Posted on October. 31. 2019
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29-ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուց թիւ 296 բանաձեւը, որ կու գայ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Բանաձեւին կողմ քուէարկեցին 405, դէմ 11 եւ ձեռնպահ 3 գոնկրէսա-կաններ:
2000 թուականէն սկսեալ չորրորդ անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ կը ներկայացուէր Ներկայացու-ցիչներու Տունէն ներս, սակայն առաջին անգամ ըլլալով քուէար-կութեան կը դրուէր ընդհանուր նիստին առջեւ: Գոնկրէսական Ատամ Շիֆ, որ Բանաձեւի հեղինակն էր, յայտարարեց, որ այս պահը արդէն իսկ ուշացած էր:
Ընդունուած բանաձեւը կը պահանջէ որ, Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս ճանչնայ եւ յիշատակէ Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը՝ Ցեղասպանութեան որեւէ ժխտումին: