Բացարձակ թափանցիկութիւն եւ հաշուետւողականութիւն հետապնդող «Հայաստան» Հիմնադրամը արժանի է մեր զօրակցութեան

Posted on November. 24. 2019

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր հրատարակիչ / Գլխաւոր խմբագիր
ԱՄՆ «Հայ Կեանք»ի

22 Նոյեմբեր, 2019

Յուսադրիչ է, որ «Հայաստան» Հիմնադրամը սկսեցաւ մաքրել իր տունը` խթանելով հասարակութեան վստահութեան աճը: Այժմ սփիւռքեան այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը ղեկավարուին «կոռումպացուած»-նեխած առաջնորդներու կողմէն, պէտք է հետեւին «Հայաստան» Հիմնադրամի օրինակին եւ պաշտօնազրկեն իրէնց «Խնամի-Ծանօթ-Բարեկամ»-«ԽԾԲ»ական մէնատէրերուն: Ի վերջոյ, ի՞նչ բարոյական իրաւունք ունին սփիւռքի այդ կոռումպացուած տարրերը, քննադատելու Հայաստանի մէջ նեխուածութիւնն ու նեպոտիզմը, երբ իրե՛նք խեղդուած են նեխուածութեան եւ նեպոտիզմի մէջ:

Նեխուածութենէն ազատուիլը բուժում կը բերէ անհատին, ընտանիքին, կազմակերպութեան, հասարակութեան եւ ժողովուրդին եւ կþօգնէ անոնց բարգաւաճման:
Դեռեւս 2018-ի Յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճիշտ էր, երբ ան իր ֆեյսպուքեան էջին մէջ գրած էր. «Հայաստան Հիմնադրամի շուրջ զարգացումները չեն թուլացներ, բայց անոնք կը պատրաստւուին են բարձրացնել Սփիւռքի վստահութիւնը համահայկական հիմնադրամի նկատմամբ»:
Աւելի ուշ, վարչապետ Փաշինեան համօգտագործեց տեսաերիզի հղում մը ան կը ներկայացնէր իր խօսքը, որ ան ըսած էր Մայիսի 25-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» Հիմնադրամի հոգաբար-ձուներու խորհուրդի նիստի ընթացքին՝ ընդգծելով «Մենք պատրաստւում ենք ապացուցել, որ մենք չենք տրամադիր չենք հան-դուրժելու չարաշահման որեւէ կողմի դրսեւո-րում»:
Սփիւռքահայերը պէտք է հետեւին Վարչա-պետ Փաշինեանի օրի-նակին՝ ըսելով. «Մենք՝ սփիւռքահայերս, ապա-ցուցելու ենք, որ չենք պատրաստւուիր հան-դուրժելու չարաշահման որեւէ կողմի դրսեւորում սփիւռքեան որեւէ հա-մայնքային կամ կրօնա-կան կարոյցէ կամ կազմակերպութենէ ներս»:
Որպէս «Հայաստան Հիմնադրամի» վաղեմի զօրակից, ես միացայ հազարաւոր այլ զօրակիցներու՝ գնահատելով Վարչապետ Փաշինեանի եւ անոր վարչակազմի ջանքերուն՝ թափանցիկութիւն բերելու ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներու, այլ նաեւ ողջ սփիւռքի համար:
Միանշանակօրէն կասկած չի կայ, որ Սփիւռքի, Հայաս-տանի եւ Արցախի մէջ աշխարհի հայ նուիրատուները կը շարունակեն նուիրել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդա-սիրական նախագծերուն, որոնք կþիրականացնուին «Հայ-աստան» Հիմնադրամի կողմէ, քանի դեռ հիմնադրամը կը ձգտի կայուն եւ լիակատար թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան:
2018-ի Յուլիսին, մատնանշելով կոռումպացուած տարրերը, որոնք դեռ առկայ են կազմակերպութեան մէջ եւ անոնց նեպոտիստական գործելաձեւը, ամերիկահայ նշանաւոր փաստաբան Մարք Կիրակոս քաջաբար գրած էր Հայաստանի պետական, եկեղեցական եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ղեկավար-ներուն ուղղուած ե-նամակի մը մէջ. «Ըստ երեւոյթին, «Հայաստան» Հիմնադրամ կը խորհի թէ «մերոնցից» մէկին պաշտօնի կոչումով լուծում յառաջացուցած կ՛ըլլանք մեր երդմանակալ պարտականութիւններէն ազատուելու համար: … Ամօթ մեզ եւ ինձ՝ այն բանի համար, որ (լռութեամբ) մեղսակից եղած ենք մեր ժողուուրդէն գողացման մէջ եւ այդ ամբողջ ծածկոյթը»:
Կազմակերպական կոռուպցիայի եւ նեպոտիզմի դէմ բարձրաձայն եւ յստակ խօսելով‘ Պր. Կիրակոս հիանալի օրինակ կը ծառայէ այսպէս կոչուած, «բարձր խաւի» դերակատարներու համար Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքէն ներս‘ ոչ թէ լռելու, այլ խօսելու յօգուտ արդարութեան եւ թափանցիկութեան։
Պր. Կիրակոսի մտահոգութիւնները չեն ինկած խուլ ականջներու վրայ ամերիկահայ համայնքէն ներս: Այժմ ոգեշնչող է տեսնել չորս յստակ, բայց փոխկա-պակցուած բարեփոխում-ներու շարժումներ. Արեւ-մըտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յե-ղափոխական Դաշնակ-ցութեան Փրկութեան Շար-ժում՝ Վիգէն եւ Նօրա Յով-սէփեանէն, Հայ եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը Արք. Յովնան Տէրտէրեանէն Փրկութեան Շարժում; ՀԲԸՄ-ի Հայ Բարե-գործական Ընդհանուր Միութիւնը Պերճ Սեդրակեանէն, Սինան Սինանեանէն, Երուանդ Տէմիրճեանէն եւ գործակիցներէ Փրկութեան Շարժում, եւ ԱՄՆ-ի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Էտմոն Ազատեանէն եւ Յարութիւն Արզումանեանէն: Բարեփոխումներու այս շարժումները օրը օրին թափ կ՛առնեն եւ արժանի են զանգուածային մասնակցութեան ու ակտիւ աջակցութեան:
Խօսելով «Հայաստան» Հիմնադրամի ներկայ եւ ապագայի մասին՝ նպատակ հետապնդելով աշխարհի հայ նուիրատուներու մօտ Հիմնադրամի նկատմամբ վստահութիւնը առաւել բարձրացումը, Վարչապետ Փաշինեան կրնայ հետապնդել Սփիւռքի եւ Հայաստանի «Հայաստան» Հիմնադը-րամի մասնաճիւղերու հզօրացումը՝ ժողովրդա-վարացնելով իր հոգա-բարձուներու կամ կառա-վարիչներու խորհուրդի ձեւաւորման գործընթացը հազարաւոր նուիրատու-ներու քվեարկութեան մի-ջոցով:
Որեւէ գումարի նուիրատուները կրնան քուէարկել ընտրելու համար վստահելի, յարգուած եւ հեղինակաւոր թեկնածուներ՝ որպէս հոգա-բարձուներու խորհրդի անդամ։ Ասյպէսով, հասարակութեան վստահութիւնն ու վստա-հութիւնը կրնան զգալի-օրէն զօրանալ՝ նպաստ-ելով նուիրատուներու եւ ֆոնդերու քանակի կայուն տարեկան աճին: Հավերժ թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան տոկուն համակարգով ապահովուած ժողովրդա-վարական ներկայացուց-չութիւնը կրնայ ծառայել որպէս առողջ հայկական պետութեան եւ աշխոյժ սփիւռքի հիմք: Առանց առողջ հայկական սփիւռ-քի Հայաստանը կրնայ դառնալ նոյնքան խոցելի, որքան 1918-1920 թուա-կաններու Հայաստանի Հանրապետութիւն եղաւ: Առաջին հայկական հան-րապետութիւնն այնքան օրհնուած եւ բախտաւոր չէր, որքան այսօրուայ Հայաստանը:
Հայկական Հիմնադը-րամը կրնայ նախախնա-մական դեր ստանձնել Հայ ազգի ճակատագրին մէջ: Այն պէտք է սնուցուի եւ պաշտպանուի ամեն գը-նով, որպէսզի ապահովուի անոր արագընթաց աճը:
«Հայաստան» Հիմնա-դըրամի բարօրութեան վե-րաբերող հրատապ հար-ցում մը, որ արժանի է վճռական պատասխանի. «Պէտք է արդեօ՞ք, Հայաս-տան Հիմնադրամը զերծ մնայ սերտօրէն միաւորուելէ Սփիւռքի եւ յատկապէս Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայ համայնքի վարկաբեկուած անդամներու հետ: Միանշանակ՝ այ՛ո։
Ինչու՞։ «Հայաստան» Հիմնադրամ չի կրնար իրեն թոյլ տալ միաւորուիլ այնպիսի վարկաբեկուած տարրերու հետ, ինչպիսիք են՝

  • ՀՅԴ-ի կամ Հայ Դատի (ANCA-WR) մէնատէրեր Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեանները:
  • Արեւմտեան Թեմի փափկախօս սակայն փաստարկուած ստախօս եւ խաբեբայ ու լիազօրութիւնները չարաշահող Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որուն կ՛օժանդակեն փաստաբաններ ժոզէֆ Կանիմեան եւ Ադրիենն Գրիգորեան:
  • Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ-ի) «խունթա»ի պարագլուխներ Պերճ Սեդրակեանը, Սինան Սինանեանը, Երուանդ Տէմիրճեանը, Վազգէն Եագուբեանը եւ
  • Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԱՄՆ) կեդրոնական խորհուրդի մէնատէրեր՝ Էտմոն Ազատեանը եւ Յարութիւն Արզու-մանեանը։
    Վերը նշուած այս անհատները որոնք կասկածելի նպատակներ կը հետապնդեն եւ ունին հանրային ծառայութեան խղճուկ վիճակացոյց պէտք չէ վստահուին եւ թոյլատրուին խաթարել «Հայաստան» Հիմնադրամի անունը եւ հեղինակութիւնը: «Հայաստան» Հիմնա-դրամին անհրաժեշտ են բոլոր այն դրական ազդեցութիւնները որ մենք կրնանք տալ եւ ան չի կրնար ինքիրեն թոյլ տալ գործելու այդպիսի ծանր սխալներ:
    Ճիշտ է, որ Յովսէփեան, Տէրտէրեան, Սեդրակեան, Սինանեան, Տէմիրճեան, Եակուպեան, Ազատեան եւ անոնց մերձաւոր զինակիցները կրնան որոշ գումարներ հաւաքել, բայց անոնց ներկայութիւնը կրնայ հանրային անվստահութեան մակարդակ կտրուկ բարձրացնել ե՛ւ ամերիկահայ համայնքէն ներս ե՛ւ Սփիւռքի տարածքին։ Առհասարակ, անոնց ներկայութիւնը վանող եւ վհատեցնող տեսակ է։ Սա գաղտնիք չէ հազարաւոր նուիրատուներու համար որոնք կրնան ետ կանգնիլ նուիրատւութիւն կատարելէ եթէ այդպիսի վնասակար տարրերը որեւէ հայկական ձեռնարկի մասնակցին։ Անոնց մասնակցութեան առ ի հետեւանք՝ հնարաւոր է, որ « Հայաստան» հիմնադրամը միլիոնաւոր տոլարներ կորսնցնէ:
    Հիմնադրամի ներկայ ղեկավարութիւնը թոյլ տալով Յովսէփեանին, Տէրտէրեանին, Սեդրակեանին, Սինանեանին, Տէմիրճեանին, Եագուպեանին, Ազատեանին եւ անոնց գործընկերներուն առեւանգել «Հայաստան» Հիմնադրամը արգելք կենալով անոր առողջ աճման գործընքացին։ Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը կրնայ անդառնալի վնաս պատճառել ոչ միայն «Հայաստան» հիմնադրամին, այլեւ Հայ ազգին: Մենք պէտք է զերծ մնանք այն վնասակար տարրերէն, որոնք իրականութեան մէջ մեր ժողովուրդի ներքին թշնամիներն են:
    Երբ սփիւռքահայ կրօնական եւ համայնքային կազմակերպութիւն մը «առողջութեան վկայագիր» կը ստանայ հայ հասարակական կարծիքի հրապարակէն՝ լիովին զերծ մնալով նեխուածութենէ եւ «ԽԾԲ»ութենէ, միայն այդ պարագային է, որ այդպիսի կազմա-կերպութեան մը պէտք է թոյլ տրուի համագործակցիլ «Հայաստան» Հիմնադրամի հետ:
    Այլ կազմակերպութիւններ, որոնք բացասաբար ազդուած են նեխուածութենէ անոնք կրնան միայն թոյլատրուիլ համագործակցիլ «Հայաստան» Հիմնադրամի հետ միայն այն բանէն յետոյ, երբ անոնք կը մաքրուին եւ կը ձեռբազատուին իրէնց նեխած կազմակերպչական ղեկավարներէն:
    Որեւէ կազմակերպութիւններու բարեսիրտ անդամներու անձնական մասնակցութեան դէմ պէտք չէ որ արգելքներ ըլլան:
    Մի քանի տարի շարունակ, ամենամեայ հեռուստամարաթոններու ընթացքին երբ ես ինծի կուտամ այն հարցումը, թէ արդեօ՞ք ես պէտք է նուիրեմ, պատասխանը միանաշանակ եղած է. «Մասնակցիլ եւ պահանջել թափանցիկութիւն եւ հաշուետւութիւն»:
    Իմ մասնակցութիւնը այս տարվայ «Հայաստան հիմնադրամի» հեռուստամարաթոնին կրկին կþառաջնորդուի նոյն սկզբունքով: Ես նուիրեմ եւ հաշուետւութիւն կը պահանջեմ:
    Հոգ չէ թէ միշտ ալ եղած են շարք մը մտահոգութիւններ, ուրախալի է, որ հազարաւոր մարդիկ — այսինքն 15,000 նուիրատուներ, մասնակցած են մինչ 2018-ի «Հայաստան» Հիմնադրամի հեռուս-տամարաթոնին «Հայաստան» Հիմնադրամը դարձնելով աշխարհի ամենաժողովրդական եւ մասսայական բարեգործական կառոյցը:
    Եթէ մենք կարողանանք հաւաքականօրէն խրախուսել աւելի շատ հայերու եւ հայ ազգի բարեկամներու մասնակցութիւնը, մօտ ապագային տարեկան նուիրատուներու թիւը կրնայ հեշտութեամբ կրկնապատկուիլ: Եե եթէ մենք իսկապէս կազմակերպուինք եւ մաքրենք մեր ազգային տունը ներքին կործանարար տարրերէ, ապա հասարակութեան վստահութիւնը կրնայ այդքան եւ աւելի աճիլ, եւ հաւաքուած տարեկան գումարները տեսանելի ապագային կրնան հասնիլ աներեւակայելի բարձունքներու կայծ տալով համազգային տնտեսական բարգաւաճման:
    Անցած տասնամեակներու ընթացքին «Հայաստան» Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի անդամներ նշանակովի եղած են: Իմ կարծիքով, մեծապէս գնահատելի պիտի ըլլայ եթէ «Հայաստան» հիմնադրամի հազարաւոր նուիրատուներու կողմէ ուղղակի քուէարկութիւն կատարուի «Հայաստան» Հիմնադրամի հոգաբար-ձուներու խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամ ընտրուի ժողովրդա-վարական գործընթացներու միջոցով:
    Իհարկէ, մի քանի տարբերակ կարելի է մշակել, որոնք կրնան հաշուի առնուիլ «Հայաստան» Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովրդավարական վերակազմաւորման գործընթացին մէջ: Եւ ճանապարհներէն մէկը կրնայ ըլլալ հետեւեալը. հոգաբարձուներու խորհրդի անդամները կրնան ընտրուիլ 2-, 4- կամ 6-ամեայ ժամկետային սահմանաչափով:
    «Հայաստան» Հիմնադրամը ազգային գանձ է, որ արժանի է զանգուածային օժանդակութեան, եւ որ ամենակարեւորը՝ կառա-վարուի բացարձակ թափանցիկութեամբ եւ հաշուետւողակա-նութեամբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *