«Էմ. Էմ. Էյ.». Էտմեն Շահբազեանի Յաղթանակը` Նիւ Եորքի Մէջ

Posted on November. 8. 2019

Նիւ Եորքի «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») «Եու. Էֆ. Սի.-244» մրցաշարքին ծիրին մէջ, յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկահայ Էտմեն Շահբազեան:
Կլենտէյլը ներկայացնող 21 տարեկան մարտիկը մենամարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Պրետ Թաւարեսի դէմ եւ յաղթանակ արձանագրեց նաք աութով:
Մարզիկները հանդէս եկան միջին քաշային կարգին մէջ:
Այս մենամարտին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *