Posted on October. 26. 2019
Հայազգի մարզիկ Սեւակ Առաքելեան Տոնի Ռոսթովի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «Պի. Ուայ. Ի.-10» մրցաշարքին ծիրին մէջ, նաք-աութի ենթարկեց ազրպէյ-ճանցի Քամրան Մամետովը:
Սեւակին համար ընդամէնը պահանջուեցաւ 27 երկվայրկեան` այս յաղթանակը արձանագրելու համար:
Այսպիսով, հայազգի մարզիկը ցարդ իր կատարած չորս մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը: