Թրամփի Խորհրդականները Առաջարկեցին Թուրքիոյ Սպառնալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումով

Posted on October. 26. 2019

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները անոր առաջարկեցին քանի մը տարբերակներ, որպէսզի ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հեռացնելու Թրամփի մտադրութիւնը իրականացուի առանց արտօնելու Թուրքիոյ, որ ներխուժէ Սուրիա: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”։
Ազգային ապահովութեան խորհուրդի անանուն մնալ փափաքող պաշտօնատար մը «Նիուզուիք» թերթին յայտնեց, որ առաջարկներէն մէկը եղած է Թուրքիոյ սպառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգնեու 50 նահանգներէն 49ը, բացառութեամբ Միսիսիփիի, արդէն իսկ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *