Posted on July. 6. 2019
Երեսունչորս տարի առաջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտ-պանութեան ենթայանձնախումբը զեկոյց մը հաստատեց, որով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ իբրեւ ցեղասպանութեան դէպք: Մինչեւ վերջերս ՄԱԿի մէջ այլ գոր-ծունէութիւն չէ եղած այս հարցին վերաբերեալ: Անսպասելիօրէն, 25 Մարտ 2019ին զարմանալի նամակ մը յղուեցաւ Զուիցերոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ գործող ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Սատիք Արսլանի՝ՄԱԿի երեք կառոյցներու ներկայացու-ցիչներու կողմէ. անոնք են՝ Պեռնար Տուհայմ՝ Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած մարդոց հարցերով աշխատանքային խումբի զեկուցող նախագահ, Տէյվիտ Քէյ՝ Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յատուկ զեկուցող եւ Ֆապիան Սալվիոլի՝ Ճշմարտութեան, արդարադատութեան, փոխհատուցման խրախուսման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու հարցերով յատուկ զեկուցող:
ՄԱԿի միացեալ նամակին մէջ թուրք դեսպանէն կը խնդրուէր 60 օրուան ընթացքին պատասխանել հետեւեալ եօթը հարցերուն.
«1. Կը Խնդրենք տրամադրել որեւէ տեղեկութիւն եւ/կամ մեկնաբանութիւն(ներ), զորս դուք կրնաք ունենալ մեղադրանքներու վերաբերեալ. … Թուրքիոյ վերագրուող խախտումները՝ կապուած 1915-1923 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւններու, որոնք վնասած են հայ փոքրամասնութեան, եւ այդ դէպքերուն հետեւանքները՝ նշեալ բնակչութեան համար: