Posted on June. 21. 2019
Շուշիի հետ կնքուած բարեկամութեան հռչակագիրը օրինական է եւ ես պիտի բողոքարկեմ վարչական դատարանի վճիռը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ֆրանսական Պուրկ լը Վալանս շրջանի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէն:
14 յունիսին Պուրկ լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէ յայտարարած է վարչական դատարանին կողմէ հոկտեմբեր 2014-ին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի հետ իր ստորագրած բարեկամութեան հռչակագիրը ջնջելու որոշումը բողոքարկելու մտադրութեան մասին:
«Ես կը վիճարկեմ վարչական դատարանի մեկնաբանութիւնը, որ այս հռչակագիրը անօրինական նկատած է: Համոզուած եմ, որ ատիկա կը համապատասխանէ օրէնսդրական կարգին եւ կը յայտարարեմ, որ պիտի բողոքարկեմ դատավճիռը», ըսած է Մարլեն Մուրիէհիմք ընդունելով 5 փետրուար 2019-ին Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ընթրիքի ընթացքին հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յանձնառութիւնը, որ պետական հետապնդումներու պիտի չենթարկուին այն ծրագիրները, որոնք կը վերաբերին կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն, որոնք հռչակագիրներու ամէնէն էական մասը կը կազմեն:
Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասքալ Տոլ եւս յայտարարած է Առնուվիլի եւ Արցախի Շեխեր քաղաքին միջեւ Բարեկամութեան հռչակագիրը Ֆրանսայի դատարանին կողմէ չեղեալ յայտարարելու որոշումը բողոքարկելու մասին:
«Ասիկա մոլեռանդութեան հասնող հետապնդում է, որ ես կը դժուարանամ բացատրել, սակայն որուն սկզբնաղբիւրը ակնյայտօրէն դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ է», բացատրած է Փասքալ Տոլ:
«Յամենայն դէպս, զարմանալի է, որ ջնջման կ՛ենթարկուի բարեկամութեան մասին պարզ մէկ յայտարարութիւն եւ, մասնաւորաբար, երբ ատիկա կատարուած է տեղական մարմինի երեսփոխանի կողմէ, երկրի մը մէջ, որ խօսքի ազատութեան յառաջատարը կը նկատուի: Նշեմ, որ քաղաքական եւ դատաիրաւական նման մոլեռանդութիւնը կը գործէ միայն Արցախի դէմ», եզրափակած է Փասքալ Տոլ:
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ 11 յունիսին Ֆրանսայի Վալանս, Պուրկ լը Վալանս եւ Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու իրաւաբանական վարչութիւնները ծանուցում ստացած են, թէ Կրենոպլի վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է Տրոմի նահանգ-Արցախ, Վալանս-Ստեփանակերտ, Պուրկ լը Վալանս-Շուշի, Պուրկ տը Փէաժ-Մարտունի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագիրները:
Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակօ այդ առիթով հրապարակած էր յայտարարութիւն մը
յայտնելով, որ Ֆրանսայի եւ Արցախի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագիրներուն դէմ դատական գործերը պիտի չազդեն այն բարեկամութեան վրայ, որ երկու ժողովուրդները կը տածեն իրարու նկատմամբ եւ որ կ՛արտայայտուի հռչակագիրներուն բովանդակութեամբ:
«Ի հեճուկս ճնշումներուն, որոնցմէ բոլորս տեղեակ ենք, որ կու գան արտերկրէն` ես դարձեալ կը հաստատեմ աջակցութիւնս Արցախին, ազատ պայմաններու մէջ ընտրուած անոր իշխանութիւններուն եւ ինքնորոշման ուղեգիծին», ըսած էր Վալանսի քաղաքապետը: