Posted on January. 10. 2020
Իրանի Արաք քաղաքի Սուրբ Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու բաժանմունքի «Ղոտս» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար, զօրավար Ղասէմ Սոլէյմանիի յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն լուսանկարներով անդրադարձած է IRNA գործակալութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
Նշենք, որ Յունուար 3-ին, Պաղտատի մէջ սպաննուած էր Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու բաժանմունքի զօրավար Ղասէմ Սոլէյմանին: Զօրավարի սպանութենէն ետք՝ Իրանի ԱԳՆ կանչուած էր Զուիցերիոյ դեսպան Մարգուս Լէյթները, որ կը ներկայացնէ ԱՄՆ շահերը Թեհրանի մէջ: