Posted on January. 31. 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Սահակ Բ. Մաշալեան 11 Դեկտեմ-բեր 2019-ին ընտրուեցաւ պոլսահայոց պատրիարք եւ այդ թուականէն ի վեր թրքական մամուլին կարգ մը հարցազրոյցներ տալէ ետք, 15 Յունուար 2020ին պատասխանած է զինք քննադատող հայերուն՝ պաշտօնական «Լուսաբանութիւն» հրապարակելով Թուրքիա հրատարակուող հայկական թերթի մէջ։
Կարեւոր է նշել, որ պատրիարքը քննադատողները պարզապէս անոնք չէին, որոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս՝ անարդարօրէն մեղադրուելով սթամպուլահայերու նկատմամբ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ բռնակալական վերաբերումի մասին անտեղեակ ըլլալու յանցանքով: Բացի Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու քննադատութենէն` պատրիարքը քննադատութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Թուրքիա ապրող հայերու, ինչպէս նաեւ Սթամպուլի մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթին կողմէ։
Թրքական «Աքշամ» թերթին՝ պատրիարքին տուած հարցազրոյցը առաջացուց ամէնէն մեծ հակասութիւնը, քանի որ ան պոլսահայերը ոչ միայն հեռացուց սփիւռքահայերէն, այլեւ նսեմացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ահռելի ողբեր-գութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը դժգոհեցաւ, որ «Աքշամ»ի հետ հար-ցազրոյցին մէջ քանի մը արտայայտութիւններ, ստանալով առաւել բացասական մեկնաբանութիւններ եւ չափազանցելով հասկացողութեան սահմանները, վերածուած են իր անունը մրոտելու արշաւի։
Պատրիարքը ափսոսանք յայտնած է, որ քառասուն վայրկեան տեւողութեամբ իր հարցազրոյցին մէջ անոր «ներկայացուցած ծաւալուն բացատրութիւններն ու մանրամասնութիւնները, բնականաբար, տեղ չեն գտած յօդուածին մէջ։ Թերթին մէջ յայտնուած խօսքերը զտուած են այն բացատրութիւններէն, որոնք տրուած էին ի պատասխան մասնաւոր հարցումին։ Սոյն ոճը եղած է խմբագիրի ընտրութիւնը։ Առանց հարցումները նկատի ունենալու, երբ միայն պատասխանները կը ներկայացուին, տեղ կը գտնէ իմաստափոխութիւն, որովհետեւ խօսքերը զետեղուած են իրարայաջորդ ձեւով՝ իրարու ետեւէ։ Այս պարագային, անոնք կը վերածուին անյստակ ասոյթներու եւ սխալ արտայայտութիւններու, որոնք կ՛իմաստազրկեն փոխանցուած գաղափարը»։
Այնուհետեւ պատրիարքը յայտարարած է, որ թրքահայերու մասին հարցումին ինք տուած է հետեւեալ պատասխանը. «Թուրքիոյ հայերը, ի տարբերութիւն Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերու, կը կազմեն երրորդ հատուած մը։ Վարչական եւ տնտեսական տեսակէտէ, հայկական Սփիւռքը մեզի հետ կապ չունիգ մենք ինքնաբաւ ենք»։
Երբ Նորին Ամենապատուութեան հարցուցած են Թուրքիոյ նկատմամբ սփիւռքահայերու անհաշտ վերաբերումի եւ անոնց բացասական կեցուածքի պատճառներուն մասին, ան պնդած է, որ տրուած պատասխանը չի պատկանիր իրեն, այլ պարզ ընկերաբական ճշգրտում է՝ բոլորին ծանօթ՝ հետեւեալ ձեւով արտայայտուած. «100 տարի առաջ մեծ ողբերգութիւններով այս հողերէն մեկնած մարդիկ, իրենց ապրած հոգեցնցումը փոխանցած են ապագայ սերունդներուն եւ անդրադարձած են, որ հայոց ինքնութեան եւ ատոր պահպանման համար օգտակար եւ անհրաժեշտ է կառուցել Ցեղասպանութեան գիտակցութիւն։ Անոնք 100 տարիէ աւելի կը շարունակեն ապրիլ Թուրքիայէն եւ թուրքերէն հեռու գոյավիճակի մէջ։ Իսկ մենք՝ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերս, շարունակած ենք մեր կեանքը կիսել թուրքերու հետ այս հողերի վրայ եւ ձեռք բերել միասին ապրելու փորձառութիւն։ Այս առումով, մենք իւրայատուկ հայեր ենք Հայկական աշխարհի մէջ»։
Պատրիարքի «Լուսաբանութիւնը» կը շարունակէ. «Նման գերզգայուն նիւթերու շուրջ մարդոց առաջնահերթութիւնը եղած է այն, որ միշտ իրենց ուզածը լսած են, եւ ոչ թէ այն՝ ինչ որ թրքահայոց պատրիարքները կ՛ըսեն եւ ինչպիսի պայմաններու ներքոյ։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքներուն վիճակուած է ըլլալ՝ երբեք չհալող երկու մեծ սառցաբեկորներու միջեւ ճզմուող նաւու նաւապետ։ Այս դրութեան մէջ, կարելի չէ միշտ ներդաշնակութիւն ապահովել, եւ տեղի կ՛ունենան վրիպումներ, որոնք կողմերէն մէկուն սխալ կը թուին։ Սահակ պատրիարքը եւս, իր նախորդներուն նման, փորձած է Հայկական Հարցին մասին բոլոր կողմերը գոհացնող կատարեալ պատասխաններ տալ։ Երբեք ընդունելի չէ որեւէ կողմի նկատմամբ մերժողական եւ աննկատ թողնելու կեցուածքը: Ամէն ոք պէտք է նախ ճիշդ ըմբռնէ, թէ իրականութեան մէջ ինչեր արտայայտուած են արտասանուած խօսքերով եւ ապա քննադատել»։
Սփիւռքի մէջ ոմանք կրնան համաձայնիլ պատրիարքի խօսքերուն հետ՝ ընդգծելով այն ծանր պայմանները, ուր կը գտնուին ան եւ հայկական համայնքը։ Ոեւէ հայ, որ ծանօթ է այդ բռնակալական պայմաններուն, կրնայ որեւէ չափով կարեկից ըլլալ պատրիարքի դրութեան։
Մեր նպատակը երբեք եղած չէ յորդորել պատրիարքը՝ հակադրուիլ թրքական իշխանութիւններուն։ Ի վերջոյ, ան պատասխանատու է իր համայնքի ապա-հովութեան: Պատրիարքէն միայն մէկ խնդրանք ունինք՝ զգոյշ ըլլալ իր խօսքերուն, չվանել իր հետեւորդները Թուրքիայէն եւ չվիրաւորել 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը՝ ուղղակիօրէն ներգրաւուելով ժխտողական քաղաքականութեան մէջ: Կարելի եղած պարագային պատրիարքը պէտք է խուսափի հարցազրոյցներ տալէ թրքական մամուլին: Ան պէտք է նշանակէ մամուլի խօսնակ, որ ի վիճակի ըլլայ խուսափիլ դժուար եւ զգայուն հարցերէ, յատկապէս՝ քաղաքական հարցերու վերաբերեալ: Եթէ խօսնակը սխալ թոյլ կու տայ, ատոր հետեւանքը աւելի նուազ է, քան պատրիարքին թոյլ տուած սխալը: Խօսնակները կարելի է դադրեցնել աշխատանքէ, իսկ պատրիարքին պաշտօնը ցմահ է։
Ի վերջոյ, պատրիարքին համար անընդունելի է մեղադրել թրքական թերթը՝ իր խօսքերը սխալ մեկնաբանելուն համար։ Նախ եւ առաջ, մենք չենք գիտեր, թէ ճշգրիտ ի՞նչ ըսած է պատրիարքը թրքական թերթին եւ արդեօք ըսուածը իսկապէս սխա՞լ մեկնաբանուած է: Օրինակ՝ իր վերոնշեալ «Լուսաբանութեան» մէջ, պատրիարքը կը պնդէ, որ թրքական թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ինք օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը, ինչ որ անհաւանական է…
Երկրորդ, պատրիարքը մէկն է, որ ծնած ու մեծցած է Պոլսոյ մէջ եւ լաւ գիտէ թրքական լրատուական միջոցները։ Ան պէտք է գիտնար, որ թրքական մամուլը յաճախ կը խեղաթիւրէ անոնց խօսքերը, որոնց հետ հարցազրոյց վարած է: Հետեւաբար, թրքական մամուլին հարցազրոյց տալը, այնուհետեւ դժգոհիլը, որ իր խօսքերը աղաւաղուած են, անկեղծ չէ: Պատրիարքը պէտք է որ ատիկա գիտնար նախապէս: Թրքական լրատուական միջոցներու աղաւաղումներու մասին բողոքելը հարցազրոյցի հրապարակումէն ետք՝ անխոհեմութիւն է…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան