչեւ ձեր կողմէ ծախսուած գումարներու ամբողջական փոխհատուցումը
Տաղլեան համալիրի եկամուտներէն ետ ստանալու ամբողջ գումարը առանց որեւէ ժամանակի սահմանափակման, մինչեւ ամբողջ վարկի վճարումը (Տես էջ 4): Այս նամակ-առաջարկը ներկայացնելէ բացի, Արք. Տէրտէրեան եւ Մանուկ քհն. Մարգարեան, հոգեւորականի «սրբակեաց» տեսքը օգտագործած էին իբրեւ թէ բարեպաշտ հոգեւոր ծառաներ էին, եւ այդ ձեւով պր. Տաղլեանին վրայ «բարերար» ազդեցութիւն ի գործ դրած էին հասնելու համար իրենց նպատակին: Այդ ժամանակներուն, Արք. Տէրտէրեան եւ Մանուկ քհն. Մարգարեան սուրբ մարդկանց հովեր կþառնէին: Երկուքն ալ նոր ժամանած էին Արեւմտյան ԱՄՆ եւ բաւականին կարիք ունէին որոշակի վարչական յաջողութիւններ ցույց տալու իրենց շրջապատին, որպեսզի իրենց ժողովրդականութիւնը բարձրանար: Ուր որ ալ երթային, պր. Տաղլեանի բարի համբաւի արժանացած անունը կուտային ու անոր հեղինակութիւնը կþօգտագործէին:
Այդ ժամանակներուն, պր. Տաղլեան իր բանկի հետ բանակցած է շարք մը վարկեր իրականանցնելու համար, օգտագործելով իր վարկային վիճակացոյցըիր ստորագրությամբ երաշխավորելով $15 մլն-ի շարք մը վարկերու համար: Արք. Տէրտէրեան եւ Մանուկ քհն. Մարգարեանի հետ անոր համաձայնութիւնը այն էր, որ պր Տաղլեան կը նախագծէր գոծառոյթային ծրագիր, որով ան կրնար վերահսկել եւ երաշխավորել վարկի ամբողջական վճարումը: Պրն Տաղլեան առաջարկած է. «Վարկը վճարելէ ետք ան ողջ համալիրը Եկեղեցիին կը վերադարձնէ որպեսզի եկեղեցին/առաջնորդարանը մշտապէս ստանան օգուտները: Ըստ համաձայնագրին, Պր. Տաղլեանի ղեկավարութեան ներքոյ՝ կը նախատեսուէր վարկի դիմաց վճարուող եկամուտներու կայուն հոսք: Երբ ամեն ինչ հունի մէջ մտած էր, հանկարծ Արք. Հովնան Տէրտէրեանի հաւանութեամբ միակողմանի կարգով որոշեցին Պր. Տաղլեանին ամբողջությամբ հեռացնել, որպեսզի եկամուտները միայն իրենք ստանան առանց ապահովելու վարկի մարումը եւ խախտելով վարկը վերադարձնելու հիմնական համաձայնութիւնը: 2019 թ. սկզբին, Անոնք գացին դատարան: Լոս ԱնՃելոսի Գերագոյն Ատեանի Դատաւոր Ռանդոլֆ Մ. Հեմոկը ուշադիր կերպով լսեց գործը: Դատական վարոյթի ընթացքին դատաւոր Հեմոկը ուղղակիօրէն հարցուց Արեւմտեան թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարեանին. «Եկեղեցին ի՞նչ կþընէ, եթէ մի քահանայ սուտախօսութեան համար կը բացայայտուի»: Յարութ Մարգարեան պատասխանեց. «Ան անմիջապէս կը զրկուի պաշտօնէն եւ փիլոնազուրկ կþըլլայ»: Մինչ Յարութ Մարգարեանը նման յայտարարութիւն կþընէր, ան պէտք էր լաւ տեղեակ ըլլալ այն բանի մասին, որ իր իսկ հայրը, Մանուկ Քհն. Մարգարեան կը պատրաստուէր դատարանի կողմէ հանցագործութեան վրայ բռնուիլ երբ ան դեռ եւս երդումի տակ էր դատարանի կողմէ: Մանուկ Քհն. Մարգարեան դատաւորի կողմէ ենթարկուեցաւ ստուգման ու փորձաքննութեան: Մի քանի հարցերու պատասխանելէ ետք Դատաւոր Հեմոկը յայտարարեց, որ չի գտներ որ Մանուկ Քահ. Մարգարեանի վկայութիւնը վստահելի է, եւ թէ՝ ան «անկեղծօրէն չի հաւատար Մանուկ Քհն. Մարգարեանի որեւէ ըսածներուն» եւ թէ պարզապէս Մանուկ Քհն. «ինքն իր կաշին կը փորձէր փրկել եւ իր յետոյքը ազատել»: Դատական փաստաթուղթերու համաձայն, Ապրիլ 2-ին , Դատաւոր Հեմոկը Պր. Պետրոս Տաղլեանի ի նպաստ վճիռ արձակեց եւ հրահանգեց Արեւմտեան Թեմին ու Սուրբ Հովհաննու եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին վճարել Պր. Տաղլեանի կատարած իրաւաբանական բոլոր ծախսերը: (Տես դատարանի որոշումը էջ՝ 3) Որպէս հետաքննող լրագրող, կարդալէ ետք Մարտի 11-ի Սուրբ Հովհաննու եկեղեցիի / Արեւմտեան Թեմի ընդդէմ Պետրոս Տաղլեան (թիվ 18STCV02144 գործի) դատարանի արդիւնքներու մասին աններդաշնակ մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ես անմիջապէս կապ հաստատեցի Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Նախագահ փաստաբան Յովսէփ Կանիմեանի հետ: Դատի մասին, Պր. Կանիմեանէն լուսաբանութիւններ խնդրեցի ե-նամակով եւ գրանցուած ԱՄՆ փոստային նամակով։ Մինչեւ օրս անոնցմէ չեմ լսած: Ապա ուրեմն ինչու՞ ժողովուրդին միտքը պղտորելու միտումով հրապարակով կը բողոքեն ըսել՝ «կարգ մը լրատուամիջոցներ անճշտութիւններ կը տարածեն։ Թող խօսէին եւ պարզաբանէին։ Ես այն եզրակացութեան եկած եմ որ «Տէրտէրեանի երրեակ» գոյութիւն ունի Հովնան Տէրտէրեանի, Մանուկ քհն. Մարգարեան ու իր կրտսեր որդի՝ Յարութ Մարգարեանի միջեւ։ Անոնք ուղղակիօրէն մեղսակցած են բարերարի մը բողերը ապօրինի կերպով իւրացնելու սեւ ծրագրին բարերարին վրայ բեռցնելով 15 միլիոն տոլարի պարտքը ոտնահարել թորձելով եկեղեցիին իսկ օգտակար եղող անոր բիզնեսային ծրագիրը: Արեւմտյան Թեմի այս միակողմանի եւ չարամիտ գործողութիւնը ծանր եւ անել կացութեան տակ կը դնէր պր. Տաղլեանին յարուցանելով խոշոր դժուարութիւններ վարկը մարելու կամ կորցնելու իր վարկունակութիւնը դրամատան հետ: Պարզ է որ Մանուկ քահանան ու իր կրտսեր որդին, ծխական խորհրդի անդամ Յարութ Մարգարեանը «Տէրտէրեանի երրեակ»-ին մաս կը կազմեն: Կը թուի որ Մանուկ քահանային եւ անոր որդիներու միջեւ գոյություն ունի իրական շահերու բախում եւ «նեպոտիզմ»: Մանուկը Հոլիվուդի մէջ ներկայիս քանդուած Սուրբ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիի հովիւն է եւ միաժամանակ Ծխական Խորհուրդի անդամն է եւ նոյն ժամանակ Թեմական Խորհուրդի անդամ է: Անոր կրտսեր որդին
Յարութ Մարգարեան, Արեւմտեան Թեմի Գործադիր Տնօրէնն է, եւ միաժամանակ Ս. Հովհաննու եկեղեցիի Ծխական Խորհուրդի վերահսկող անդամ է: Մանուկ քահանայի աւագ որդին՝ Գեւորգ Մարգարեան Սուրբ Հովհաննու եկեղեցիի Ծխական Խորհրդի անդամ է: Ծխականները կը կասկածին ու կը բողոքեն, որ Սբ. Հովհաննու եկեղեցին Մարգարյանները կþօգտագործեն որպէս իրենց ընտանիքի «բիզնես»ը: «Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» շարժման ղեկավարները առաջադրանք կատարեցին որ հաւաստագրուած հաշուապահական ընկերութիւն մը, ինչպիսին է KPMG կամ Deloitte-ը, որպեսզի հետաքննութիւն կատարուի ստուգելով Արք. Տէրտէրեանի եւ Մանուկ քհն. Մարգարեանի ֆինասական գործառնութիւնները` ցանկացած հարցի լուծում տալու համար:
Իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, Թեմական Խորհուրդի նախագահը ըլլալով հաւատարմագրային պարտականութիւն ունի ապահովելու թեմական գործերու պատշաճ կառավարումը:
Ինչու՞ է ան թոյլ կուտայ շահերու բախման եւ «նեպոտիզմ»ի: Առնուազն, պէտք էր կանխել եւ թոյլ չտար որ Մանուկ քահանան ըլլայ Արք. Տէրտէրեանի «աջ բազուկը» եւ ապահովեցնել որակաւորուած անհատներու նշնանակումը որպէս թեմի պաշտոնական բանբերը: Նաեւ՝ պէտք չէր թոյլ տար որ Տէրտէրեան Երրեակը դատարանէն ներս դառնար Արեւմտեան Թեմի խօսնակները։ Ինչու Թեմական Խորհուրդի երկու բարձրագոյն ղեկավարները, փաստաբան Յովսէփ Ժոզէֆ Կանիմեան եւ փաստաբանուհի Տիկ. Ադրիէն Գրիգորեան չեն զգուշացուցած «Տէրտէրեանի երրեակ»-ին, պայմանագրի պատճառով անոնք հնարաւորութիւն չունէին դատարանի մէջ շահելու: Իսկ ի՛նչ կը վերաբերի դատաւորին՝ Յարութ Մարկարեանի երդման տակ կատարած յայտարարությանը. «Ինչ կþընէ եկեղեցիին, եթէ քահանայ մը ստեր է», պատասխանը. «Ան անմիջապէս փիլոնազուրկ լþըլլայ եւ պաշտօնէ կը վտարուի»: Մանուկ քհն. Մարգարյանը դեռեւս Արեւմտյան թեմի համար որպէս քահանայ կը շարունակէ՞ ծառայել:
Բացի այդ, ինչու՞ ան թոյլ տուաւ որ իրավիճակը սահմանէն դուրս գայ Հոլիվուտի Սուրբ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիէն ներս: Ինչու՜ Թեմական Խորհուրդի միւս անդամները թոյլ տուին որ այս դէպքը պատահի։
ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ 2018-19
Նախագահ՝ փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեան
Փոխնախագահ՝ փաստաբանուհի Ատրիէն Գրիգորեան
Գանձապետ, պր. Եուրի Ակոբյան
Դոկտոր Սանդրա Գազանճեան Կոստանճեան
Աւագ Քհն. Սասուն Զմրուխտյան
Մանուկ քհն. Մարգարյան
Խաժակ քհն. Շահբազյան
Սերովբէ քհն. Ալանդանջյան
Բագրատ քհն. Բերեջյան
Պր. Արա Տէր Սարգիսեան
Պրն. փաստաբան Մարտի Տաքէսեան
Տիկին Փամելա Ապասի
Պր. Պարքեւ Համալեան
Պր. Ռաֆֆի Յակոբեան
Պր. Վահէ Իսգանտերեան