Posted on July. 6. 2019
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կարծիքով, արդար դատական համակարգի կայացումը, տնտեսութեան բարելաւումը, մենաշնորհներու վերացումը՝ գործնական քայլեր են, որոնք կրնան խթանել հայրենադարձութիւնը:
«Այսինքն` պետութիւնը, հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլան հայրենադարձութեան: Բացառութեամբ ուժային իրավիճակներու, եթէ Հայաստան կարենայ ապահովել լուրջ թիւերով հայրենադարձութիւն, ատիկա ինքնին կը խօսի պետականութեան կայացման, ուժեղացման, նաեւ՝ կառավարման յաջողութեան մասին:
Իսկ այս ամէնուն համար, նախ եւ առաջ, մենք պիտի դիւրացնենք հարենադարձութեան գործընթացը, վերցնենք արհեստական խոչընդոտները, բարելաւենք օրէնսդրական դաշտը: Ինչ խօսք, հայրենադարձութիւն արդէն գոյութիւն ունի, սկսած է, անիկա հսկայական ծաւալներու չի հասնիր, բայց մարդիկ կու գան, եւ իմ օրինակը կրնայ ոգեշնչել: Հայրենադարձութեան պատրաստուելու համար, պէտք է հիմնաւորապէս ուսումնասիրենք միջազգային փորձը:
Սփիւռքը կ՛ուզէ մասնակցիլ Հայաստանի կեանքին, մենք պիտի գտնենք ճիշդ, արդիւնաւէտ ճամբաները, եւ, բնականաբար, այս ընթացքին, Հայաստանի մէջ արդար, մարդակեդրոն, Հայաստանակեդրոն, քաղաքացիակեդրոն հասարակարգի ստեղծումը կարեւորագոյն նախապայման է»,- ըսած է ան «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: