Posted on October. 13. 2019
Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող վեթերաններու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ախուրեանցի ըմբիշ Լեւոն Գեղամեան նուաճեց ախոյեանի կոչումը:
88 քկ դասակարգին մէջ, Գեղամեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 41-45 տարիքի Բ. դասակարգի մրցումներուն, իր կատարած երեք ճակատումներուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Գեղամեան այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ վեթերաններու ախոյեան: