Posted on June. 15. 2019
Սպանիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի համար ոսկիէ մետալ մը շահեցաւ Հրաչեայ Մարգարեան:
61 քկ դասակարգին մէջ, ան 11-0 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Օլեքսանտր Եւսիենքոյին:
Պրոնզէ մետալներու տիրացան Արման Անդրէասեան (70 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ):