Կեանքի Քաղաք Երեւան. Իսրայէլեան Հեռուստաալիքը Հայաստանի Մասին Տեսանիւթ Հրապարակած է

Posted on August. 9. 2019

Իսրայէլի «Ռեշետ 13» հեռուստաալիքը Հայաստանի մասին հրապարակած է եբրայերէն տեսանիւթ մը։
Ըստ Armenpress.am-ի՝ տեսանիւթը կը սկսի Գառնի այցելութեամբ, ուր կը ներկայացուի հեթանոսական տաճարի պատմութիւնը: Շրջայցը կ՝ուղեկցուի տաճարին մէջ հնչող տուտուկի ելեւէջներով: Կատարումով հիացած հաղորդավարուհին կ՝օգտագործէ տուտուկ նուագել փորձելու հնարաւորութիւնը:
Տեսանիւթին խումբը կ՝այցելէ նաեւ «Վերնիսաժ», ուր առանձին կ՝անդրադառնայ մուտքին մօտ գտնուող ցայտաղբիւրին: Երաժշտական գործիքներուն վերաբերեալ նիւթը կը շարունակուի նաեւ «Վերնիսաժ»-ի մէջ՝ կեդրոնանալով ձեռագործ աշխատանքներու, յատկապէս գորգերու վրայ:
Հայկական բերք ու բարիքին, համեղ ուտեստներուն հաղորդավարուհին կը ծանօթանայ երեւանեան շուկաներէն մէկուն մէջ համտեսելով աւանդական լաւաշը, պանիրներու տեսականին, միրգն ու բանջարեղէնը:
Յաջորդ կանգառը երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու սիրելի վայրերէն է՝ Քասքատը, որ մանրամասն կը ներկայացուի տեսանիւթին մէջ: Նկարահանող խումբին անդամները, այս անգամ, իրենց ունակութիւնները կը փորձեն պարի ասպարէզին մէջ: Անոնց կը միանայ հայկական աւանդական պարը ներկայացնող պարախումբը եւ Քասքատի տարածքին կ՝ապահովէ հաճելի միջավայր:
Տեսանիւթը կ՝աւարտի երեկոյեան զբօսանքով՝ Հիւսիսային պողոտայ եւ Հանրապետութեան հրապարակ:
Հաղորդավարուհիին կ՝ուղեկցի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *