«Արարատ Տան» Խնամակալներու Խորհուրդի Գործադիր Կոմիտէն

Posted on June. 21. 2019

1949-ին, իր հիմնադրուելէն ասդին Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տուն»ը իր իքնութիւնը պահպանած է որպէս ոչ-շահութաբեր, ոչ-կուսակցական, ոչ-դաւանական կազմակերպու-թիւն, որ կը տրամադրէ ապրելու աջակցութեան եւ բուժքույրական խնամքի հաստատութիւններ, հիմնականին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ համայնքի համար:

2019 թ. Ապրիլի 25-ի դրութեամբ, «Արարատ Տան» Խնամակալներու խորհուրդի Գործադիր Կոմիտէն կազմուած է Ժոզէֆ Կանիմեանէն‘ որպէս Խորհուրդի նախագահ, Ռոն Նազելիէն‘ որպէս Փոխ-Նախագահ, Ռիչըրտ Ճէպէճեանէն որպէս երկրորդ Փոխ-Նախագահ, Տէպպի Աւետեանէն‘ որպէս քարտուղար, Արթուր Զապունեանէն‘ որպէս քարտուղարի օգնական, Մայքըլ Սիւրմենեանէն որպէս Գանձապետ, Վահէ Վարդանեանէն‘ որպէս գանձապետի օգնական: Խնամակալներու Խորհուրդի մնացած անդամներն են‘ Բժիշկ Ռաֆֆի Պալեան, Բժիշկ Վաչէ Պարտաքճեան, Բժիշկ Շահէ Պօյաճեան, Փիթըր Տարաքճեան, Արմէն Համբար, Նօրա Համբար, Կերի Գալուստեան, Մակի Մանգասարեան-Կոշըն, Ռաֆի Մարտիրոսեան, Ատամնբժ. Ռոյ Մարտինեան, Բժիշկ Յարութ Մեսրոպեան, Բժիշկ Ժոզէֆ Ուզունեան, Քոհար Մարտիրոսեան Փելթըր, Պերճ Շահպազեան, Սինան Սինանեան եւ Նատիա Վիրապեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *