Փաշինեանը Նուիրատւութիւններու Նուազման Վտանգ Կը Տեսնէ՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի Գումարներու Հաւաքագրման Կառուցակազմը Չփոխելու Պարագային

Posted on June. 21. 2019

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գումարներու հաւաքագրման կառուցակազմը չփոխելու մէջ նուիրատւութիւններու նուազման վտանգ կը տեսնէ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Փաշինեանը նշեց Յունիս 18-ին տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովին ընթացքին:
«Մենք ամէն տարի կը խօսինք հաւաքագրումներու մասին: Ես կրնամ երաշխաւորել, որ այս համակարգով հաւաքագրումները անընդհատ պիտի նուազին: Մենք կրնանք վերցնել թիւեր, ուր համեմատաբար աւելի շատ հաւաքուած են գումարներ: Այդ հաւաքագրումներուն քարտէզը բանալու պարագային պիտի տեսնենք, որ ունինք դէպքեր, երբ գործարար մը նուիրաբերած է ընդհանուրի 50%-ը: Ասիկա, ի հարկէ, շատ լաւ է, եւ մենք շատ շնորհակալ պէտք է ըլլանք այդ մարդոց, բայց ահա այս կառուցուածքը այդ նուիրատուներն ալ կը մտահոգէ, որովհետեւ մարդիկ կ՝ըսենինչու ես միայնակ կրնամ 7 միլիոն տալ, ամբողջ մնացեալ հայութիւնը եւս այդքան կամ աւելի քիչ: Այսինքն մեր քաղաքականութիւնը այստեղ կ՝ապահովէ ոչ թէ անընդհատ ներգրաւուածութիւն, այլ աւելի ու աւելի քիչ շրջանակ կը ներգրաւէ այս թեմային մէջ, որ նոյնպէս կարեւոր խնդիր է»,- ըսաւ Փաշինեան:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի տարեկանժողովին կը մասնակցէին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *