Posted on July. 26. 2019
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ
Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Յուլիս 21-ին ՀՀ Վարչապետի Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այցելեր էր Մոսկուայի մէջ գտնուող առաջնորդանիստ եկեղեցիի տաճարային համալիրը։
Ըստ Ռուսաստանի հայ համայնքի լաւատեղեակ աղբիւրի մը, Սինանեանի այցի առաջին օրը տեղի ունեցաւ բուռն քննադատութիւն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի արիւնակից եղբայր՝ եւ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի գործակից՝ Մոսկուայի Արք. Եզրասին դէմ։
Հանդիպումին ընթացքին Սարովի հայ քաղաքացիները բացայայտօրէն մեղադրեցին Եզրասին եւ անոր «հոգեւորականներուն՝» հայկական եկեղեցին անձնական «բիզնես»ի վերածելու մէջ: Ուդմուրտիոյ հայ համայնքի նախագահ Մնացական Առաքելեանի խօսքերով, Ուդմուրտիոյ 5300 հայեր դիմած են Եզրասին՝ օծելու համար դեռեւս 2012թ.-ին կառուցուած եկեղեցին: Եզրասը դրած է երեք պայմաններ.
Էջմիածնի Գարեգին Բ-ն, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեան հանրայայտ են իրենց փողի եւ իշխանութեան անհագելի ախորժակի համար: Անոնք ներգրաւուած են գումարներու իւրացման եւ չարաշահումներու տարբեր գործողութիւններէ ներս, եւ յայտնի են կրօնական առաջնորդի կարգավիճակի չարաշահումով եւ խաղաղասէր քննադատ-ներու ու եկեղեցական ակտիվիստներու նկատմամբ բռնակալ վերաբերմունքով:
Ստորեւ ներկայացուած է խաղաղ քննադատողներու հանդեպ բռնութիւններու տարբեր դէպքերու մասնակի ցանկը, որոնք կը ներառեն Գարեգին Բ, Արք. Տէրտէրեանին եւ Արք. Եզրասին կարգ մը չարագործութիւնները։
Պարագայ թիւ 1. Արք. Ներսէս Պօզապալեան Գարեգին Բին ուժեղ մրցակից էր կաթողիկոս դառնալու համար: Գարեգին Ներսիսեանը, այդ ժաանակուայ Արարատեան թեմի առաջնորդն էր եւ նոյնպէս՝ կաթողիկոսութեան թեկնածու: Հրեշաւոր կերպով, 1999ի Հոկտեմբերի հայրապետական ընտրութիւններէն առաջ, Արք. Պօզապալեան մահացու ծեծի ենթարկուած է իր բնակարանին շէնքի մուտքին, Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ:
Պարագայ թիւ 2. 2018ի Դեկտեմբերին Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին դէմ բողոքի ցոյց կատարող հսկայական խումբը Էջմիածին հասած էր արտայայտելու նեխուածութեան դէմ իր ընդդիմութիւնը: Անպաշտպան եւ անզէն ցուցարարները ենթարկուեցան հանցագործներու անմարդկային բռնութիւններուն։ Այդ խուլիգանները հիմնականին մէջ եկած էին Գարեգին Բ-ի Սովխոզ թիւ 4 գիւղէն։ (Դիտեցէ՛ք SHANT NEWS-ի հեռուստատեսային զեկոյցը‘ https://youtu.be/bDSmAiaYSVQ) Յարձակողներէն շատերը Գարեգին Բ-ի հարազատներն ու կատարածոներն էին: Սովխոզ թիւ 4 գիւղը‘ Հայ Եկեղեցւոյ կոռումպացուած «հոգեւորականներու» ամենաշատ արտադրողն է: Առնուազն հինգ կոռումպացուած եպիսկոպոսներ կան այդ գիւղէն, որոնք հայ եկեղեցւոյ առաջատար դիրքերու վրայ են, Սովխոզ թիւ 4 գիւղէն են նաեւ Արեւմտեան Թեմի Քհն. Մանուկ Մարգարեան, անոր եղբայրը եւ ընտանիքի միւս անդամները, որոնք դարձած են անբաժան մասնիկը Հայ եկեղեցիէն ներս նեխուած «հոգեւորականներու» խումբին ներառեալ՝ Մոսկուայի Եզրաս Արքեպիսկոպոսը:
Նկատի առնելով, որ Էջմիածնի մէջ հակագարեգինեան ցուցարարներու թիւը մեծ էր, Գարեգին Բ-ն ոստիկանութեան կանչեց զանոնք ցրելու համար: Խաղաղ ցուցարարները Էջմիածնի մէջ կոռումպացուած ոստիկանութեան անտարեբեր աչքերուն առջեւ, ենթարկուեցան Գարեգին Բի կատարածոներու կողմէ ֆիզիքական բռնութեան: (Ակնյայտ է, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը պէտք է ընդլայնէ իր նեխուածութեամ վերացման արշաւի շրջանակները Էջմիածնի Ոստիկանութեան վարչութիւնը ներառելու համար):
Պարագայ թիւ 3. Նման մարտավարութիւն կիրառուած է Արք. Եզրասի կողմէ Մոսկուայի մէջ, ուր Եզրաս բազմաթիւ Գարեգին Բ-ի եւ իր հակառակորդ ցուցարարներուն դէմ սուտ ամբաստանութիւններ կատարեց Ռուսիոյ ոստիկանութեան մօտ: Եզրասի սուտ մեղադրանքներուն պատճառով ոստիկանութիւնը`
խաղաղ ցուցարարներուն անարդարօրէն արգելափակած է, սակայն յետագային իմանալով սխալը ազատ արձակած է զանոնք:
կարծում եմ, Հայաստանի Ազգային Անվտանգության ծառայությությունը պետք է օգնի իշխանություններին ճշտել հոդվածում բերված փաստերը համապատաս-խան եզրակացություն անելու համար…