Սկսած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարի Աշխատանքային Այցելութիւնը Աւստրալիա

Posted on August. 2. 2019

Սկսած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցելութիւնը ԱւստրալիաԱւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով: Պատուիրակութեան կազմին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հետ: Կիրակի, 28 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեանի հետ: Նոյն օրը Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պատուիրակութեան անդամներուն հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ. հանդիպումին ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները: Այս շրջագիծին մէջ ան կարեւոր նկատած է հայկական սփիւռքի ներդրումը երկրորդ հայկական պետութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթներուն: Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանած են ձեռնարկի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: Հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Հայկ Գայսերեան:Սկսած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցելութիւնը Աւստրալիա Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հետ:
Կիրակի, 28 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեանի հետ: Նոյն օրը Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է պատուիրակութեան անդամներուն հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ. հանդիպումին ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները:
Այս շրջագիծին մէջ ան կարեւոր նկատած է հայկական սփիւռքի ներդրումը երկրորդ հայկական պետութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթներուն:
Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանած են ձեռնարկի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: Հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Հայկ Գայսերեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *