Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան 2 Ոսկի Մետալի Տիրացաւ Ռուսիոյ Մէջ

Posted on December. 7. 2019

Հայաստանի մարմնամարզու-թեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան Ռուսիայէն յայտարարեց, որ հաւաքականի յառաջատար Արթուր Դաւթեան 2 ոսկի մետալի տիրացաւ ռուսական Փենզա քաղաքին մէջ տեղի ունեցածողիմպիականի կրկնակի ախոյեան Միհայիլ Վորոնինի անուան բաժակի մրցաշարքին: Սերոբեան ըսաւ, որ այս մրցաշարքը բաւական զօրաւոր էր նկատի ունենալով, որ անոր մաս-նակցեցան Ռուսիայէն, Ճափոնէն, Հարաւային Քորէայէն եւ այլ երկիրներէ մարզիկներ:
Արթուր Դաւթեան արդէն իսկ ապահոված է ողիմպիականի (Թոքիօ-2020) իր տոմսը` Շթութկարթի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան բազմամարտի մրցումներուն գրաւելով 9-րդ դիրքը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *