Քաթարի Գործարարները ՀՀ Նախագահի Հրաւէրով Պիտի Ուսումնասիրեն Հայաստանի Ներդրումային Հնարաւորութիւնները

Posted on June. 15. 2019

Քաթարի գործարարները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով կը նախատեսեն յաջորդ տարի այցելել Հայաստաներկրի ներդրումային հնարաւորութիւնները ուսումնասիրելու համար: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով www.gulf-times-ը, այս մասին ըսած է Քաթարի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի խորհուրդի անդամ Մոհամետ պըն Ահմատ ալ-Օպայիտլին: Ալ-Օպայիտլին, որ «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, նշած է, որ ՀՀ նախագահը շահագրգռուած է իր երկրին մէջ նոր ներդրումներ ներգրաւելու հարցով: «Հայաստանի նախագահը Քաթարի գործարարներուն կոչ ըրաւ ուսումնասիրելու իր երկրի ներդրումային հնարաւորութիւնները»,- ըսած է ան աւելցնելով, որ ՀՀ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայկական եւ քաթարական մասնաւոր եւ գործարար ոլորտներու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հետ կապուած հարցեր:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատած է Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները եւ ցանկութիւն յայտնած է յարաբերութիւնները ամրապնդելու բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ յատկապէս առեւտուրի եւ տնտեսութեան:
Քաթարի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի խորհուրդի անդամը այն կարծիքին է, որ Հայաստանի ներդրումային միջավայրը գրաւիչ է: «Մենք քննարկած ենք նաեւ Քաթարի եւ Հայաստանի մասնաւոր հատուածներու միջեւ համագործակցութեան տեսակէտները` յատկապէս սննդամթերքի անվտանգութեան ուղղութեամբ»,- ըսած է ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *