Posted on August. 16. 2019
Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը կրօնական ազատութեան դէմ բռնաբարում եւ հայոց իրաւունքներուն դէմ խախտում նկատած էր հայոց պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ գործադրուած արգելքը: Այս կերպով սահմանադրական ատեանը բացէ ի բաց դիրք գրաւած էր պետութեան դէմ: Այս որոշումը այժմ հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ եւ պաշտօնապէս ի զօրու դարձած եղաւ շատ կարեւոր վճիռ մը, որ նոր լոյս կը սփռնէ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ հարցին վրայ: Սահմանադրական ատեանը իր որոշումը ու որոշումին պատճառաբանութիւնը հրապարակեց մանրամասնեալ կերպով:
Յայտնի կը դառնայ, որ սահմանադրական ատեանը այս հարցը քննարկած է երբեմնի նախաձեռն արկ մարմինի անդամներէն Լեւոն Գուզիկօղլուի ու Կարպիս Պալմումճուի ստորագրութիւններով կատարուած դիմումին վրայ: Ատեանը իր պատճառաբանեալ որոշումին մէջ դիտել կու տայ, որ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի 1863 թուականի Հայոց Սահմանադրութեան կարգ մը յօդուածներուն համաձայն ու անոնց լոյսին տակ պետութեան տուած արտօնութեամբ, բայց պետութիւնը չի կրնար միջամտել, արգելք ըլլալ կամ նոր ձեւ ստեղծել հայոց պատրիարքի ընտրութեան առնչութ եամբ:
Ըստ սահմանադրական ատեանի որոշումին, պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ դրուած արգելքը, նաեւ հոգեւորականի մը պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուիլը ու այդ անձին երկար ժամանակ այս պաշտօնին վրայ մնացած ըլլալը, կը խախտէ միւս հոգեւորականներուն, նաեւ աշխարհականներուն կրօնական ազատութիւնը: Կարճ խօսքով, սահմանադրական ատեանը յստակ կերպով յայտարարած է, որ պետութիւնը չի կրնար միջամտել պատրիարքի ընտրութեան եւ չի կրնար նաեւ անտեսել Հայոց Սահմանադրութեան կողմէ պատրիարքի ընտրութեան մասին ընդունուած կանոնները: Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի հայոց աւանդութիւններուն ու կանոններուն համաձայն:
Լեւոն Գուզիկօղլու հաստատեց վերոյիշեալ տեղեկութիւնները եւ յայտնեց, որ այս շատ կարեւոր որոշումը ի վերջոյ հրատարակուած է պաշտօնաթերթին մէջ: Ըստ առաջին տպաւորութեան, սահմանադրական ատեանին այս որոշումը պատմական արժէք կը ներկայացնէ ու կը վերականգնէ Հայոց Սահմանադրութեան կողմէ ընդունուած այն չափանիշերը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կþանտեսուէին պետական շրջանակներու կողմէ:
Տակաւին շատ կանուխ է խօսելու համար սահմանադրական ատեանի այս որոշումին եւ անոր
մանրամասնութիւններուն մասին, բայց հիմա շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ պետական իշխանութիւնները ինչպիսի՛ դիրքորոշում մը պիտի ընդունին պատրիարքական ընտրութեան հարցին մասին, որ արդէն գործընթացի մէջ մտած է տեղապահի մը ընտրութեամբ: