Posted on February. 22. 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
«Փիւ» հետազօտական կեդրոնի (Pew Research Center) հրապա-րակած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի վրայ շատեր հաւանութիւն չեն տար նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քա-ղաքականութեան։ Ասիկա զարմա-նալի յայտնագործութիւն մը չէ, բայց ասիկա ամբողջութեամբ կը հակասէ նախագահի կատարած պնդումներուն՝ իր ուռճացուած նուաճումներուն մասին։
Նոյնիսկ ընտրուելէն իսկ առաջ նախագահի թեկնածու Թրամփ բազմիցս յայտարարած է, որ նախագահ Պարաք Օպամա յարգանք չէր վայելեր մնացած աշխարհին մէջ, եւ որ ինք, որպէս նա-խագահ, կը վերականգնէ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ օտար երկիրներու յարգանքը:
Հաշուի առնելով Թրամփի բազմա-թիւ չափազանցութիւններն ու բացայայտ սուտերը, ոչ ոքի պէտք է զարմացնէ անոր պնդումներուն կեղծ ըլլալը։ Փաստը այն է, որ իր նախորդը՝ Պարաք Օպամա, շատ յարգուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ, ընդհակառակն, Թրամփ մարդոց մեծամասնութեան կողմէ դարձած է ծաղրանքի առարկայ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս, բացառութեամբ Թուրքիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ բռնակալ ղեկավարներուն։
Եկէք տեսնենք իրական թիւերը՝ «Փիւ» հետազօտական կեդրոնի տուեալներուն հիման վրայ։ Հետազօտուած 33 երկիրներու մէջ միջին հաշուով մարդոց միայն 18%ն է յայտարարած, որ դրական կը համարէ Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Զարմանալի չէ, որ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն բարձր վարկանիշը եղած է իսրայէլացիներու շրջանին մէջ (55%), մինչդեռ 32%ը հաւանութիւն չէ տուած, իսկ 13%ը նշած է՝ «ոչ մէկ տարբերութիւն»:
Հետեւեալ երկիրները, նուազման կարգով, արտայայտած են իրենց հաւանութեան աստիճանը նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ՝ Լեհաստան (34%), Հունգարիա (31%), Ուքրանիա (29%), Նիճերիա (29%), Հնդկաստան (27%), Քենիա (25%), Հարաւային Ափրիկէ (25%), Սլովաքիա (24%), Աւստրալիա (24%), Լիթվա (22%), Չեխիա (22%), Ֆիլիփփիններ (21%), Ինտոնեզիա (19%), Յունաստան (19%), Պուլկարիա (18%), Լիբանան (18%), Մեծն Բրիտանիա (18%), Իտալիա (17%), Ճափոն (17%), Հարաւային Քորէա (16%), Քանատա (16%), Ռուսիա (14%), Հոլանտա (11%), Շուէտ (11 %), Արժանթին (10%), Թունիս (9%), Մեքսիքօ (9%), Թուրքիա (9%), Ֆրանսա (9%), Պրազիլ (8%), Սպանիա (7%) եւ Գերմանիա (6%)։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան հաւանութեան վարկանիշը կազմած է 37%: Մտահոգիչ է այն փաստը, որ ամէնէն ցած վարկանիշներէն մէկ քանին ՆԱԹՕի դաշնակիցներու շրջանէն էին։ Վարկանիշները շատ ցած էին նաեւ դրացի երկիրներուն՝ Քանատայի եւ Մեքսիքոյի մէջ:
Հետազօտուած 33 երկիրներու մէջ քաղաքականութեան առանձին խնդիրներու վերաբերեալ հարցման պատասխանները միջին հաշուով ցոյց կու տան հետեւեալ վարկանիշներըգ