Posted on November. 3. 2019
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ամէն անգամ, երբ Թրամփ հեռա-ձայնային զրոյց կ՛ունենայ ուրիշ պետութեան մը ղեկավարին հետ, կրնանք աղէտալի հետեւանք ակնկալել։ Թրամփ չի գիտակցիր իր որոշումներուն հետեւանք-ներուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի համար: Ան իր գլխաւոր օգնականներէն պատշաճ տեղե-կութիւններ չի խնդրեր եւ չի հետե-ւիր անոնց խորհուրդներուն:
6 Հոկտեմբերին Թրամփի հեռա-ձայնային զրոյցը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բացառութիւն չէր: Մինչ Սպիտակ Տունը դժկամօրէն հրապարակեց Ուքրանիոյ նախագահին հետ Թրամփի հեռա-ձայնային զանգին ամփոփագիրը, որուն յաջորդեց բացայայտողին զեկոյցը, Էրտողանի հետ Թրամփի զրոյցը տակաւին հրապարակուած չէ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ճիշդ ի՞նչ ըսուած է այդ հեռաձայնային զանգի ընթացքին: Մեր ամբողջ գիտցածը այն է, որ Էրտողան Թրամփէն խնդրած է հեռացնել ամերիկեան զօրքերը Հիւսիսային Սուրիայէն՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ ներխուժել Սուրիա, վռնտել հարիւր հազարաւոր քիւրտ քաղաքացիները Սուրիոյ սահմանէն ներս 20 մղոն տարածքէն եւ սպաննել հարիւրաւոր քիւրտեր՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները, որոնք նոյն վայրին մէջ պայքար կը մղեն ԻԼԻՀի ահաբեկիչներուն դէմ։ Թրքական զօրքերը պատերազմական յանցանքներ կը գործեն, իսկ նախագահ Թրամփ թոյլ տուած է անոնց՝ վարուիլ այսպէս…
Ամբողջ աշխարհ անմիջապէս հասկցաւ, որ ասիկա Թրամփի թոյլ տուած կոպիտ սխալն էր: Նոյնիսկ հանրապետական գոնկրեսականները, որոնք կուրօրէն կը սատարէին անոր եւ կ՛անտեսէին անոր բազմաթիւ անօրինականութիւններն ու անբարոյականութիւնները, բարձրաձայն կը քննադատէին իրենց «սիրելի» Նախագահը: Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը քննարկեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու ընդունումը, ինչ որ ստիպեց Թրամփին ընել նոյնը:
9 Հոկտեմբերին, Թրամփի հետ Էրտողանի հեռաձայնային զրոյցէն երեք օր անց, թրքական ուժերը ներխուժեցին Սուրիա։ Նոյն օրը Թրամփ Էրտողանի յղեց մանկամիտ նամակ մը՝ սպառնալով՝ «կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, եւ ես այդ կ՛ընեմ»։ Թրամփ նաեւ նախազգուշացուց Էրտողանը, որ «եթէ լաւ բաներ տեղի չունենան, պատմութիւնը ձեզ յաւերժ պիտի յիշէ իբրեւ սատանայ»։ Թրամփ աւարտեց իր նամակը Էրտողանին՝ ըսելով. «Դուք ձեզ մի՛ երեւակայէք ուժեղ տղայ, յիմար մի՛ ըլլաք: … Աւելի ուշ կը հեռաձայնեմ ձեզի»։ Սա նախագահական բացառիկ անմիտ նամակ էր՝ դիւանագիտական նամակագրութեան տարեգրութեան մէջ: Էրտողանի գրասենեակը յայտարարեց, որ թուրք նախագահը Թրամփի նամակը անմիջապէս նետած է աղբին կողովը՝ իր արժանի տեղը…
Միեւնոյն ժամանակ, ի պատասխան՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին գրեթէ բոլորին կողմէ արձանագրուած խիստ քննադատութեան, բացառութեամբ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ, Թրամփ սկսաւ դուրս տալ իր սովորական անհեթե-թութիւնները։ Նախ, ան քիւրտերը անուանեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ։ Այնուհետեւ փոխեց իր կարծիքը եւ զանոնք կոչեց «քոմունիսթներ», «ահաբեկիչներ» եւ «ոչ-հրեշտակներ»: Թրամփ այնքան հեռու գնաց, որ մեղադրեց քիւրտերը՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի մէջ (Ֆրանսա), Միացեալ Նահանգներու բանակին չաջակցելու յանցանքով՝ մոռնալով, որ քիւրտերը ոչ երկիր ունէին, ոչ բանակ…: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի՝ նախագահ Թրամփ իր պաշտօնավարման 1000 օրերուն ընթացքին թոյլ տուած է 13 հազար 435 կեղծ եւ ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւններ։ Միջին հաշուով ասիկա կը կազմէ օրական 13 սուտ. աննախադէպ մրցանիշ մը ոեւէ անհատի, առաւել եւս Միացեալ Նահանգներու նախագահին համար…
Իր յայտարարութիւններուն մէջ քիւրտերը վարկաբեկելէն ետք, Թրամփ իր փոխնախագահ Մայք Փենսը եւ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն ուղարկեց Անգարա՝ ենթադրաբար զսպելու համար Էրտողանի դաժան վերաբերումը Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ:
Քանի մը ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք երկու կողմերը հակասական յայտարարութիւններ ըրին իրենց համաձայնութեան մասին: Ամերիկեան կողմը համաձայնագիրը անուանեց «հրադադար», իսկ թրքական կողմը զայն կոչեց հնգօրեայ «դադար»: Այսուամենայնիւ, Թրամփ արագօրէն յայտարարեց, որ մեծ յաղթանակ տարած է, ինչպէս որ կ՛ընէ բոլոր առիթներով, սովորաբար առանց որեւէ արժանիքի: Յամենայնդէպս, յաղթանակ էր թուրքերու համար, որոնք ձեռք բերին այս բոլորը, ինչ որ կ՛ուզէին Միացեալ Նահանգներէն. կանաչ լոյս՝ շարունակելու համար իրենց ներխուժումը Հիւսիսային Սուրիա, զանգուածային տեղա-հանութիւններ եւ քիւրտերու դաժան սպաննութիւններ։ Խիստ մտահոգիչ է թրքական յարձակման ժամանակ ԻԼԻՊի հարիւրաւոր ահաբեկիչներու ճամբարներէ փախուստը։ Հրադադարը կամ դադարը նոյնիսկ 24 ժամ չտեւեց…: Թրքական ուժերը եւ անոնց ճիհատական գործընկերները զայն խախտեցին առաջին իսկ օրը։ Միայն յիմարը կը վստահէր Էրտողանի խոստումներուն կամ համա-ձայնութիւններուն: Զարմանալիօրէն, Թրամփ համաձայնեցաւ ջնջել Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները, նոյնիսկ նախքան զանոնք կեանքի կոչելը:
Ամերիկեան պատժամիջոցներու ջնջումը հաստատուեցաւ ՄԱԿի մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակներու ստորագրած ծաւալուն նամակի մէջ՝ «Թուրք-ամերիկեան համատեղ յայտարարութիւն հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ վերաբերեալ», որ 17 Հոկտեմբերին ներկայացուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին:
Այս նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներ անամօթաբար անձնատուր եղաւ Թուրքիոյ պահանջներուն.