Հաղորդագրութիւն. Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելեան Շրջանի Թրքական Յարձակումի Առթիւ

Posted on October. 26. 2019

Իր Հոկտեմբեր 17-18, 2019-ի տարեկան ժողովին, Հայ Աւետա-րանական Համաշխարհային Խորհուրդը (ՀԱՀԽ) սերտեց Հոկտեմբեր 10, 2019-ին տեղի ունեցած Սուրիոյ հիւսիս-արեւել-եան շրջանի վրայ Թրքական բանակի միակողմանի յարձա-կումը եւ անոր ահաւոր հետե-ւանքը շրջանի բնակիչներուն վրայ:
ՀԱՀԽ-ը խիստ կերպով կը դատապարտէ ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ կատարուած միջազգային եւ մարդկային իրաւուքներու ոտնա-հարումը, այլ նաեւ քիւրտ, արաբ, եզիտի, ասորի եւ հայ փոքրամասութիւններուն դէմ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան արարքները:
ՀԱՀԽ-ը կոչ կ՚ընէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ-ի) եւ միջազգային հասարակութեան որպէս զի դատապարտեն Թուքիան՝ ա) Սոյն ապօրինի յարձակման համար, որուն զոհ դարձան բազմաթիւ մարդիկ եւ տեղի ունեցան իրերու եւ ինչքերու մեծ կորուստներ. բ) Զինուորական ներխուժման պատճառով հազարաւոր ընտանիքներու ակամայ գաղթը. գ) Տեղի ունեցող ցեղասպան արարքները:
ՀԱՀԽ-ը նաեւ կոչ կ՚ընէ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հասարա-կութեան՝ անմիջական քայլեր առնել վերջ դնելու արիւնահեղութեան, հազարաւոր գասղթականներու տուն վերադարձման եւ Սուրիոյ քաղաքացիներու պաշտպանման:
ՀԱՀԽ-ի սրտանց աղօթքն է որ շուտով վերահաստատուի խաղաղութիւնը:
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի
Գործադիր Յանձնախումբ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *