Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան Հիւրընկալեց Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Posted on June. 17. 2019

Յունիս 14-ին, Գանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Օթթաուայի մէջ ընդունած է Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, հաղորդած է «Հորիզոն»-ը։

Դեսպանատան մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին, հիւպատոս Արա Մկրտչեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, տիկին Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գանատայի հայութեան, եւ իր ուղերձին մէջ ըսած. «Դուք միշտ եղած էք դեսպանութեան կողքին, դեսպանատան կազմաւորման առաջին իսկ օրէն։ Ես իմ կողմէ կը վստահեցնեմ, որ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի։ Կրկնակի մեծ պարտաւորութիւններ ունիմ իբրեւ առաջին կին դեսպան Գանատայի մէջ եւ յոյսով եմ, որ պատուով պիտի կատարեմ իմ առջեւ դրուած առաքելութիւնը։ Ես ձեզ իւրաքանչիւրդ կը համարեմ դեսպանութեան մէկ փոքրիկ օղակը»։

Ընդունելութեան ընթացքին, տիկին Անահիտ Յարութիւնեան ծանօթացած է գանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *