Posted on June. 15. 2019
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած վեց ծերակուտականներէն երեքը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան չորս քոնկրեսականներէն երեքը համահովանաւորներ դարձած են յաջորդաբար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն:
Արդարեւ, դեմոկրատական ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ այս շաբաթ որոշեց միանալ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւը հովանաւորողներուն:
Նախապէս, դեմոկրատական ծերակուտականներ եւ նախագահի թեկնածուներ Էլիզապեթ Ուորըն եւ Քամալա Հերիս եւս որոշած էին հովանաւորել այս բանաձեւը:
Նշենք, որ բանաձեւը ներկայացուած էր Նիւ Ճըրզիէն Պապ Մենենտեզի եւ Թեքսասէն Թետ Քրուզի կողմէ, անիկա ցարդ ունի 18 հովանաւորներ:
Ներկայացուցիչներու տունէն նախագահի թեկնածուներ Թուլսի Կապարտ, Սեթ Մուլթըն եւ Թիմ Ռայըն կը զօրակցին Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Թիւ 296 բանաձեւը ներկայացուած էր Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ու ցարդ ունի 102 հովանաւորներ:
2020-ի նախագահական ընտրութեանց այլ թեկնածու մըԻնտիանայի քաղաքապետ Փիթ Պիւթիճիչ, 3 յունիսին Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին նոյնպէս կոչ ըրած էր «իրականութիւնը ճանչնալու», ի պատասխան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին լրագրողի մը հարցումին: Ան աւելցուցած էր, որ պէտք է ուշադրութեամբ ուսումնասիրել պատմութիւնը
մարդկային իրաւունքները յարգող քաղաքականութիւն որդեգրելու համար: