Թուրքիոյ Մէջ Կը Դատեն Արատ Տինքը. Անոր Կը Սպառնայ ՄԻնչեւ 5 Տարուան Ազատազրկում

Posted on June. 29. 2019

Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի որդիինԱրատ Տինքի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է: Արատը կը դատուի այն բանի համար, որ ան ստորագրած է «Խաղաղութեան Հռչակագիր» փաստաթուղթին տակ, զոր հրապարակած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող մտաւորականները: Այս մասինկը հաղորդէ “Էրմէնի հապպեր”-ը։ Ըստ մեղադրանքին յայտարարութեան հեղինակները քարոզչութիւն կ՛ընեն Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն համար, որ Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Արատ Տինքին կը սպառնայ 1-5 տարուան ազատազրկում:
Դատական առաջին նիստի ընթացքին պաշտպանները պահանջած են արդարացնող վճիռ կայացնել, նաեւ դատարանին ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած եննշելով, որ դատաւորները կողմնակալ են: Դատարանը մերժած է միջնորդութիւնները: Նշենք, որ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւնը կը մեղադրէ 1գ128 անձեր, որոնց մէջ է նաեւ Արատ Տինք2016-ի Յունուար 11-ին հրապարակուած «Ակադեմիկոսները յանուն խաղաղութեան» ինչպէս նաեւ «Մենք այս մեղքին յանցակից չենք ըլլար» անունով յայտնի հռչակագիրներուն տակ ստորագրելու համար: Ըստ մեղադրականի, այդ հռչակագիրներուն մէջ կան Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան քարոզչութիւն ընող արտայայտութիւններ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *