Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ. Արեւմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարարական կառոյցներու ղեկավարութեանց միջեւ ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականը գործի վերածուեցաւ:

Posted on August. 24. 2019

Վերջին տարիներուն, Արևմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական և հասարակական կառոյցներու ղեկավարութիւնը, իրականացուցած է հեզասահ և առողջ համագործակցութեան միջավայր մը, եւ միասնական ոգիով ծրագրած է ու գործած, դիմագրաւելով հայ համայնքին վերաբերող տարատեսակ մարտահրաւէրներ:
Այս գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն հանդիսացած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համագաղութային ճիգերն ու միջոցառումները, որոնց կազմակեր-պական աշխատանքներուն ընթացքին արձանագրուած են համագործակ-ցութեան եզակի ու յաջող պատմական հանգրուաններ:
Հարիւրամեակի աշխատանք-ներուն զուգահեռ ու անոնցմէ ետք, զանազան առիթներով և մասնակի յանձնարարութիւններով ստեղծուած գործադիր յանձնախումբեր եւս, ողջունելի աւանդ մը ստեղծած են, ապացուցելով համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Բացայայտ իրողութիւն է, որ օրէ օր քանակականօրէն կ‘աճի Արևմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, և որակականօրէն կը զարգանայ հայ համայնքի հաւաքական կարողա-կանութիւնը: Այս իրողութեան առընթեր, բնականաբար կը բազմապատկուի հայ համայնքի հաւաքական շահերը պաշտպանելու և անոր հաւաքական դիմագիծը արտա-յայտելու կարեւորութիւնը:
Հետեւաբար, մինչև օրս վերոյիշեալ հաւաքական աշխատանքի յաջող ու դրական արդիւնքներէն քաջա-լերուած, ինչպէս նաև՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականի թելադրութենէն մղուած, եւ հայութեան ուժի հաւաքագրումը նկատելով անհրաժեշտ, Արևմտեան Ամերիկայի տարածքին գործող և գործակցութեան աւանդ ստեղծած ստորագրեալ կառոյցները համախմբուելով, որոշեցին կազմել համայնքի հաւաքական շահերը հետապնդելու ձգտող և միասնական ճիգերը համադրող ղեկավար խորհուրդ մը, որպէսզի հիմքը դրուի ապագայի գործակցութեան նոր էջի մը:
Խորհուրդը կը կոչուի Արևմտեան Ամերիկայի Համահայ-կական Խորհուրդ (Pan-Armenian Council of Western USA).
Խորհուրդին անդամ դառնալու կը հրաւիրուին համայնքի այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել այս հաւաքական ճիգին, և իւրաքանչիւրը ունի նուազագոյնը 300 գործօն անդամ:
Խորհրդակցական բնոյթ ունեցող այս խորհուրդին որոշումները պարտադիր չեն անոր անդամ կազմակեր-պութեանց: Ուստի, անոր գոյութիւնը մասնակից կազմակեր-պութեանց գործունէութեան վրայ ոեւէ իշխանութիւն չունի:
Խորհուրդը կ‘առաջնորդուի առաւելագոյն մասնակ-ցութիւն ապահովելու սկզբունքով և միշտ կը պահպանէ համախոհութիւն յառաջացնելու սկզբունքը: Առաւել ևս, ստորագրեալ կառոյցները յանձնառու են գործել իրարու հանդէպ փոխադարձ յարգանքի և զիջողութեան հասկա-ցողութեամբ:
Խորհուրդի առաքելութիւնն է`
գ Համա-համայնքային բնոյթի աշխատանքներ ծրագրել և համադրել:
գ Հայութեան հաւաքական շահերն ու համայնքի հայութեան իրաւունքները յառաջ տանող աշխատանքներ քաջալերել:
գ Հայկական հաւաքական շահերուն և իրաւունքներուն սպառնացող միտումները հակակշռող քայլերու նախաձեռնել:
գ Առաւելագոյն չափով հաւաքագրել համայնքի հայութեան ներուժը, ներառելով համայնքի բոլոր հայկական ուժերը, յանուն համայնքի բարօրութեան ու Հայաստանի և Արցախի զարգացման:
գ Միշտ հետամուտ ըլլալ համայնքային կեանքի առողջ պահպանման:
Խորհուրդի աշխա-տանքներուն պարբե-րաբար կը հրաւիրուին համայնքէն ներս գործօն և ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող ազգայիններ, որոնք իրենց մասնագի-տական թէ այլ առաւելու-թիւնները, պատրաստ կ‘ըլլան ի սպաս դնելու վերոյիշեալ աշխատանքներուն և նպատակներուն յաջո-ղութեան համար:
Խորհուրդի անդամ չեղող կազմակերպութիւններ կամ անհատ հայորդիներ եւս վերոյիշեալ հաւաքական ճիգէն անմասն չի ձգելու նպատակով, տարին առնուազն մէկ անգամ կամ աւելի (ըստ կարիքի և յարմարութեան) ու նախապէս որոշուած օրակարգով, Խորհուրդը կը նախաձեռնէ հաւաք-համագումարներու, որոնց կը հրաւիրուի համայնքի հայութիւնը, հաւաքական ծրագիրներու և նիւթերու ուղղութեամբ իր կարծիքները լսելի դարձնելու և իր ներդրումը բերելու:
Հիմնուելով վերոյիշեալ տրամաբանութեան, տեսլա-կանին, և նպատակներուն վրայ, Արևմտեան Ամերիկայի հայ ազգային և համայնքային իրականութեան մէջ, այսու կը յայտարարենք գործակցութեան և միասնութեան նոր էջի մը մեկնարկը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ
Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու Արեւմ. Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիս.Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր
Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն,
Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային
Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ
Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացեալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար,
Արեւմտեան Շրջանային Գրասենեակ
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Միութիւններու անդամներու թուաքանակի աղիւսակը՝ էջ 5

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *