Հայ Դատի Հանրային Հանդիպումը Կլենտէյլի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Թեկնածուներուն Հետ՝ 15 Յունուարին

Posted on January. 10. 2020

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ կազմակերպած է «Ծանօթացէք ձեր թեկնածուներուն» թեմայով հանրային հանդիպում մը՝ իբրեւ եզրափակիչ հանգրուան իր զօրակցութեան աշխատանքներուն: Հանրային այս հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ 15 Յունուարին, առիթ մը պիտի ըլլայ Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւնեերուն մասնակցող թեկնածուներուն՝ հանրութեան ներկայացնելու իրենց պատկերացումները եւ ծրագիրները քաղաքին համար իրենց տանելիք աշխատանքներուն մասին:
«Հանրային այս հանդիպումին նպատակն է հանրութիւնը տեղեկացնել զանազան հարցերու վերաբերեալ քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուներուն դիրքոշումներուն մասին», յայտնեց յանձնախումբի ատենապետուհի Լուսի Պետրոսեան՝ աւելցնելով. «Այս հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ երկխօսութիւն մը սկսելու հանրութեան եւ թեկնածուներուն միջեւ»:
Հանրային այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն թեկնածուներ Կրէկ Աստորեան, Տեն Պրոթմըն, Փաուլա Տըվայն, Վարդան Կարպետեան, Արտի Քասախեան եւ Լէոնարտ Մանուկեան:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W.Chestnut Street, Glendale CA 91204) երեկոյեան ժամը 7ին։ Անիկա պիտի հանդիսանայ եզրափակիչ հանգրուանը յանձնախումբի թեկնածուներու զօրակցութեան ընթացակարգին, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ առանձին հանդիպումներ եւ հարցապնդումներ թեկնածուներուն հետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *