Posted on October. 26. 2019
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 23, 2019ին, Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեանն եւ Մանուկ քհն. Մարգայեանը դարձեալ դատարան դիմած էին որպէսզի դիմացինի դատական ծախսերու հատուցման գումարը պակսեցուի դատաւորին կողմէ։ Դատավարութիւնը կայացաւ եւ դատաւորը վերահաստատեց իր վճիռը եւ վերահրահանգեց որ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանը եւ իր կցորդ Մարգայեանը վճարեն Պր. Տաղլեանի բոլոր դատական ծախսերը։
Այս նորագոյն դատարանի որոշումը կը հաստատէ, որ «հաշիւի առնելով բոլոր համապատասխան գործօնները, Դատարանը կը գտնէ, որ ողջամիտ փաստաբանի վճարները, որոնք պաշտպան կողմը յառաջացուցած են, գրաւոր վարձակալութեան վերաբերեալ համաձայնագրերու առկայութիւնը ապացուցելու համար», եւ որ իրաւական դատաքննութեան ընթացքին պաշտպան կողմի (Տաղլեաններու) կրած ծախսերը. Նախաքննութիւնը (ներառեալ յայտնագործութիւն); Փաստաբանի ընդհանուր վճարները. «պաշտպան կողմի ձեռագիրի փորձագէտ-մասնագէտի ծախսերը նոյնպես կը շնորհուին որպէս այդ համաձայնագրի գոյութիւնը ապացուցելու համար ծախսուած գումարներ»:
Դատավճիռը շարունակեց. «Համապատասխանաբար, պաշտպան կողմին կը վճարուի ընդհանուր գումարը… փաստաբանի բոլոր ծախսերով»:
Սա յստակ իրաւական յաղթանակ մըն պարոն Տաղլեանի համար եւ եւս մէկ դատական պարտութիւն մըն է Արք. Տէրտէրեանի եւ Արեւմտեան Թեմի համար: Այս նորագոյն դատական վճիռը օրինական արգելքի եւս մէկ շերտ մը կþաւելացնէ Արք. Տէրտէրեանի մեղսակցութեան դէմ որով ան կը փորձէր միլիոնաւոր տոլարներու կողոպուտ կազմակերպէր անմեղ բարերարտի մը դէմ յանձինս Պր. Տաղլեանին։
Պր. Տաղլեանի հիմնական նպատակը՝ եկեղեցիին օգնելն էր բազմամիլիոնանոց ժամանակակից համալիրի կառուցմամբ՝ առանց եկեղեցիին վրայ մէկ տոլար մ՛իսկ ծախս ըլլալու։ Եւ մէյ մը որ վարկերը մարուէին ըստ համաձայնագրին, Պր. Տաղլեան այդ համալիրը պիտի յանձնէ Սուրբ Հովհաննու Կարապետին եւ Արեւմտեան թեմին:
Այս վերջին դրուագը կուգայ եւս մէկ խարդախութեան ակտ մը աւելացնելու, հանցագործութիւն մը՝ Տէրտէրեանի կողմէ կատարուած, հանցանքներու երկար ցանկին, ինչպէս ներկայացուած է Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման շարժումի կողմէ պատրաստուած եւ Օգոստոս 12-ին հրապապարակուած յատուկ զեկոյցի մէջ:
Ամիսներ առաջ, Յուն. 28, 2019-ին, ամերիկեան դատարանի մէջ, Դատաւոր Համմոք Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանի կցորդ Մարգայանը ստախօս հաստատած էր որ մենք կրնանք վերագրել նաեւ Տէրտէրեանին եւ Արեւմտեան Թեմի տնօրէն ու Մանուկին տղան՝ Յարութ Մարգարյանին։
Այս բոլորին ի տես, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մէնատէրեր՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ անոր կինը՝ Նօրա Յովսէփեան ինչպէ՞ս կրնային անտեսել այդ առկայ փաստերը եւ միակողմանիօրէն որոշում կայացնել Արք. Տէրտէրեանին ներկայացնելու ANCA-WR-ի «Խրիմեան Հայրիկ»ի պատւոյ գիրը:
Արք. Տէրտէրեանի հետ կապուած բոլոր հակասութիւններու առկայութեամբ, փաստաբանուհի Նօրա Յովսէփեան, ANCA-WR-ին հանդեպ հաւատարմագրուած պարտականութիւն ունէր, Տէրտէրեանին՝ նման պատւոյ գիր տալու մասին նախքան որոշում կայացնելը: Որպէս փաստաբան, իր իսկ գրասենեակին մէջ, համակարգիչով, ան կրնար շատ հեշտօրէն ստուգել դատարանի արխիւները: Ընդամենը մի քանի րոպէի ընթացքին ան կþունենար բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, որպէսզի ան ճիշդ որոշում կայացնէր: Միայն այս տարուայ դատական թիւ 18STCV02144 գործը բաւարար կþըլլար որակազրկելու համար առաջադրուած թեկնածու՝ Տէրտէրեանին: (Կարդաց՛էք այս նիւթին հետ առնչուող Փրօֆ. Զ. Ս. Էնտրու Տէմիրճեանի գրած յօդուածը, որ վերնագրուած է «’’Արքայակերտ’’ներու Օրակարգը. Կորսուած Վստահութեան Վնասները», էջ A2):
Պատկերացուցէք որ այսպիսի փաստերու առկայութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ-ի) եւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի (ANCA-WR-ի) մէնատէրեր Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Նօրա Յովսէփեան այդպէս միակողմանի որոշում կայացուցին եւ անցեալ շաբաթավերջին «Խրիմեան Հայրիկի» անուան պատւոյ գիր յանձնեցին նոյն ինքն Արք. Յովնան Տէրտէրեանի որ մի քանի օր առաջ, իր կոսնցուցած դատին վրայ եւս մէկ պարտութիւն կրեց։ Դատական գործի թիւը՝ 18STCV02144
Տէրտէրեանին կողմնակիցները կրնան պնդել՝ «Ոչ՜ինչ դատ մըն էր կորսնցուցինք»։
Այդպսի մարդոց հարկաւոր է յստակօրէն հասկցնել թէ երկու պայքարող կողմերը առեւտրական հաստատութիւններ կամ անհատներ չեն։ Մէկը Հայ Եկեղեցւոյ խոշոր բարերար է յանձինս Պր. Տաղլեանին, միւսը՝ հայկական քրիստոնէական հաւատքի եւ հոգեւոր առաջնորդ եւ իր կցորդ որ նոյնպէս հոգեւոր ծառայող է յանձինս՝ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանին եւ իր ներկայացուցիչ Մանուկ քհն. Մարգարյանին։
Եւ ո՞ր կողմն է կորսնցնողը։ Հայ Եկեղեցին ու Արեւմտեան Թեմը։ Ու ի՞նչն էր գլխաւոր պատճառը Հայ Եկեղեցւոյ ու Արեւմտեան Թեմի դատական պարտութեան։ Տէրտէրեանի կցորդ Մանուկ քհն. Մարգայեանի ստախօսութեան վրայ բռնուիլը։ Կրնա՞ք պատկերացնել թէ դատարանին մէջ ստախօսութեան վրայ բռնուողը աշխարհական մը չէ։ Այլ՝ հոգեւորական մը որ կը ներկայացնէ իր հոգեւոր մեծաւորին, Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեանին։
Արեւմտեան Թեմի եւ հայ եկեղեցւոյ այս նորագոյն խայտառա-կութեան արմատ-պատճառները արդեոք ու՞րտեղէն կուգան։
2003 թ.-ին, Արք. Տէրտէրեանի կցորդ եւ Հոլիուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ Մարգարյան դիմած էին Պր. Պետրոս Տաղլեանին կոչ ուղղելով օգնել եկեղեցիին որ յարակից հողաշերտի համալիր մը կառուցուի։
Այդ հողաշերտի վարձակալական իրաւունքը եկեղեցիին օգտին ձեռք բերելու համար, Պր. Տաղլեան 300 հազար տոլար արդեն նուիրած էր եկեղեցիին, որպէսզի անոնք կարողանային սկսիլ շինարարութիւնը: Այդ գումարը ան գոյացուցած էր իր տունին վրայ պարտք առնելով։
Պարոն Տաղլեանի մեծ նուիրատւութեան առթիւ եկեղեցիի ղեկավարները որոշեցին նոր կերտուելիք սրահը անուանել «Տաղլեան Համալիր»:
Յետագային պարզուեցաւ, որ Տէրտէրեան-Մարգարեան զոյգը չի կրցաւ հաւաքել անհրաժեշտ գումարները, որպէսզի կառուցուի դահլիճը։
Հետեւաբար, մէկ անգամ եւս անոնք թակեցին Պր. Տաղլեանի դուռը‘ խնդրելով նոր նուիրատւութիւն մը ըսելով թէ՝ «եկեղեցին շատ վատ ֆինասական դրութեան մէջ է» եւ թէ՝ «չէր կրնար հողաշերտի վարձակալային ամսավճարը կատարել»։ Նամակը մնաց անպատասխան։ Անոնք նաեւ խնդրեցին որ բազմամիլիոն տոլարի վարկ ապահովէ շինարարտութեան համար։
Հասկնալի էր որ ինչու՛ պր. Տաղլեան մերժեց համաձայնիլ։ Արք. Տէրտէրեանի կողմէ այսպիսի խոշոր ակնկալիքը պարոն Տաղլեանէն, կþանցնէր նորմալ պարտականութեան բոլոր սահմանները: Անցած տասնամեակներու ընթացքին Պր. Տաղլեան արդեն 1,5 միլիոն դոլար նուիրաբերած էր Արեւմտեան Թեմի տարբեր ծրագիրներու համար:
Սակայն Արք. Տէրտէրեան եւ իր կցորդ Մանուկ քհն. անդադար դիմեցին եւ խնդրեցին Պր. Տաղլեանին որ օգնէ եկեղեցիին։
Ի վերջոյ անոնք կրցան համոզել Պր. Տաղլեանին որ միլիոնաւոր տոլարներու վարկ ապահովէ։
Յունուար 16, 2005-ին Արք. Տէրտէրեան եւ Արեւմտյան թեմը անգլերէնով նոր առաջարկի նամակ ներկայացուցին, օգտագործելով Մանուկ քհն. Մարգարյանի անունը, որպէս ստորագրող առաջարկելով պր. Տաղլեանին «1) Վերահսկել շինարարութեան վրայ, 2) Յանձնել «Տաղլեան» համալիրի կառավարումը շինարարության աւարտէն յետոյ, հաստատելով, որ ,եկեղեցին իրավունք չ՛ունի որեւէ կերպ ներթափանցել այդ ընկերութեան ֆինանսական գործառնութիւն-ներէն ներս, 3) Կատարուած բոլոր ծախսերը կը վերադարձուին համալիրի եկամուտներէն: Դուք կը ստանաք լրացուցիչ 7% տոկոս տարեկան, մինչեւ ձեր կողմէ ծախսուած գումարներու ամբողջական փոխհատուցումը‘ Տաղլեան համալիրի եկամուտներէն ետ ստանալու ամբողջ գումարը առանց որեւէ ժամանակի սահմանափակման, մինչեւ ամբողջ վարկի վճարումը (Տես էջ 4): Այս նամակ-առաջարկը ներկայացնելէ բացի, Արք. Տէրտէրեան եւ Մանուկ քհն. Մարգարեան, հոգեւորականի «սրբակեաց» տեսքը օգտագործած էին իբրեւ թէ բարեպաշտ հոգեւոր ծառաներ էին, եւ այդ ձեւով պր. Տաղլեանին վրայ «բարերար» ազդեցութիւն ի գործ դրած էին հասնելու համար իրենց նպատակին:
Այդ ժամանակներուն, պր. Տաղլեան իր դրամատան հետ բանակցած էր շարք մը վարկեր իրականանցնելու համար, օգտագործելով իր վարկային վստահելիութիւնը‘ իր ստորագրութեամբ երաշխիքներ տալով $15 մլն-ի շարք մը վարկերու վճարման համար: Արք. Տէրտէրեանի եւ Մանուկ քհն. Մարգարեանի հետ անոր համաձայնութիւնը այն էր, որ պր Տաղլեան կը նախագծէր գոծառոյթային ծրագիր, որով ան կրնար վերահսկել եւ երաշխավորել վարկի ամբողջական վճարումը:
Երբ ամեն ինչ հունի մէջ մտած էր, հանկարծ Արք. Հովնան Տէրտէրեանի հաւանութեամբ միակողմանի կարգով որոշեցին Պր. Տաղլեանին ամբողջությամբ հեռացնել, որպէսզի եկամուտները միայն իրենք ստանան առանց ապահովելու բազմամիլիոն վարկի մարումը եւ միաժամանակ խախտելով վարկը վերադարձնելու հիմնական համաձայնութիւնը:
2019 թ. սկզբին, Անոնք գացին դատարան: Լոս ԱնՃելոսի Գերագոյն Ատեանի Դատաւոր Ռանդոլֆ Մ. Հեմմոք ուշադիր կերպով լսեց գործը:
Դատական վարոյթի ընթացքին դատաւոր Հեմմոք ուղղակիօրէն հարցուց Արեւմտեան թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարեանին. «Եկեղեցին ի՞նչ կþընէ, եթէ մի քահանայ սուտախօսութեան համար կը բացայայտուի»:
Յարութ Մարգարեան պատասխանեց. «Ան անմիջապէս կը զրկուի պաշտօնէն եւ փիլոնազուրկ կþըլլայ»:
Մինչ Յարութ Մարգարյանը նման յայտարարութիւն կþընէր, անոր մտքէն անգամ չէր անցնէր, որ իր իսկ հայրը, Մանուկ Քհն. Մարգարյան դատարանի կողմէ հանցագործութեան վրայ կրնար բռնուիլ որպէս ստախօս երբ ան ալ երդումի տակ էր դատարանի կողմէ:
Մանուկ Քհն. Մարգարեան դատաւորի կողմէ ենթարկուեցաւ ստուգման ու փորձաքննութեան: Մի քանի հարցումներու պատասխանելէ ետք Դատաւոր Հեմոկ յայտարարեց, որ Մանուկ Քահ. Մարգարեանի վկայութիւնը վստահելի չէր, եւ թէ՝ դատաւորը «անկեղծօրէն չի հաւատար Մանուկ Քհն. Մարգարեանի որեւէ ըսածներուն» եւ թէ պարզապէս Մանուկ Քհն. «ինքն իր կաշին կը փորձէր փրկել եւ իր յետոյքը ազատել»:
Դատական փաստաթուղթերու համաձայն, Ապրիլ 2-ին, Դատաւոր Հեմոկը Պր. Պետրոս Տաղլեանի ի նպաստ վճիռ արձակեց եւ հրահանգեց Արեւմտեան Թեմին ու Սուրբ Հովհաննու եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին վճարել Պր. Տաղլեանի կատարած իրաւաբանական բոլոր ծախսերը:
Որպէս հետաքննող լրագրող, կարդալէ ետք Մարտի 11-ի Սուրբ Հովհաննու եկեղեցիի / Արեւմտեան Թեմի ընդդէմ Պետրոս Տաղլեան (թիվ 18STCV02144 գործի) դատարանի արդիւնքներու մասին աններդաշնակ մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ես անմիջապէս կապ հաստատեցի Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Նախագահ փաստաբան Յովսէփ Կանիմեանի հետ:
Դատի մասին, Պր. Կանիմեանէն լուսաբանութիւններ խնդրեցի ե-նամակով եւ գրանցուած ԱՄՆ փոստային նամակով։ Մինչեւ օրս՝ Հոկտըեմբեր 25, անոնցմէ չեմ լսած: Ապա ուրեմն ինչու՞ ժողովուրդին միտքը պղտորելու միտումով հրապարակով կը բողոքեն ըսել՝ «կարգ մը լրատուամիջոցներ անճշտութիւններ կը տարածեն։ Թող խօսէին եւ պարզաբանէին։
Ես այն եզրակացութեան եկած եմ որ Տէրտէրեան եւ իր կցորդները Մանուկ քհն. Մարգարեան ու իր կրտսեր որդի՝ Յարութ Մարգարեան ուղղակիօրէն մեղսակցած են բարերարի մը բողերը ապօրինի կերպով իւրացնելու սեւ ակտին մէջ բարերարին վրայ բեռցնելով 15 միլիոն տոլարի պարտքը, փորձելով ոտնահարել ու հաշուեյարդարի ենթարկել անոր բոլոր իրաւունքները։ Արք. Տէրտէրեանի ու Արեւմտյան Թեմէթն ներս իր կցորդներու այս միակողմանի եւ չարամիտ գործողութիւնը ծանր եւ անել կացութեան տակ կը դնէր պր. Տաղլեանին յարուցանելով խոշոր դժուարութիւններ վարկը մարելու կամ կորսնցնելու իր վարկունակութիւնը դրամատան հետ:
Արդեն հիմա պարզ դարձած է, որ Տէրտէրեան ու իր կցորդները Հայ Եկեղեցին ու Արեւմտյան Թեմը կþօգտագործեն որպէս իրենց ընտանիքի «բիզնես»ը:
«Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում» շարժման զօրակիցները առաջադրանք կատարած են որ հաւատագրուած հաշուապահական ընկերութիւն մը, ինչպիսին է KPMG կամ Deloitte-ը, հետաքննութիւն կատարէ ստուգելու համար Արք. Տէրտէրեանի եւ Մանուկ քհն. Մարգարեանի ֆինասական գործառնութիւնները‘ թափանցիկութիւն ապահովելու համար:
Իրաւաբան Ատրիէն Գրիգորեան, Թեմական Խորհուրդի նախագահը ըլլալով հաւատարմագրային պարտականութիւն ունի ապահովելու թեմական գործերու պատշաճ կառավարումը: Իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան կը շարունակէ Տէրտէրեանի վստահուած անձը ըլլալ եւ ան ալ հաւատարմագրային պարտականութիւն ունի ապահովելու թեմական գործերու պատշաճ կառավարումը։
Թեմական երկու բարձրագոյն ղեկավարներ եւ փաստաբաններ ըլլալով, ինչու՞ Ժոզէֆ Կանիմեան եւ Տիկ. Ադրիէն Գրիգորեան չեն զգուշացուցած Տէրտէրեանին, որ պայմանագրի պատճառով անոնք հնարաւորութիւն չունէին դատարանի մէջ շահելու:
Բացի այդ, ինչու՞ 2018-19-ի տարեշրջանի Թեմական Խորհուրդի միւս անդամները թոյլ տուին որ կացութիւնը չափը սահմը անցնի եւ Արեւմտեան Թեմը խայտառակուի։ Եւ ինչու՞ ներկայ՝ 2019-ի Մայիսին ընտրուած 2019-2020-ի նոր Թեմական Խորհուրդի անդամները, Ատրիէն Գրիգորեանի ղեկավարութեան ներքոյ թոյլ կուտան որ նոյն խայտառակ կացութիւնը շարունակուի։
Անոնք ինչքան երկար կը զլանան իրենց հաւատարմագրուած պարտաւորութիւններուն մէջ այնքան մեծաթիւ մտահոգ հայեր Արեւմտեան Թեմը կþորակեն որպէս «բանանային հանրապետութիւն»։
Ինչու՞ դատարանի մէջ ստախօս վճռուած եւ որակուած Մանուկն ու իր մեծաւորը Յովնանը կը շարունակեն պաշտօնի վրայ մնալ։ Ինչու՞ Թեմական Խորհուրդի Նախագահ Տիկ. Ատրիէն Գրիգորեան եւ իր գլխաւորած ԹԽ-ի անդամները նոյնպէս ու Diocesan Endowment Fund-ի նախ. Կանիմեան կը շարունակեն լուռ մնալ։ Արդեոք իրե՞նք ալ լուռ մնալու մէջ անձնական շահեր ունին Յովնան Տէրտերաենէն կամ Մանուկէն ինչպէս որ թեմական ղեկավար մը «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ին վերջերս ըսաւ, կամ՝ վախի մէջ են որովհետեւ «պարզ խամաճիկներ են»։
Ընթերցողները շատ լաւ կը յիշեն թէ ինչպէս դատարանի մէջ Յարութ Մարգարյան հաստատում կատարած էր որ «ստախօսներուն ամնինջապէս պաշտօնազուրկ եւ փիլոնազուրկ կþընեն հայ եկեղիցիէին ներս»։
Ուրեմն հիմա յստակօրէն ժամանակը հասած է, որ հայր ու որդի՝ Մանուկ եւ Յարութ Մարգայաններ ու իրենց ղեկավար՝ Յովնան Տէրտէրեանին հետ պաշտօնազրկուին եւ ձեռք-ձեռքի տալով հեռանան թեմէն որպէսզի ինչքան հնարաւոր է շուտ, հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալները հայ եկեղեցւոյ վերականգումի աշխատանքներուն ձեռնարկեն ու իրենց հաւատքի տաճառը դարձեալ հասցնեն իր սրբակեաց դարաւոր դիրքին։
Ժամը հասած է. ինչպէս որ Յովնանը Մանուկին ձեռքէն բռնելով առաջնորդեց Պր. Տաղլեանի գրանսեակը սուտ ներողութիւն խնդրելու, հիմա ալ Մանուկին ու Յարութին ձեռքէն բռնէ ու երեքով հեռանան։
ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ 2018-19
Նախագահ՝ փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեան
Փոխնախագահ՝ փաստաբանուհի Ատրիէն Գրիգորեան
Գանձապետ, պր. Եուրի Ակոբյան
Դոկտոր Սանդրա Գազանճեան Կոստանճեան
Աւագ Քհն. Սասուն Զմրուխտյան
Մանուկ քհն. Մարգարյան
Խաժակ քհն. Շահբազյան
Սերովբէ քհն. Ալանդանջյան
Բագրատ քհն. Բերեջյան
Պր. Արա Տէր Սարգիսեան
Պրն. փաստաբան Մարտի Տաքէսեան
Տիկին Փամելա Ապասի
Պր. Պարքեւ Համալեան
Պր. Ռաֆֆի Յակոբեան
Պր. Վահէ Իսգանտերեան
ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ 2019-20
Նախագահ՝ փաստաբանուհի Ատրիէն Գրիգորեան
Փոխնախագահ՝ Տերեք Ղուկասեան
Գանձապետ, պր. Եուրի Ակոբյան
Դոկտոր Սանդրա Գազանճեան Կոստանճեան
Աւագ Քհն. Սասուն Զմրուխտյան
Շնորհք քհն. Տէմիրճեան
Մեսրոպ քհն. Աշ
Բագրատ Աւագ քհն. Պերճեքեան
Պր. Արա Տէր Սարգիսեան
Պրն. փաստաբան Մարտի Տաքէսեան
Տիկին Փամելա Ապաճի
Պր. Քրիս Միրզայեան
Պր. Ռաֆֆի Յակոբեան
Պր. Վահէ Իսգանտերեան