Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» Անդամները Կտրականապէս Դէմ են Նախ. Ժոզէֆ Կանիմեանի Իշխանութեան եւ Դրամի Հափշտակման Արկածախնդրութեան

Posted on February. 22. 2020

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Անցեալ շաբաթուայ յօդուածը՝ ««Լոս Անճելոսի Արարատ Տարեցներու Տուն»ը Շահադիտական Խմբի Կողմէ՝ Հափշտակման Թիրախ» վերնագրով, բուռն արձագանք ստացաւ ընթերցողներու եւ համայնքի մտահոգ անդամներու կողմէն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տան» կազմակերպութեան անդամներու կողմէ:
Արդեօ՞ք Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» գաղտնի թշնամական hափշտակումը, «Խոշոր Ծրագր»ի մը մաս կը կազմէ, որ կանխագծուած է որոշ խմբակցութեան մը կողմէ` համայնքի հաշուին անձնական հարստացման նպատակով, ոչ պատշաճ կերպով հայկական Սփիւռքին պատկանող անշարժ կալուածները եւ ունեցուածքը իւրացնելու համար:
Հիմնադրման օրէն ի վեր «Արարատ Տուն»ը կը ղեկավարուի անդամատուրք վճարող անդամներու կողմէ, որոնք ալ միշտ իրենք է, որ ընտրած են Հոգաբարձուներու Խորհուրդը: Նոր ծրագրի նպատակն է ամբողջապէս ազատուիլ լիազօրուած անդամներու վերահսկողութենէ եւ ներկայ հոգաբարձուներէն, ինչպէս յայտնի է մեզի այսօր: Եթէ այս նոր փոփոխութիւնն ընդունուի Կիրակի Մարտ 29-ի ընտրութիւններուն, ապա ատիկա կը նշանակէ, որ 24 անձեր միայն կþունենան լիակատար իրաւունք «Արարատ տուն»ը իրենց ուզածին պէս ղեկավարելու համար:
Այլեւս՝ ձայնի իրաւունք լիազօրուած անդամակցութիւն գոյութիւն պիտի չունենայ: Կանոնադրութեան մասին փոփոխութիւններ կատարելու ծրագրին «այո» քուեարկութիւնը բացարձակ իշխանութիւն կուտայ Յովսէփ Կանիմեանին եւ իր խմբակցութեան ուզածնին ընելու եւ վարուելու այնպէս, ինչպէս իրենք կը ցանկան: Անոնք կþունենան իրաւունք ստանալու աշխատավարձ, վերահսկելու կազմակեր-պութիւնը, ինչպէս կը ցանկանան՝ մեր համապետական «բարձր» կարգավիճակը վտանգելու հնարաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ունենալով իրենց քմահաճոյքին ենթարկելու «Արարատ Էսկիճեան» թանգարանի մէջ եղած հնութիւն-հարստութիւնը: Անոնք կրնան վաճառել այնտեղ եղածը իրենց շահի համար: Այլ կերպ ըսած, անոնք կրնան այնպէս վարուիլ, ինչպէս կþուզեն, մինչ լիազօրուած անդամները իրենց քուէարկութեան ձայնը կը կորսնցնեն:
Այլ կերպ ըսած, ինչպէս ցկեանս անդամներէն մէկը ըսաւ. «Ասիկա յեղաշրջում է: երբ որ բան մը չէ քանդուած ինչու՞ նորոգել»:
«Արարատ Տան» բազմամեայ աջակից մը կապ հաստատեց խմբագրութեանս հետ եւ կոչ ըրաւ բոլոր լիազօրուած անդամ-ներուն. «Կը խնդրեմ, եկէք եւ «ՈՉ» քուէարկեցէք կանոնադրական բոլոր փոփոխութիւններու բոլոր բանաձեւերուն դէմ»:
Այժմ, եկէք տեսնենք պատահած աւերիներուն հետեւանքները՝ սկսած.
-1998-ին, 500 միլիոն տոլարի տէր՝ եւ 300,000 անդամներ ունեցող Հ.Բ.Ը.Մ.-ի (Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան) հափշտակումը յատուկ խմբակցութեան մը կողմէ:

  • 2014-ին, ՌԱԿ-Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան/Թէքէյեան Մշակութային Միութեան հափշտակումը որ Լոս Անճելոսի մէջ գործող Արշակ Տիգրանեան հայկական վարժարանի հովանաւորող կազմակերպութիւնն էր:
  • 2016-ին, արք. Յովնան Տէրտէրեանի՝ Սան Տիեկոյի Սբ. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարօրէն ընտրուած Ծխական Խորհուրդի թշնամական զաւթումը եւ Սան Տիեկոյի մէջ գտնուող թափուր մնացած մի հողակտորի հետ կապուած մութ գործարքները՝ Արեւմտեան Թեմի կողմէ։ Այդ թափուր հողատարածքի յետագայ շահարկուումը այն ժամանակուայ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ, իսկ այժմ «Արարատ Տան» նախագահ եւ պր. ՅովսԷփ Քանիմեանի կողմէ՝ Սինան Սինանեանի հետ միասին Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» զօրով համոզելու, որ 15 միլիոն տոլար ներդնեն ծերանոցի կառուցման համար՝ Սան Տիեկոյի մէջ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանի կողմէ վերահսկուող թափուր հողատարածքին մէջ‘ Կանիմեան/Սինանեանի կողմէ առաջ քշուող եւ առաջարկուող համատեղ ձեռնարկութեան մէջ, Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» եւ Արեւմտեան Թեմի միջեւ:
    -2016-ի Հոլիվուտի Սբ. Յովաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ վաղաժամ քանդումը, որ բացասաբար ազդեց այս ծուխի վրայ որ մինչեւ այսօր կը մնայ առանց եկեղեցիի եւ այժմ,
  • 2020 թուականի 100 միլիոն տոլար հարստութեան տէր եւ 800 լիազօր անդամ ունեցող Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» հափշտակման փորձը:
    Համայնքի մտահոգ անդամներ լաւապէս տեղեակ են 1998-ի Հ.Բ.Ը.Մ.ի թշնամական հափշտակման ու հազարաւոր անդամներու ընդհանուր իրաւունքներու ոչնչացան հետեւանքներու մասին ու յետագային՝ «Թէքէյեան» Մշակութային Միութենէն ներս անդամներու զանգուածային արտաքսման մասին:
    Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՊԱՐԱԳԱՆ
    1998-ին Պերճ Սեդրակեանի եւ անոր հիմնական զինակիցներ եւ զօրակիցներ՝ Սինան Սինանեանի, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ Լուիզա Մանուկեան-Սիմոնի կողմէ ՀԲԸՄ-ի հափշտակումէ մի քանի տարի ետք՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Խորհուրդը միակողմանիօրէն փակեց Սփիւռքի հայկական բազմաթիւ դպրոցներ
    Մօտաւորապէս 2004-2005-ին Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական Խորհուրդը, Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ, փակեց Կիպրոսի մէջ գտնուող Մելքոնեան Կրթական Վարժարանը (ՄԿՀ) եւ այնուհետեւ անցաւ աւելի քան 100 միլիոն տոլար արժող անշարժ կալուածներու վաճառքի: Ի բախտաւորութիւն սփիւռքահայութեան, եւ շնորհիւ Մելքոնեան Կ. Հ.-ի բազմաթիւ ակտիվիստ-շրջանավարտներու, անոնց շարքին նաեւ՝ Բժ. Յարութ Մեսրոպեան (որ ներկայիս «Արարատ Տարեցներու Տան» Հոգաբարձուներու Խորուհրդի անդամ է), ինչպէս նաեւ Արսինէ Շիրվանեանի, Րաֆֆի Զնզալեանի, հանգուցեալ Զօհրապ Շամմասեանի եւ այլոց, Կիպրոսի կառավարութիւնը «Մելքոնեան»ի պարտէզները արդարացիօրէն յայտարարեց, «Պատմական Վայր», որտեղ 1915-1923-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն որբացած վերապրողները տնկած են բազմաթիւ ծառեր, որոնք եւ մինչ օրս առկայ են:
    Ի պատիւ ՄԿՀ-ի շրջանավարտներու, անոնք վերջերս ֆինանսաւորեցին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սեդրակեան-Սինանեանի դէմ խոշոր դատական գործ մը, եւ Կիպրոսի կառավարութեան ժամանակին օգնութեան շնորհիւ անոնց մասամբ յաջողեցան կասեցնել անշարժ կալուածներու վաճառքը:
    2019-ին, Սեդրակեան / Սինանեանի կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Խորհուրդը՝ միակողմանիօրէն որոշեց փակել Փասատինայի մէջ գտնուող Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան բարձրագոյն դպրոցները: Դժբախտաբար, անդամներ չի կային, որոնք կը կարենային ընդդիմանալ դպրոցի չարդարացուած փակման դէմ:
    Եթէ Կանիմեանը յաջողի Մարտի 29-ին, ապա «Արարատ Տուն»-ը կրնայ նոյն՝ ՀԲԸՄ-ի բախտին արժանանալ:
    Այժմ ոչ ոք գիտէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Փասատինայի փակման դատապարտուած դպրոցին պատկանող միլիոնաւոր տոլարներու անշարժ կալուածներուն:
    1998-էն՝ մինչև 2019 թուականը, ՀԲԸՄ փակեց նաև շատ այլ հայկական դպրոցներ եւ համայնքային կեդրոններ ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ վայրերու մէջ:
    ՌԱԿ-Թէքէյեան Մշակութային Միութեան եւ Տիգրանեան հայկական վարժարանի ՊԱՐԱԳԱՆ
    2016-ին, ՌԱԿ-ի մէնատէր անդամներ՝ Էտմոն Ազատեանի, Յարութիւն Արզումանեանի եւ այլոց կողմէն դպրոցի կանխամտածուած, համակարգուած ձախողեցման գործընթացէն յետոյ, Թէքէյեան Մշակութային Միութենէն ներս գործող մեղսակիցները վաճառեցին Արշակ Տիգրանեանի անուան հայկական դպրոցը մօտ 15,5 միլիոն տոլարի:
    Ոչ ոք գիտէ գոյացած գումարներու ճակատագրի մասին: Դպրոցի ոչ-արդարացի փակումը, կրթական առումով անօթեւան թողեց հարիւրաւոր հայ ուսանողներ՝ զանոնք նետելով ձուլման հորձանուտէն ներս կամ Սպիտակ Ցեղասպանութեան գիրկը:
    Սան Տիեկոյի Ս. Յովաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ/Արեւմտեան Թեմի ՊԱՐԱԳԱՆ
    2016-ին Արք. Յովնան Տէրտէրեանի կցորդը՝ նոյն ինքը՝ Յովսէփ Կանիմեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետն էր, որ կազմակերպած էր Սան Տիեկոյի Ս. Յովաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ յարգուած եւ նուիրուալ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ սիրուած հովիւ Տաթեւ Թաթուլեանի պարտադիր հրաժարականը եւ զանոնք փոխա-րինած էր կոյր հետեւորդներով:
    Պաշտօնասէր եւ աթոռէ աթոռ ցատկող Կանիմեան յետագային դարձաւ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» նախագահ:
    Վերջերս Տէրտէրեանի զինա-կիցները վաղահասօրէն քանդեցին Սան Տիեկոյի Ս. Յովաննու Կարա-պետ եկեղեցին՝ առանց ապահովելու նոր եկեղեցւոյ կառուցումը:
    Այժմ Ծուխը մնացած է առանց եկեղեցիի՝ նոր եկեղեցւոյ կառուց-ման սպասումով: Բայց շատեր հարց կուտան. «Արդեօ՞ք նոր եկեղեցին երբեւէ կը կառուցուի, ինչպէս խոս-տացած էր Տէրտէրեան-Կանիմեան զոյգը»:
    Ուրիշներ կը հարցնեն. «Ու՞ր են բոլոր հաւատացեալները։ Անոնք ե՞րբ պիտի վերադառնան դարձեալ աղօթելու համար»:
    «Սան Տիեկոյի այսպէս կոչուած նոր եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, որ իրա-կանութեան մէջ դատարկ հողի տեսքով խաբկանք մըն է՝ հաւատացեալներու եւ համայնքի աչքին փոշի փչելու համար՝ սին խոստումներ նոր եկեղեցւոյ կառուցման համար … Ու՞ր են հին եկեղեցւոյ վաճառքէն ստացուած բոլոր գումարները: Եթէ Տէրտէրեանի իրական մտադրութիւնն էր պահպանել Ծուխը, ապա ինչո՞ւ ան շտապեց քանդել գոյութիւն ունեցող եւ գործող եկեղեցին, նախքան նորը կառուցելը», ցաւով կþաղաղակէ ուրիշ ծխական մը:
    Հոլիվուտի Սբ. Յովանու Կարապետ Եկեղեցւոյ Պարագան
    2016-ին, Տէրտէրեանի/Հովիւ Մանուկ Մարգարեանի/ սեփական որդի՝ Յարութ Մարգարեանի կողմէ իւրացուած Ծխական Խորհուրդը վաղաժամօրէն քանդել տուաւ Հոլիվուտի մէջ գտնուող եկեղեցին՝ նորին շինութեան համար առանց անհրաժեշտ գումարները ապահովելու։ Իսկ այժմ, այս ծուխը նոյնպէս մնացած է առանց եկեղեցւոյ:
    Կը հաղորդուի, որ ամբողջ 15-ամեայ ժամանակահատուածի մէջ (2003-2018) Տէրտէրեան-Մարգարեան-Մարգարեան եռեակը կրցած է միայն 1,5 միլիոն տոլար հաւաքել, որ հիմնականին մէջ ապահովուած է պր. Պետրոս Տաղլեանի կողմէն հովանաւորուած դրամահաւաքներէն: Այս ձեռնարկները ֆինանսորուած էին պր. Տաղլեանի կողմէ, նախքան Տէրտէրեան-Մարգարեան-Կանիմեան խումբին նենգամիտ խաղը 2018-ին միլիոնաւոր տոլարներ կորզելու պր. Տաղլեանէն։ Ատոր հետեւանքով դատական գործ սկսաւ Արեւմտեան Թեմի եւ պր. Տաղլեանի միջեւ՝ երբ Տաղլեան Համալիրի համար պր. Տաղլեան դրամատունէն մօտ 17 միլիոն տոլար պարտք ըրած էր՝ անձամբ երաշխաւորելով անոր վճարումը: Արեւմտեան Թեմը չարաչար պարտուեցաւ դատարանին մէջ եւ դատավորի կողմէն հրահանգուեցաւ վճարել բոլոր դատական ծախսերը:
    ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՊԱՐԱԳԱՆ
    Ներկայիս 100 միլիոն տոլարի հարստութիւն ունեցող «Արարատ Տան» հափշտակման փորձը ուժեղ ընդդիմութիւն առաջացուցած է ե՛ւ կազմակերպութենէն ներս ե՛ւ ամբողջ համայնքին մէջ:

Ինչո՞ւ համար կը կատարուի այս շահադիտական քայլը որ քողարկուած է անմեղ հնչող բանաձեւով մը:
Մի քանի տարի առաջ, «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»-ը նախապէս թիրախաւորուած էր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ՝ ներդրելու համար մօտ 15 միլիոն տոլար՝ Տէրտէրեանի կցորդներու կողմէ եւ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Թորհուրդի նախկին նախագահ՝ Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ ընդհանուր կապալառու Սինան Սինանեանի առաջարկած համատեղ շինարարութեան մը մէջ: Շահերու հակասո՛ւմ։
Թէեւ «Արարատ Տուն»-ը տեւապէս արժանապատիւ յարգանքի արժանացած է պահպանելով թափանցիկութիւնն ու հաշուետւողականութիւնը, բայց արդեօ՞ք կազմակերպութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կրնայ երաշխաւորել, Սինանեանի կողմէ գործադրուող շինարարութեան ծախսերու գծով որ առկայ է ամբողջական թափանցիկութիւն:
Այնպէս կը թուի, որ քանի որ Տէրտէրեան եւ անոր գործակալները չէին կրցած կորզել 15 միլիոն տոլարը, այժմ անոնք «փայլուն մտայղացում» ունեցած են հափշտակելու ոչ միայն 15 միլիոնը, այլեւ ամբողջ կազմակերպութիւնը աւելի քան հարիւր միլիոն տոլարի հարստութեան հետ:
Ներկայ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Կանիմեան կանոնադրութեան փոփոխութիւն առաջադրող բանաձեւ ներկայացուցած է որով կը փորձէ չեղեալ յայտարարել հարիւրաւոր անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը, որպէսզի՝ հաւանականօրէն
1) Իր նեղ խմբակցական շահերուն ենթարկէ կազմակերպութիւնը եւ անոր աւելի քան հարիւր միլիոն տոլար հաշուող հարստութիւնը.
2) Միակողմանիօրէն որոշէ կազմա-կերպութեան յետագայ ուղղութիւնըզայն անարդարօրէն փակելով եւ ի վերջոյ յաշուեյարդարի ենթարկելով կազմա-կերպութեան ունեցուածքը, եւ հարիւրաւոր հայ տարեցներ տնազուրկ դարձնելով եւ կամ բաց պահելու պարագային՝ 3) Թելադրել տարեցներու բնակութեան ընդունելու գործընթացը 4) Հաւանականօրէն ստեղծել մենաշնորհ, որ, ի վերջոյ, կրնայ պատճառ դառնալ աւելի քան հարիւր միլիոն տոլարի ֆոնտերու, անշարժ կալուածներու եւ այլ գոյքներու, պատմական իրերու զանգուածային իւրացնման եւ (կամ) սխալ կառավարման «Արարատ Տան Էսկիճեան» թանգարանէն ներս: «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» վաղեմի անդամ մը ողբաց. «Սա յեղաշրջում է»: Երկու կետերէ բաղկացած բանաձեւը թաքնուած է 7-էջանոց երկար, անիմաստ, անստորագիր նամակագրութեան 4-րդ էջի մէջ եւ վերնագրուած է. «Լոս Անճելոսի, Արարատ տան կանոնադրութեան Երկրորդ Փոփոխութիւն»: Նոյնիսկ թուղթի գոյնը զուարճալի է եւ ունի իրադարձութիւններու թռուցիկներու փունջի նմանող տեսք մը: Ստացողները նոյնիսկ կրնան հակուած ըլլալ անտեսելու ձանձրալի նամակի կարեւորութիւնն ու հրատապութիւնը: Քուէարկելու լիազօրութիւն ունեցող անդամներու մտքին մէջ ստապատիր տպաւորութիւն ստեղծելու համար, որ իբրեւ թէ «ԱՐԴԵՆ ԳՈՐԾԸ՝ ԳՈՐԾԷՆ ԱՆՑԱԾ Է» եւ կարելի չէ բանաձեւը տապալել, Հոգաբարձուներու Խորհուրդի շղարշուած կերպով կը նշէ, թէ «Ներառման յօդուածներու փոփոխութեան վկայագրի ամբողջական պատճենները եւ Երկրորդ Փոփոխութիւնը՝ ըստ Օրէնքներու կցուած են այս ծանուցագրին: Հոգաբարձուներու Խորհուրդը (արդեն) իր հաւանութիւնը տուած է «Ներառման յօդուածներու փոփոխութեան» օգտին եւ «Կանոնագրերու մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու Երկրորդ Փոփոխութեան անդամներու ընդունման համար խորհուրդ կուտայ, որ անդամները կողմ քուէարկեն անոնց հաստատման եւ ընդունման համար»: ԽԻՍՏ ԾԻԾԱՂԱՇԱՐԺ։ «Հետաքրքրական է, թէ որոշակի պար-բերութիւններու մէջ որքան մեղմ հնչող բառերու շարահիւսութիւն կատարած է Կանիմեան Փետրուարի 3-ին ուղարկուած եւ չթուարկուած նամակագրութեան մէջ», - ըսաւ լիազօրուած անդամը: Նամակը կը շարունակէ. «Ներառման յօդուածներու փոփոխութեան հաստատագիրը եւ կանոնադրութեան Երկրորդ Փոփոխութիւնը կþենթադրեն, որ կազմակերպութեան անդամներու կանոնադրական իրաւունքները թոյլ կուտան պարզեցնել Տան տնօրինութիւնն ու կառավարումը»: «Անցեալին, Հոգաբարձուներու Խորհուրդը պարբերաբար փոստային ճանապարհով ընտրութեան կատարման քուէաթերթիկներ կþուղարկէր անդամներուն՝ հեշտացնելու այն անդամներու քուէարկութիւնը, որոնք չէին կրնար անձամբ ներկայ գտնուիլ եւ քուէարկել: Բայց այժմ, անյայտ պատճառներով, Խորհուրդը միակողմանիօրէն որոշած է ջնջել այդ համակարգը: Մտահոգ անդամ մը ահազանգեց. «ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՆԵՐԿԱՅ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ, ՈՐ ԿԸ ՄԻՏԻ ՋՆՋԵԼ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՔՈՒԷԱՐԿՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ԱՅԴՊԷՍՈՎ ԿԱՆԽԵԼ ԱՂԵՏԱԼԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ։ ԵՍ ՊԻՏԻ ՓԱՓԱՔԷԻ ԲՈԼՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ, ՈՐ ԳԱՆ ՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ 29 ՄԱՐՏ, 2020-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵՒ «ՈՉ» ՔՈՒԷԱՐԿԵՆ: ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ ՉԷ ՎՏԱՆԳԵՆՔ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ ԹՈՅԼ ՏԱԼՈՎ, ՈՐ ԱՅՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԴԱՌՆԱՅ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *