Posted on January. 18. 2020
Լոս Անճելըս Նոյ. 23, 2019
Յարգարժան Պրն. Երուանդ Զորեան,
Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնական մարմնի անդամ:
Մեծ Մտահոգութեամբ, Ցաւով եւ Ցասումով Ստացանք Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ. Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Դպրոցի Փակման Տխուր Լուրը
Ներքոստորագրեալներս յաճախած եւ կամ աւարտած ենք Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ. Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդր. վարժարանը 1977-ին:
Գիտենք Ձեր համակարգիչի AVC-ի որպէս հիմնադիր եւ ծրագրաւորող տարած աշխատանքները, հազարաւոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն սորվեցնելու մեր ոսկեղենիկ լեզուն եւ մշակոյթը, ձեր վարձքը կատար, բայց…
Վերջերս մեծ մտահոգութեամբ, ցաւով եւ ցասումով ստացանք Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ. Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցի փակման տխուր լուրը:
Սփիւռքի տարածքին հայկական ամէնօրեայ դպրոց փակելը անընդունելի է…մանաւանդ երբ կը պատկանի հզօրագոյն Հ.Բ.Ը.Մ. կառոյցին:
Մեր լեզուն Սփիւռքի տարածքին հայապահպանման հիմնական կռուանն է, մեր լինելութեան գրաւականը:
Մենք եւ մեզ նման մտածող եւ գործող հազարաւոր հայորդիներ դէմ են Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնական մարմնի որոշումին Փասատինայի դպրոցը փակելուն… դէմ էին եւ ԷՆ նախկին փակուած դպրոցներուն:
Հայերէն լեզուն այդ ամենաառաջ Յ.Թումանեանն է, Դ. Վարուժանն է, Չարենցն է, Սիամանթոն է, Իսահակեանն է, Շուշանեանն ու Համաստեղն է, մեր հոգին է… անոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ հայերէնը՝ գեղեցիկ է, երգեցիկ, ճկուն, արտայայտիչ, տարողունակ եւ ճարպիկ: Հայկական ամէնօրեայ դպրոցներուն մէջ մեր մատղաշ սերունդը կը սորվին եւ պիտի սորվին ԱՄԷՆ ՕՐ ոսկեղենիկ, հիանալի լեզուն, մեր հարուստ մշակոյթը:
Դուք պարոնայք դպրոցներ փակելով ուղղակիօրէն կը հարուածէք մեր լինելիութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ. փառաւոր վարկն ու անունը կը վտանգէք, ստուգապէս:
Սփիւռքի տարածքին ազգային ձուլումը մեծ տարողութեան հասած է: Այդ ազգակործան վիճակին դէմ առնելու, պայքարելու համար ո՛չ թէ արդէն 13 տարիներէ գործող հայկական դպրոց փակելն է, այլեւ նոր դպրոցներ բանալը, վտանգուած դպրոցները փակուելէ փրկելը, ահա ա՛յս է Հ.Բ.Ը.Մ.ի, որպէս բարեսիրական մեծագոյն կազմակերպութիւն, պարտականութիւնը եւ նպատակը:
Մատթէոս Մամուրեան իրաւացիօրէն ըսած է. «Տեսուչը եւ ուսուցիչ-ները՝ որպէս կրթութեան սպասաւորներ կու գան ու կ՚երթան, իսկ դպրոցները կան ու կը մնան իբրեւ ազգին նուիրական տուներ, որոնք եթէ չքանան կամ անշքանան, հասարակութիւնը (կազմակերպութիւնը) պատասխանատու կը մնայ պատմութեան դատաստանին առջեւ»:
Պրն. Զորեան կը փափաքինք այս սրտցաւ նամակը կարդաք նախագահ Պրն. Պերճ Սեդրաքեանին, վարչական ընկերներուն, որպէսզի վերանային այդ անընդունելի որոշումը եւ մտածեն մեր համայնքի զաւակներու հայեցի դաստիարա-կութեան մասին:
Կը սպասենք ԴՐԱԿԱՆ պատասխանի:
Ի դիմաց 1977-ի շրջանաւարտներուն`
Նորա Ակիշեան-Թաթարեան
Սոնա Նալճեան-Թուլումճեան
Յովսէփ Նալպանտեան
Ազնիւ Գալայճեան
Լինա Համալեան-Արսլանեան
Վարուժ Մահսերեճեան
Սեդա Վարդանեան-Մահսերեճեան
Վրէժ Գաբրիէլեան
Անի Ֆսթգճեան
Սօսի Մելքոնեան
Անի Տոնապետեան
Գօգօ Չերքեզեան