«Արքայակերտ»ներու Օրակարգը. Կորսուած Վստահութեան Վնասները

Posted on October. 26. 2019

ԳՐԵՑ՝ ԴՈԿՏ. ՓՐՕՖ. Զ. Ս. ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Մրցանակակիր հեղինակ եւ Քաղաքագիտութեան Դասատու՝
ԱՄՆ Լոնկ Պիչի համալսարանէն ներս

«Աւելի լաւ է ձախողել պատուով,
քան հաջողիլ կեղծիքի միջոցով»:
Սոֆոկլես

Հակառակ այն հանգամանքին, որ բազմաթիւ սփիււռքահայեր նախանձախնդրօրէն կոչ կ՛ընէին եւ իրենց բողոքը եւ ընդդիմութիւնը կը բարձրաձայնէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA-WR) վերջերս «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը շնորհեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին:
Հոյակապ շքեղութեամբ եւ հանդիսութեամբ այս իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ ANCA-WR 2019 ամենամեայ ընթրիքին՝ Կիրակի, 2019 Հոկտեմբեր 20-ին:
Անտեսելով բազմաթիւ հայերու աղաղակող առարկութիւնները‘Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախում (ANCA-WR)-ն պատուեց Արք. Յովնան Տէրտէրեանին պարգեւով մը, որով անոր կը դասէ հայ մեծ հոգեւորականներու շարքին: Ինչպէս բոլորս գիտենք, «Խրիմեան Հայրիկ»ի պատւոյ գիրը արժանիքի հեղինակաւոր շնորհակալագիր է: Անկեղծօրէն՝ յայտարարութիւնը զարմանալի էր ինծի համար, քանի որ Արք. Յովնան Տէրտէրեան ձեռնամուխ եղած է վիճայարոյց խնդիրներու մէջ, որ կþենթադրէ չարաշահումներու լուրջ մեղադրանքներ: Աւելին, ան չէ փորձած մաքրել իր հեղինակութիւնը մի քանի տարի առաջ բռնկուած ամբաստանութեանզ տեղատարափ սկզբէն ի վեր:
Ինչպէս ես իմ վերջին յոդուածին մէջ ըսած եմ, ես կողմ կամ դէմ չէմ հայ Առաքելական հոգեւորականներէն որեւէ մեկուն: Ես որեւէ մեկու ապօրինութիւններու ապացոյց չունիմ: Հետեւաբար, ես կը խուսափիմ անոնցմէ որեւէ մեկուն դատել: Սակայն, հայկական մի շարք ԶԼՄ-ներ (այսինքն՝ լրատուական թերթեր, ամսագրեր, հեռուստաընկերութիւններ եւ մասնաւորապէս «USA Armenian Life Magazine» եւ անոր հայերէն տարբերակ «Հայ Կեանք» հրատարակութիւնը) հրապարակած են զգալի թիւով նամակներ՝ խմբագրին, մեկնաբանութիւններ եւ յօդուածներ, որոնք կը պնդեն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մեր բարձրաստիճան հոգեւորականներէն ոմանց հանցանքները:
Բնականաբար, եթէ դուք կարկամած, գուցէ եւ բաց թողած էք այն խիստ, բայց օբյեկտիվ կերպով տպաւորիչ, խմբագրական յօդուածները, որոնք գրուած են USA Armenian Life Magazine եւ հայալեզու «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթերու գործադիր հրատարակիչ եւ գլխաւոր խմբագիր պարոն Աբօ Չափարեանի կողմէ: Ան բացայայտած է մեր որոշ հոգեւորականներու սխալ վարքագիծերու մեծ մասը իր բարձրակարգ արհեստավարժ («պրոֆեսիոնալ») հետաքննող լրագրութեան միջոցով: Պրն. Չափարեան կը գրէ կատաղի ազնւութեամբ՝ առանց ծածմելու իր խօսքերը: Ան միշտ թիրախաւորած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, որոնք կորսնցուցած են իրենց բարոյականութիւնը իրնց անձնական շահերու համար եւ ի վնաս հայ ազգին: Երբ ամեն բան ըսուի եւ կատարուի, անոր կը յիշեն որպէս խաչակիր՝ ընդդէմ նեխած («կոռումպացուած») հայ հոգեւորականներու: Մասնաւորապէս երեք բարձրաստիճան անձինք մեղադրուած են հանցանքներու մէջ: Անոնց շարքին է Արք. Յովնան Տէրտէրեանը:
Աս պարագային մէջ նպատակը Արք. Տէրտէրեանին վհուկացնել չէ, այլ ցոյց տալ, որ մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի չքաղաքականացնենք «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակը՝ զայն յանձնելով մէկու մը, որուն բարոյական վիճակը դեռ շատերու կողմէ վիճայարոյց կը նկատուի:
Որպէս մտահոգ սփիւռքահայ, ես կը ցանկամ մեկնաբանել ANCA-WR-ի բարոյականութիւնը, հնարաւոր դրդապատճառներն եւ «Խրիմեան Հայրիկ»ի մրցանակով պատուելու վստահութեան արժեքը այն մարդուն, որ այժմ կը մեղադրուի չարաշահումներու լուրջ մեղադրանքներու մէջ: Հետեւաբար, իմ քննարկման առանցքի մէջ պիտի ըլլայ մրցանակները տուողները, փոխանակ պատւոյ մրցանակ ստացողը:
Եկէք սկսինք ծանօթանալ «արքայակերտման» գաղափարին եւ գործելափեւին: “Kingmaker” «արքայակերտում» բառը առաջին անգամ ստեղծուած է Անգլիոյ մէջ դեռ վաղ 16-րդ դարու մէջ: Ան կþօգտագործուի նկարագրելու մէկուն, որ չէր կրնար թագաւոր դառնալ, քանի որ արքայական արիւն չունէր, բայց ունէր բաւականաչափ ֆինանսական եւ սոցիալական ոյժ՝ ստեղծելու հանգամանքներ եւ իրադարձութիւններ, որոնք կրնային դրականօրէն ազդել արքայական գահին բարձրանալու եւ այնտեղ մնալու կարողութեան վրայ:
Պատմութիւնը կը պատմէ մեզի, որ «արքայակերտ» տերմինը սկզբնապէս կիրառուել է Անգլիոյ Ուորվիքի 16-րդ կոմս Ռիչարդ Նեւիլի մակիավելեան գործունեութեան համար, որ «Վարդերու պատերազմի» (1455-1487) ընթացքին ստացած էր ««Ուորվիքի արքայակերտ» անունը: Ռիչարդ Նեվիլ անգլիացի պետական գործիչ էր: «Վարդերու պատերազմի» ժամանակ ան նախ կը պայքարէր Եորքի իշխանութեան համար եւ ապահովեց Էդվարդ IV- ի գահը: Աւելի ուշ ան փոխեց պայքարի կողմը եւ կռուեցաւ Լանքասթըրի իշխանութեան համար եւ ապահովեց Հենրի VI- ի գահը (1428-1471): Որպէս «Խորամանկ Աղուես», արդարացիօրէն կրնանք որակել անոր կերպարը։ Շարունակաբար, արքայակերտները կþօգտագործէին քաղաքական, դրամական, ռազմական եւ կրօնական միջոցներ՝ իրաւայա-ջորդութեան վրայ ազդելու համար:
Մեր ժամանակներուն մէջ «արքայակերտող» բառը պահպանած է գրեթէ նոյն իմաստը. Ան անձնաւորութիւն մըն է, ով կþաշխատի գուլիսներու ետեւ, որպէսզի իր մեծին իշխանութեան հասցնէ քաղաքական ազդեցութեան միջոցով: Հիմնականին մէջ քաղաքական ղեկավարները ունին «արքայա-կերտներ» եւ թաքուն գործիչներ, որոնք կը զբաղուին ստոր գործողութիւններով՝ իրենց կողմէ հաստատուած թեկնածուներէ փոխադարձ օգուտ ստանալու համար:
Կþըսեն՝ իւրաքանչիւր յաջողակ հանրայայտ անձի, գործարարի, քաղաքական գործիչի, մարզիկի կամ հասարակութեան աչքի առջեւ յայտնուած իւրաքանչիւրի համար, ով իր բնագաւառէն ներս «հարուստ եւ յայտնի» դարձած է, գոյութիւն ունի «արքայակերտ» մը, որու մասին քիչերը գիտեն, որ քրտնաջան կþաշխատի ետնամասէն (վարագոյրին ետեւէն) այդ ամենն իրականութիւն դարձնելու համար: Զուարճանքի արդիւնաբերութեան (entertainment industry-ի) մէջ, յատկապէս Հոլիվուտի մէջ, «արքայակերտը» յայտնի է որպէս «գործակալ» մը, առանց որու դերասանը, ֆիլմարտադրիչը, բեմադրիչը կամ որեւէ մէկը չէին կրնար անգամ փոքր առիթն ունենալ յաջողութեան հասնելու համար:
Ի դէպ, արքակերտութեան «արհեստը» պէտք է որ գոյութիւն ունենած ըլլայ մարդկութեան սկիզբէն ի վեր: Կազմակերպուած կրօն, խմբակային որս եւ հաւաք, հողագործութեան մէջ ջրանցքներու կառուցում ոռոգման համար, շինութիւններու մէջ ապաստարաններ, լեռնային ճանապարհի սալայատակի կառուցում, ցեղախումբերու թշնամիներէն պաշտպանութիւն եւ այլն. Այս ամենն հայկական լեռնաշխարհի մէջ ի սկզբանէ կը պահանջէր առաջնորդի ընտրութիւն, որոնք կը ղեկավարէին իրենց ծրագրերը եւ կ՛ապահովէին աշխատանքի բաժանումը: Այսպիսով, տոհմապետին ընտրելու անհրաժեշտութիւնը (որ յետագային յայտնի դարձաւ ժամանակակից աշխարհի մէջ որպէս թագաւոր, նախագահ, վարչապետ եւ այլն), արքայակերտման հնարաւորութիւն ստեղծեց: Խումբի մէջ ինչ-որ մէկը բարձրացաւ եւ օգնեց ուրիշ մէկու մը՝ դառնալու խումբի ղեկավարը: Յետագային, ի հարկ է, ժառանգականութիւնը մեծ դեր ունեցած է այն անձի ընտրութեան մէջ, թէ ով պէտք է ղեկավարեր խմբաւորումը կամ դառնար յաջորդ տիրակալը, թագաւորը կամ նախագահը:
Այն ժամանակ, ինչպէս եւ հիմա, «արքայակերտողը» իր օրակարգին մէջ ունէր երեք հիմնական նպատակ՝ փնտրել հնարաւոր թեկնածուներ, հարթել անոնց ճանապարհը դէպի իշխանութիւն եւ նոր առաջնորդին օգտագործել կ՛ամ անձնական ծրագիրները խթանելու, կ՛ամ ազգային նպատակներն ու խնդիրները առաջ տանելու համար: Հայկական լրատուամիջոցները կը նշէին, որ ANCA-WR-ի մէջ մի քանի անհատներ եղած են, որոնք մեծ դեր ունեցած են Արք. Յովնան Տէրտէրեանը պատուելու գործին մէջ: Անոնց շարքին ակնառու էին տիկին Նօրա եւ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Կը թուէր, թէ անոնք ջանասիրաբար աշխատած են Արք. Տէրտէրեանի վարկազրկուած կերպարը վերակենդանացնելու համար:
Հակառակ որ Արք. Տէրտէրեան ներկայիս բազմաթիւ լուրջ յանցագործութիւններու մէջ մեղադրանքներու թիրախ է, հիմնականին մէջ, Յովսէփեան զոյգը եւ անոնց համախոհները, որոնք առաջարկած էին այս պարգեւատրումը, ըստ երեւոյթին, արքայակերտողներ կþըլլան, եւ պարգեւատրուողն ալ, բնականաբար, պիտի փոխհատուցէ իրեն տրուած ուժին համար: Կը ստացուի՝ «Դու քորէ իմ մեջքը, եւ ես ալ կը քորեմ քոնը»: Սա Մաքիավելիզմի կոպիտ արարք մըն է ՝ անկախ անկէ, թէ ո՞ր անկիւնէն կը նայինք ատոր:
Ինչպէս գիտէք, Մաքիավելիզմը միշտ կþիրականացուի ստվերի մէջ, եւ խարդաւանքի արդիւնքը յաճախ զարմանալի կþըլլայ: Ինչպէս շատերուն ծանօթ են, Նիկոլո Մաքիավելիի «Իշխան»-ի մէջ վերլուծուած կառավարման սկզբունքները, որտեղ քաղաքական նպատակայարմարութիւնը վեր դրուած է բարոյականութենէն, իսկ հեղինակութիւնը / իշխանութիւնը պահպանելու եւ առաջնորդի քաղաքականութիւնը իրականացնելու արուեստը եւ խաբէութեան գործածումը լիովին նկարագրուած է:
Փաստօրէն, Մաքիավելին կը պաշտպանէ այնպիսի կանօններ, որոնք կը բնութագրուին նուրբ կամ անբարեխիղճ խորամանկութեամբ, խաբէութեամբ, նպատակայարմարութեամբ կամ անազնւութեամբ: Մենք կþըսենք, որ աս մէկը դիմած է մաքիավելեան քաղաքականութեան‘ յաջողութեան հասնելու համար: Հիմնականին մէջ, ան կը ներառէ քաղաքական կեղծիքի մեթոտ:
Ամիսներ անց, Տէրտէրեանի կողմէ կատարուած ենթադրեալ հանցագործութիւններու բացայայտման մասին հաւաստի աղբիւրներու մեկնաբանութիւններէն եւ յօդուածներէն յետոյ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումը պէտք է որ ունենար թաքնուած պատճառ, որպէսզի ընտրէր Արք. Տէրտէրեանին «Խրիմեան Հաիրիկ» մրցանակին արժանացնելու համար: Այս հանգամանքներու մէջ միանգամայն բնական է կասկածիլ արարքի անկեղծութեան վրայ, որ ոչ աւելի, ոչ պակաս, քան Մաքիավելիզմ է:
«Արքայակետում» կատարողները ակամայ թեկնածուներ չեն ընտրեր: Յաճախ «արքայակետման» ժամանակ լուռ դաւադրութիւն կþըլլայ, երբ մարդ օժտուած չըլլար բարձր արժանիքներով կամ պատուով: «Արքայակետում» կատարողը կþակնկալէ իր ջանքերու փոխհատուցում (այսինքն ՝ Ներդրում, այսպէս ըսած), որպէսզի մարդուն տրամադրէ բարձր պաշտօն կամ մրցանակ: Փոխհատուցումը կրնայ ըլլալ ոչ միայն դրամական, այլ օրինակ՝ «թագադրուող թագաւորի» հաւատարմութիւնը կամ անոր թշնամու նկատմամբ գերակայութիւն, անձնական յառաջխաղացում: Բոլոր այս թուարկուածները կրնան խթանել «Արքայակետում» կատարողին, որպէսզի թեկնածուն ստանձնէ բարձր պաշտօն կամ դիրք: Հոգ չէ թէ քաղաքականութիւնը «հնարաւոր»ի իրատեսութեան արուեստն է, ան պէտք չէ ըլլայ աղտոտ մասնագիտութիւն:
ANCA-WR- ի «արքայակերտումը» կրնայ է բխիլ հայ ժողովուրդի կարեկից ոգիէն՝ նուիրուած հոգեւորականին պատուելով: Բայց հասարակութիւնը քարէ դարու մէջ չապրիր: Մարդոց մեծամասնութիւնը անտարբեր չէ համայնքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Հիմա արդեն մարդիկ գիտեն, որ Արք. Տէրտէրեանին դէմ մեղադրանք կայ շարք մը լուրջ օրինախախտումներու համար: Այնուամենայնիւ, ANCA-WR-ն պնդեց պարգեւատրել Արք. Տէրտէրեանին եւ այս նպատակի գործադրման ընթացքին հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներու վստահութիւնը կորսնցուց:


Մէկ խօսքով, վստահութեան գինը վստահութեան կորուստն էր: Վստահութիւնը ամեն ինչ է անձի, խումբի կամ կազմակերպութեան համար: Վստահելիութիւնը (այսինքն՝ վստահուած ըլլալու եւ ատոր հաւատալու որակը) կառուցուած է «վստահութեան» դանդաղ անիւներու վրայ (այսինքն՝ երաշխաւորուած կախուածութիւն մէկու մը կամ բանի մը բնոյթէն, կարողութիւններէն, ուժէն կամ ճշմարտացիութենէն): Երբ մարդիկ սկսին անվստահութիւն ցուցաբերել, վստահութիւնն անմիջապէս կ՛անհետանայ: Հետեւաբար, յուսալիութիւնը կախուած է վստահութեան առկայութենէն: Վստահութիւնը ներդրումն է մարդու վերաբերմունքի մէջ, իսկ յուսալիութիւնը՝ ատոր արդիւնքը: Շատ մարդիկ կորսնցուցին վստահութիւնը ANCA-WR-ի նկատմամբ՝ անոր մաքիավելեան մարտավարութեան համար, որ ցուցաբերած է մեղադրեալ հոգեւորականի պատուին, նախքան անոր անմեղութեան հաստատումը: Նման սխալ մեծ վնաս կը հասցնէ իր՝ (ANCA-WR-ի) հեղինակութեան, երբ հարցականի տակ կը դրուի մարդոց ամուր հաւատը իրենց առաջնորդներու ազնւութեան կամ բնոյթի (այսինքն՝ յուսալիութեան) նկատմամբ:
Վստահելիութիւնը եւ վստահութիւնը կամ վստահուածութինը նոյն մետաղադրամի երկու կողմերն են: Յետոյ, վստահելիութիւնը ինչպէ՞ս կապուած է վստահութեան հետ: Յուսալիութիւնը կը կարեւորուի այն աստիճանին, որով կարելի է վստահիլ մարդուն՝ ե՛ւ իր արարքներով, ե՛ւ իր խօսքերով: Միւս կողմէ, վստահելիութիւնը կապ ունի ոչ թէ մէկի յուսալի ըլլալուն, այլ մարդոց ընկալման՝ ձեր վստահելի ըլլալու վերաբերեալ: ANCA-WR-ի ղեկավարները կրնան ըլլալ վստահելի, բայց եթէ անոնք չարժանանան վստահութեան, մարդիկ միեւնոյն է չեն վստահիր անոնց: Որպէս հակապատկեր, մէկը կրնայ լիովին անազնիւ ըլլալ, բայց կրնայ թուալ վստահելի եւ, հետեւաբար, կրնայ ապահովել մարդոց վստահութիւնը:
Անկեղծութիւնը, համամարդկային արժեքի առաքինութիւնը, «արքայակերտում» իրականացնողի հաշուարկի մէջ չի մտներ: Թեկնածուին պաշտօն կամ պատիւ առաջադրելու հագամանքը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է քաղաքական մարտավարութեան վրայ: Որպէս այդպիսին, գործընթացը հիմնականին մէջ մաքիավելեան է: Այլ կերպ ըսած, նեխածութիւնը («կոռուպցիան») կþօգտագործուի գործընթացի իւրաքանչիւր փուլի մէջ, երբ մէկ մը «կը թագադրէ» մէկ ուրիշին որեւէ պաշտօնով կամ կոչումով:
Միշտ առողջ վերաբերմունք ունեցած եմ մեր երեք աւանդական քաղաքական կազմակերպութիւններու նկատմամբ: Ատոնք բոլորն ալ բարի մտադրութիւններ ունեցած են հայ ազգի համար եւ քրտնաջան աշխատած են իրենց հայրենակիցներու ի նպաստ վեհ նպատակներ իրականացնելու համար: Ամեն պարագային, ես տարիներ շարունակ խոր յարգանք տածած եմ ANCA-WR-ի նկատմամբ, հակառակ այն բանին, որ «Ազգային»-ը ներառուած էր իրենց կազմակերպութեան անուան մէջ՝ առանց իմ քվէարկութեան, որպէս Հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչ-անդամ:
Այս բոլորէն վերջ, ANCA-WR- ի ղեկավարները պիտի հրճուին այնպիսի «յաջողութիւններով» որոնք առնչուած են լուրջ հանցանքի մէջ մեղադրուող մարդուն որպէս «արքա» օծելու գործին մէջ: Թերեւս անոնք զերծ մնային ակնյայտ սխալ գործելէ մեր սիրելի Խրիմեան «հայրիկի» անունը նսեմացնելով՝ իր անունով պարգեւը յանձնելով հոգեւորականի մը, որ հրապարակաւ կը մեղադրուի սարսափելի հանցանքներու եւ լուրջ մեղադրանքներու մէջ: Վստահութեան կորուստը մեծապէս պիտի ազդէ անոնց կերպարի եւ նախագծերու վրայ: Մեր վստահութիւնը կրկին ձեռք բերելու համար, ANCA-WR յանձնաժողովի անդամները պէտք է հետեւին իմ՝ ծերուկիս այս փոքրիկ խորհուրդին. «Շիտակ գործէ», նոյնիսկ եթէ դու պարտութիւն կրես, քան որ, եթէ «սխալ» գործես, թեկուզ եւ յաղթես, եթէ կþուզես, որ մարդիկ շարունակեն յարգել քեզ եւ եթէ կþուզես խուսափիլ սուղ գին վճարելէ, վստահութիւնը կորսնցնելու պատճառով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *