ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ (Ռ.Ա.Կ.-ի Ուոթըրթաունի Ակումբին Ծախու Հանման Առիթով)

Posted on November. 3. 2019

Ծանօթ. Խմբ. – 1997-ին գրուած այս յօդուածը կ’արտացոլայ այն նոյն «հիւանդութիւնը» որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ վարակել ՀԲԸՄ-ՌԱԿ շրջանակը եւ քանի որ այդ ապազգային գործելաձեւը չէ վերացուած, նոյն յօդուածը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը։

ԳՐԵՑ` ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, Ամերիկայի Արեւելեան Ափի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան գլուխ եկած եռեակըԵրուանդ Ազատեան – Արշաւիր Կէօնճեան – Յարութիւն Արզու-մանեան, հաշուեյարդարի կ’ենթարկէ Ռ.Ա.Կ.-ի ունեցած եւ տարիներու զոհողութեամբ գոյացած նիւթական թէ բարոյական ամբողջ ունեցուածքը: Յստակ է թէ այս երեքը կանխամտածուած հաշիւներէ թելադրուած է որ լուծարքի կ’ենթարկեն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Այսպէս ... Ա.- Արարատ Դաշտավայր Տասնամեակներ ամբողջ մեծագոյն Պոսթոնի համար կուսակցութեան Արարատ Դաշտավայրը (Մէյնար, Մեսեչուսէց) որպէս զբօսայգի ծառայած էր շրջանի հայութեան: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, հայրենակցական միութիւններու, զանազան ազգային կազմակերպութիւններու եւ կուսակ-ցութեան համար այս դաշտավայրը եղած էր, ամառնային շրջանի համար, ժամադրավայրը հայութեան: Դաշտավայրը ունէր կարեւոր նշանակութիւն համայնքին հայրենասէր ու Էջմիածնասէր ճակատին համար: Նոյն նահանգին մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ունի Հայաստան Դաշտավայրը, որ մինչեւ այսօր կը ծառայէ համայնքային եւ կուսակ-ցական նպատակներու: Դաշնակցութիւնը իր դաշտավայրին մէջ ամէն ամառ ի մի կը հաւաքէ ամերիկահայ նորահաս սերունդը եւ կը դաստիա-րակէ դաշնակցական սկզբունքներով: Ռամկավարներս ծախեցինք մեր դաշտավայրը եւ անոր հասոյթը, հակառակ հիմնադրամի անուան տակ պահուելուն, մսխուեցաւ քանի մը տարուան ընթացքին: Այսօր, արդէն իսկ մոռցուած է ան. եւ սակայն հաշիւ կը պահանջուի գէթ յարգելու համար յիշատակը պոսթոնահայ այն ընկերներուն, որոնք դէմ եղած էին դաշտավայրի վաճառքին:
Բ.- Ռ. Ա. Կ. «Վաստակաւորներու Հիմնադրամ»
Մօտ տասը տարիներ առաջ փակուեցաւ կուսակցութեան «Վաստա-կաւորներու Հիմնադրամ»ը եւ այդ անունով գոյութիւն ունեցող դրամը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ կուսակցութեան այդ օրերու ղեկավարութեան. այսինքն՝ յիշեալ եռեակին: Գումարը ամբող-ջութեամբ մսխուեցաւ կարճ ժամանակի ընթացքին: Հիմնադրամին գլխաւոր նպաստակն էր նիւթապէս հասնիլ օգնութեան կարօտ մեր այն վաստակաւոր ընկերներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան ծառայած էին կուսակցութեան եւ իր մամուլին: Եռեակը յաջողեցաւ Հիմնադրամի այդ օրերու ատենապետ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանէն առնել իր տրամադրութեան տակ գտնուող ամբողջ գումարը:
Այսօր այլեւս խօսող չկայ այդ ընկերասիրական հիմնադրամին մասին, որ սէնթ առ սէնթ հաւաքուած էր եւ մասնաւորաբար մէջտեղ եկած էր մեր ընկերուհիներուն զոհողութիւններով օգնելու ծանօթ խմբագիրներու եւ գործիչներու:
Գ.- “Պայքար” Հրատարակչութիւն
Բովանդակ ամերիկահայութեան (Նիւ Եորքէն մինչեւ ֆրեզնօ) մտաւորական շրջանակին համար ծանօթ էր Պայքար Հրատարակչութիւնը իր հրատարակութիւններով: Ամերիկահայ գրողը, կուսակցական թէ ոչ, աւելի քան կէս դար իր գիրքերը տպել տուած էր Պայքար Հրատարակ-չութեան մօտ: Քաջածանօթ մտաւորական Դոկտ. Գրիգոր Մագսուտեան ատենին կատարած իր ուսումասիրութեամբ պարզած էր թէ հրատարակ-չատունը լոյս ընծայած էր մօտ երկու հարիւր անուն գիրք: Հրատարակ-չութիւնը մէկ կողմէ օգտակար կ’ըլլար հայ գրողին՝ դիւրացնելով անոր գործը եւ յագեցնելով ընթերցողին ծարաւը, իսկ միւս կողմէ նիւթական կարեւոր եկամուտ մը կ’ըլլար Պայքար Հաստատութեան:
Անցնող քսանամեակին, նկատի ունենալով սփիւռքահայ տեղա-շարժերը, մեծ թիւով հայ գրողներ Միջին Արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն եկան հաստատուիլ Ամերիկայի այս ափերը եւ շարունակել իրենց գրական աշխատանքները: Դժբախտաբար, երբ աւելիով կարելի պիտի ըլլար օգտուիլ նման գործառնութիւններէ, անշքացուցինք հրատա-րակչութիւնը: Պայքար Հաստատութեան շատ լաւ վարձատրուած տնօրէնը, որ իբր թէ հրատարակչական գործին ալ պատասխանատուն էր, յետագային «բարոյապէս» տասնապատիկ վերադարձուց եռեակին … անկէ առած հնչուն գնահատանքը:
Դ.- Նիւ Եորքի Եուսուֆեան Կեդրոն
Ամերիկայի կուսակցական մեր տարեգրութեան մէջ ուրիշ տխուր էջ մը կարելի է նկատել Եուսուֆեան կեդրոնին ծախուիլը: Նիւ-եորքաբնակ հաւատաւոր ընկերուհի Նուարդ Եուսուֆեան իր ողջութեան Մենհըթենի իր շէնքը եւ ունեցուածքը կտակած ու յանձնած էր Թէքէեան Մշակու-թային Միութեան: Ողբաց-եալ ընկերուհին գիտէր թէ որքան անհրաժեշտ էր այս մեծ ոստանին թէքէ-եանականներուն եւ ռամ-կավարներուն համար սեփական հաւաքավայր մը ունենալը:
Մօտ տասը տարիներ Նիւ Եորքի ռամկավար-ները ունեցան զարթօնքի շրջան մը՝ շնորհիւ Եու-սուֆեան կեդրոնին: Ծրագիրներ կը մշակ- ւէին արդիականացնելու շէնքը եւ հասնելու նորօրեայ կարիքներուն:
Բոլորին յստակ է թէ Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի Ռամկավար Ազատականները տեսնելով այս եռեակին կուսակցակործան արարք-ները, դարձած էին զիրենք խստիւ քննադատողներ: Պատգամաւորական ժողովներու ընթացքին քանիցս ցասում, վերապահութիւն, յուսախա-բութիւն եւ ընդվզում յայտնած էին անոնք այդ եռեակին նկատմամբ:
Վերջապէս, հաշուեյարդարի ենթարկելու համար Նիւ Եորքի առողջ շրջանակը, եռեակը օր ցերեկով ծախու հանեց Եուսուֆեան կեդրոնը երեք տարի առաջ: Այսպիսով եռեակը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամի գլխարկ դրած իր գլխուն, զրկած եղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափի ամէնէն աշխոյժ եւ գործունեայ շրջանակը իր սեփական կեդրոնէն:
Ե.- «Պայքար» Պաշտօնաթերթ
Երեք տարիներ առաջ փակուեցաւ 90-ամեայ «Պայքար» պաշտօնաթերթը: 1899-էն ի վեր ամերիկահայ լրագրութեան նահապետը լռեց Ազատեան – Կէօնճեան – Արզումանեան եռեակին իշխանութեան օրով: «Պայքար», հակառակ կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալուն, կը ծառայէր ամբողջ ճակատի մը: Ռ.Ա.Կ.-ի գոյութիւնն անգամ խնդրական կը դառնար այս ափերուն՝ «Պայքար»ի փակումով: Ամերիկահայ ամենայարգուած թերթը, սակայն, փակուեցաւ: Անոր շուրջ հաւաքուած մտաւորականները ցրուեցան. տասնամեակներ ամբողջ «Պայքար»ով հոգեկան եւ մտաւորական սնունդ ստացած ընթերցողները դարձան յուսախաբ: «Պայքար»ի հաշուեյարդարով Հ.Յ.Դ.-ի հայատառ պաշտօնաթերթը հրապարակի վրայ մնաց առանձին:
Զ.- Հայ Իրաւանց Խորհուրդ
Առաւել եւս թափ տալու համար Հայ Դատի հետապնդման աշխա-տանքներուն, մանաւանդ երբ հնարաւորութիւնները լայն չափով ձեռնտու էին ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մօտ, Տիգրան Սմսարեանի գլխաւորած Հայոց Հողային Դատ ի Յանձնախումբը փոխելով իր անունը Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA), Պոսթոնէն փոխադրուեցաւ Նիւ Ճըրզի եւ անոր ատենապետութիւնը յանձնուեցաւ Նուպար Տօրեանի, որ այդ օրերուն միացած էր Ռ.Ա.Կ.-ին:
Խորհուրդը ունեցաւ ուշագրաւ գործունէութիւն, բայց եռեակին համար անոր գոյութիւնը Նիւ Ճըրզիի մէջ աւելորդ էր: Ա՛յդ ալ հաշուեյարդարի ենթար-կուեցաւ եռեակին խարդաւանքներով:
Է.- Ակումբներու Փակում
Մէկ առ մէկ փակուեցան 50-60 տարուան աւանդութիւն ունեցող Ռ.Ա.Կ.-ի ակումբները (մասնաճիւղերը): Այսպէս՝ Լորընսի, Լովըլի, Ուայթընսվըլի, Փրաւիտընսի, Ուստրի ակումբները փակուելէ յետոյ, անոնց յաջորդեցին Պոսթոնի շրջանի Չըլսիի Սվազլեան, Ուոթըրթաունի կանանց Շուշան Վարդենի, կանանց Հրաչ Երուանդ, արանց Ա. Ն. Նազար ակումբները: Փակուելու վտանգի ենթակայ են Նիւ Պրիթընի, Գլիվլընտի եւ Ֆիլատելֆիոյ ակումբները, որոնք տարիներէ ի վեր կուսակցական գործունէութիւն համարեայ չունին:
Պոսթոնի մէջ քսանամեակ մը առաջ սկսած երիտասարդական Դարբինեան ակումբը եւս կարճ ժամանակ մը ետք փակեցին՝ ձերբազատուելու համար ապագայ հաւանական գլխացաւերէ …: Կարելի էր որոշապէս փրկել այս ակումբներուն մեծ մասը, մանաւանդ անոնց իբրեւ շիճուկ ներարկելով Մերձա-ւոր Արեւելքէն անցնող տարիներուն ժամանած շարքայիններ: Սակայն ո’չ մէկ աշխատանք կատար-ւեցաւ այդ ուղղութեամբ` եռեակին հիմնական մտահոգութիւնը աթոռ պահելն ըլլալով …:
Եւ, այսպէս, հաշուեյարդարը կը շարունակուի՜ ու հասած է՝
Ը.- Ուոթըրթաունի Ռ.Ա.Կ. Ակումբ – Հաւաքավայրին
Պոսթոնի մեր ընկերներէն ու բարեկամներէն կ’իմանանք թէ ծախու հանուած է Մաունթ Օպըրնի վրայ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը գտնուող ակումբը: Տարիներով ան եղած էր կուսակցական ժողովներու հաւաքավայր: Վերջին երկու տասնամեակներուն անոր սրահը ծառայած էր որպէս համայնքային հաւաքավայր եւս, իբրեւ այդպիսին որոշ եկամուտ ալ ապահովելով Պայքար Հաստատութեան:
Ու ահա՛ ծախու հանուած է այս ակումբն ալ եռեակին նախաձեռնութեամբ: Երեւակայել որ Ազատեան – Կէօնճեան – Արզումանեան կուսակցութենէն դուրս դրուած անհատներ են: Այս մարդիկ ինչե՜ր պիտի կարենային ընել եւ պիտի ընէին՝ եթէ վտարուած չըլլային …:
Նիւ Ճըրզի, Սեպտեմբեր 4, 1997

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *