Posted on October. 26. 2019
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատական հայց ներկայացուցած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Ուրֆայէն նախկին երեսփոխան Օսման Պայտեմիրի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիրկիւն» կայքը:
Բացուած դատին պատճառը Օսման Պայտեմիրիբրիտանական «Պի. Պի. Սի.» կեդրոնական գրասենեակի շէնքին առջեւ տուած հարցազրոյցին ընթացքին տեղ գտած արտայայտութիւններն են: «Թուրքիոյ պետութիւնը այս պահուն կ՛ոչնչացնէ քրտական քաղաքներն ու գաւառները: Հիմա կ՛ուզեմ հարցնել
ո՞վ է ահաբեկիչը, ո՞վ է բռնապետը: Ո՞վ կը սպաննէ քիւրտերը: Ո՞վ կը սպաննէ մանուկներն ու կիները: Այժմ բոլորս միասին ստիպուած ենք ճնշել ֆաշականութիւնը: Այժմ բոլորս միասին ստիպուած ենք կասեցնել ցեղասպանութիւնը Ռոժավայի մէջ (Սուրիական քրտական շրջան): Եթէ չընենք ատիկա, պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ, եւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի կրկնուի: Ստիպուած ենք տեսնել Էրտողանի ու ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ կապը: Այդ յարաբերութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին այնպէս, ինչպէս երէկ էին», ըսած է Օսման Պայտեմիր:
Դատական հայցին մէջ նշուած է, որ Պայտեմիրի խօսքերուն մէջ առկայ են Էրտողանը մեղադրող ու վիրաւորող, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հրապարակաւ ստորացնող խօսքեր, եւ պատիժ կը պահանջէ Պայտեմիրի դէմ: