Սուրիոյ Հայ Համայնքը Աւերուածը Վերականգնելու Աշխատանքներ Կ՛իրականացնէ. Զարմիկ Պողիկեան

Posted on January. 18. 2020

Սուրիոյ մէջ, նախորդ տարիներու համեմատ, այժմ ապրիլը աւելի անվտանգ է, «Արցախփրես» -ին ըսած է Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան:
Անոր խօսքովսուրիական բանակը օրէ օր կը յառաջանայ յատկապէս Իտլիպի ուղղութեամբ:
«Անապահով են առաւելապէս Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները, ուր ներխուժած են թրքական զինուած ուժերը եւ բռնագրաւած սուրիական բնակավայրեր: Այդ բնակավարերուն մէջ ապրող հայութիւնը զգուշութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն, որովհետեւ պատմութենէն արդէն ծանօթ ենք թրքական բարբարոսութիւններուն եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան: Որոշ հայ ընտանիքներ տեղափոխուած են աւելի ապահով վայրերդէպի Գամիշլիի, Ռաքքա, Հասիչէ, Տէրիք եւ Հալէպ: Հալէպի առօրեան համեմատաբար անվտանգ է, սակայն նահանգի արուարձաններու մէջ հաստատուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները մերթ ընդ մերթ կը հրթիռակոծեն հարաւարեւմտեան շրջանները», -մասնաւորապէս ըսած է Պողիկեան: Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն երկու տարիէ Հալէպի հայ համայնքը սկսած է վերականգնման աշխատանքները: Անցնող տարիներուն աստիճանաբար վերանորոգուած են հայկական եկեղեցիներն ու վարժարանները, ազգային կեանքը աշխոյժացած է, կը գործեն բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Ըստ խմբագիրին պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ եւ անոր ենթակայ խմբաւորումներու` երկրին մէջ գործած աւերն ու թալանը, Միացեալ Նահանգներու կիրառած տնտեսական պատժամիջոցները, սուրիական քարածուխի հանքերու պաշարումը, երկրին մէջ տնտեսական տագնապն ու սղաճը ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ տեղի հայութեան ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններն են: Անկայուն է նաեւ ծառայողական ոլորտը, առաւելապէս վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան խնդիր կայ:
«Պետութիւնը կը գործադրէ բոլոր ջանքերը տնտեսական փոքր ձեռնարկութիւնները զարգացնելու համար, միջոցներ կը յատկացնէ, երիտասարդ ձեռնարկատէրերուն եւ առաւելագոյնը կ՛ընէ, որպէսզի Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութիւնները պահպանեն իրենց գոյութիւնը: Սուրիահայութիւնը ներգրաւուած է երկրի տնտեսական, քաղաքական, կրթական, արդիւնաբերական, մշակութային, ճարտարագիտական, մարզական եւ այլ տարբեր ոլորտներու մէջ եւ իր զգալի ներդրումը ունի այդ ոլորտներու զարգացման գործին: Պէտք է նկատեմ, որ Սուրիայէն արտագաղթը առաջուան ծաւալը չունի: Մարդիկ աստիճանաբար կը շէնցնեն իրենց աւերուած բնակարաններն ու աշխատավայրերը այն յոյսով, որ շուտով խաղաղութիւն կը հաստատուի, եւ երկիրը կը վերագտնէ իր երբեմնի աշխուժութիւնը,- նշած է ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *