Յարգարժան պարոն Յովսէփ Կանիմեան, Լոս Անճելոս

Posted on December. 14. 2019

Ծանօթ. Խմբ. – Շատ ճիշդ կռահած եք, որ յդ փաստաբանը Յովսէփ Կանիմեանն է: Այդ ՎԱԽԿՈՏ արարածին այս տարուան 28 Ապրիլին նամակ մը ղրկած էի (կը կցեմ), որուն ան ոչ միայն չպատասխանեց, այլեւ նուազագոյն քաղաքավարութիւնն իսկ չունեցաւ ստացած ըլլալուն մասին երկտողով մը յայտնելու ինծի: Գարեգին Բըըը-ի սարսափը այնքան մեծ է երեւի, որ փաստաբան կանիմեաններ իսկ կատու կը կտրին այդ գազանին առջեւ: Ամօ՛թ իրեն:

Ձեզ կը ճանչնամ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի օրերէն: Երբ ընդունուեցայ 6-րդ դասարան, աւարտական դասարանն էիք: Բացի ատկէ, Պուրճ Համմուտի Արաքս սինե-մայի փողոցին վրայ, անոր ճիշդ դիմացը կը գտնուէր Ձեր հօրական՝ բրդեղէնի խանութը, 100 մեթր անդին՝ իմ մօրեղ-բայրներուս մսագործի խա-նութը: Ինչեւէ: Գիտեմ նաեւ, որ հարազատական կապեր ունիք բոլորիս սիրելի կատակերգակ ընկերոջս՝ Յարութ Սողոմոնեանին հետ: Բացի այս բոլորէն, զիրար կը յուսամ աւելի՛ ճանչցանք նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առնչուած վերջին տարիներու իրադարձութեանց հետեւելով:
Դուք ատենապետն էք Ա. Մ. Ն.ի արեւմտեան էջմիածնական թեմի Թեմական Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին: Այս երկու հանգամանքները, նաեւ Ձեր՝ փաստաբանի մասնագիտութիւնը ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆ, որ Դուք կանգնիք արդարութեան եւ ճշմարտութեան կողքին:
Վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար վերջին ամիսներուն հնչեցին ու դեռ կը հնչեն տաս-նեակներով մեղադրանքներ Մայր Աթոռի այսօրուան գահակալին, Արեւմտեան թեմի եւ այլ թեմերու առաջնորդներու, զանազան աստիճանի եւ պաշտօնի «հոգեւորական»ներու մասին, սակայն այդ բոլոր մեղադրանքները Կ’ԱՆ-ՏԵՍՈՒԻՆ, մինչդեռ մեր Եկեղեցւոյ ժողո-վրդավարական կառոյցը կը պահանջէ հաշուե-տուութիւն եւ հաշուառութիւն, նման մեղա-դրանքներու պարագային՝ ՓԱՍՏԵՐՈՒ ԼՈՒՐՋ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ եւ ՎՃՌԱՀԱՏՈՒՄ, որոնք ԲՆԱՒ չեն կատարուիր: Ինչո՞ւ, ո՞րն է «ար-դարացումը» այս անտարբերութեան. փոխանակ վերահսկողութիւն իրականացնելու, այսօր արդեօք կը նախընտրենք կապիկին հռչակաւոր ու դասական երեք դիրքե՞րը՝ չտեսայ, չլսեցի, չեմ ուզեր խօսիլ: Ցաւալի է, յոյժ ցաւալի է այս տխուր փաստը, որ ոչ միայն չի նպաստեր առկայ հարցերու լուծման, այլեւ աւելի ու աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը, մեր Եկեղեցին տանելով դէպի յաւելեալ անդամալուծութիւն ու մահացում (Աստուած մի՛ արասցէ): Ատոր փաստացի իրականութիւնն է եկեղեցիներու գրեթէ ամ-բողջովին պարապութիւնը ոչ-տօնական օրերու Ս. Պատարագներուն:
Մեր Եկեղեցին ունեցած է մեծ Հայրապետներ, որոնք ինքնազոհաբերուած են վասն իրենց հօտի հոգեւոր դաստիարակութեան ու հոգեւոր հարստացման: Ցաւօք, այսօրուան մեր «հովիւ»ներուն մեծ մասը ոչ միայն շատ հեռու է բարի ու քաջ հովիւ ըլլալէ, այլեւ ամէն կերպ կը ձգտի թագաւորի նման ապրելու, ինչպէս վերջերս առանց ամչնալու, խորանէն իր քարոզի ատեն յայտարարեց Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ քաղաքի չ–քահանան եւ … մնաց անպատիժ, կարծես անոր այդ ամբարտաւան կեցուածքը բնական ըլլար: Այս պարագային անպատժելիութիւնը կ’արտացոլէ այն տխուր փաստը, որ այդ սքեմաւորին նման կը խորհի այսօրուան «հոգեւորական»ներուն մեծ մասը:
Այսու կը դիմեմ Ձեզի, պարոն Կանիմեա՛ն, իբրեւ բազմակի պաշտօնակիր հանգամանք-ներու բերումով բազմակի պատասխանա-տուութիւններ ունեցող անձի, որպէսզի ի վերջոյ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ ապահովուի Մայր Աթոռի ու անոր թեմերու գործունէութեանց մէջ, մէկ առ մէկ քննուին ՓԱՍՏԵՐՈՎ ներկայացուող մեղա-դրանքները, մեղաւորները, ընդհուպ մինչեւ Մայր Աթոռի գահակալը, պատժուին եթէ անհերքելիօրէն ապացուցուի անոնց դրժումը իրեց ուխտերուն եւ պատասխանատուութիւնը մեր Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռի ու անոր թեմերու այսօր պարզած տխուր իրականութեան մէջ:
Բոլորս պէտք է միշտ յիշենք, թէ կայ նաեւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ, որ շատ անողոք է: Դեռ չեմ խօսիր նաեւ Աստուծոյ դատաստանին մասին…

Յարգանքներով՝
Գէորգ Եազըճեան, պատմաբան
Երեւան, 28 ապրիլ 2019

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *