Արթուր Ալեքսանեան Խոր Վիրապի Մէջ Վառեց Համահայկական 7-րդ Խաղերու Երկրորդ Ջահը

Posted on June. 17. 2019

31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, Խոր Վիրապի մէջ, Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղէն՝ վառած է Համահայկական խաղերու ջահը: Այս մասին տեղեկացուցած է խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէն, հաղորդած է Armenpress.am-ը:

Այս անգամ, Համահայկական խաղերուն, նախատեսուած է վառել խորհրդանշական երեք ջահեր:

Մէկը վառուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Մուսա Լերան ստորոտին, երկրորդը` Խոր Վիրապի մէջ, իսկ երրորդը, քանի մը օրէն, պիտի վառի Արցախի մէջ՝ Տիգրանակերտ:

Օգոստոս 6-ին, Համահայկական 7-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման օրը, անոնք պիտի միանան Ստեփանակերտի մէջ՝ խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութիւն- Արցախի Հանրապետութիւն- Սփիւռք ամբողջութիւնը:

Համահայկական եօթներորդ խաղերը պիտի կայանան Օգոստոս 5-17: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *