ՓԱԽՈՒՍՏ՝ ԺՈՂՈՎՐԴՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ Մօտելաձեւի Արմատական Փոփոխութեան Շարժառիթը

Posted on February. 28. 2020

ԳՐԵՑ՝ ՓՐՕՖ. ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մօտ 2500 տարի առաջ Յունաստանի մէջ նոր քաղաքակրթութիւն սկսաւ: Ինչպէս գիտէք, հին յոյները ստեղծած էին շատ գեղեցիկ շինութիւններ, քաղաքներ, թատերգութիւններ, երաժշտութիւն, փիլիսոփայութիւն, գիտութիւններ եւ կառավարման համակարգ, որ մարդկանց կուտար ձայնի իրաւունք կառավարման մէջ, յատկապէս՝ ժողովրդավարութեան մէջ:

Առ ի հետեւանք՝ Աթէնքը դարձաւ Հին Յունաստանի ամենամեծ եւ հարուստ քաղաք-պետութիւնը: Բոլոր փառահեղ ներդրումներէն ժողովրդավարութիւնը ամենաիմաստալի եւ դիմացկուն գաղափարն է արդարութիւնը եւ հաւասարութիւնը սիրող մարդոց մտքի եւ սրտի մէջ:
Այսօր, երբ եղելութիւնները կþառնչուին ժողովրդավարութենէն հեռանալուն, մենք հակուած կþըլլանք երթալու ժողովրդավարութեան հայեցակարգին եւ գործադրման արմատներուն, որպէսզի մենք մեզի զգուշացնենք անկէ հեռանալու անպատեհութիւններուն մասին:
479-431 Աթէնքի Ոսկէ դարաշրջանի մէջ Փերիքլես, որ ամենաազդեցիկ մարդն էր աթէնեան քաղաքականութեան մէջ, անուղղակիօրէն սահմանեց ժողովրդավարութիւնը ապագայ սերունդներու համար: Այսպիսով, Աթէնքի ժողովրդավարական կառավարութիւնը որպէս օրինակ պիտի ծառայէր ապագայ քաղաքակրթութիւններու համար:
Որպէս Աթէնքի առաջնորդ՝ Փերիքլես ելոյթ ունեցաւ Սպարտայի հետ պատերազմի ժամանակ զոհուած զինւորի մը յուղարկաւորութեան ժամանակ: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ.
«Մեր սահմանադրութիւնը կը նպաստէ մեծամասնութեանն փոխանակ փոքրաթիւ մարդոց: Այդ իսկ պատճառով այն կը կոչուի ժողովրդավարութիւն: Եթէ նայինք օրէնքներուն, ապա կը տեսնենք, որ ատոնք բոլորի համար հաւասար արդարութիւն կ՛ապահովեն… »:
Վերոյիշեալ մէջբերումը այնքան պարզ է, բայց միեւնոյն ժամանակ իր մէջ կը պարունակէ համոզիչ գաղափար մը, որ ժողովրդավարութիւնը «նպաստաւոր է շատերուն, ոչ թէ քիչերուն»: Ժողովրդավարութեան հականիշը «քիչերու» իշխանութիւնն է: Յարատեւման մէջ մենք ունինք, մի կողմէն, ժողովրդավարութիւն (ժողովրդի իշխանութիւն), միւս կողմէն՝ մէնատիրութիւն կամ «օլիգարխիա» (անհատական իշխանութիւն): Երբ մարդիկ կը դառնան ազդեցիկ, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք կը դառնան նեխած «կոռումպացուած»՝ զրկելով մարդկոց որոշումներ կայացնելու իրաւունքէ: Ժողովրդական կառավարումը կը վերածուի բռնատիրական Մակիավելիզմի:
Հետեւաբար, երբ տեղի կþունենայ «մեծամասնութեան օրէնքէն» դէպի «քիչերու օրէնք» անցում, հարց կը ծագի. «Մօտելաձեւի արմատական փոփոխութեան շարժառիթը»: Բնականաբար, պատերազմի նման արտակարգ իրավիճակներու մէջ աւելի արդիւնաւետ կ՛ըլլար թոյլ տալ, որ մեր որոշ առաջնորդներ կարեւոր որոշումներ կայացնեն: Այնուամենայնիւ, խաղաղ ժամանակաշրջանի մէջ մենք ժամանակ ունինք գործելու ժողովրդավարական սկզբունքներով:
Քանի որ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» ղեկավարութեան կողմէ առաջադրուած օրէնսդրական փոփոխութեան դրդապատճառն անհասկանալի է, արդե՞օք սա ձեռնտու է ողջ անդամակցութեան համար, թէ՞ միայն մէնատիրական կլանին մաս կազմող մի քանի անձերու համար, այս քայլի մտադրութիւնը կարելի է մեկնաբանել որպէս 1949-ի ստեղծման պահէն ի վեր ամերիկահայ գերազանցապէս յաջողակ կազմակերպութեան մը հափշտակումը:
Որպէս հայկական սփիւռքի անդամ եւ որպէս «Արարատ Տան» անդամ, ես խորապէս անհանգստացած եմ Սահմանադրութեան յօդուածներու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններով, որոնց համար պիտի քուէարկուի Կիրակի, Մարտի 29, 2020-ին:
Արդէօ՞ք մենք պէտք է շարունակենք ապրիլ մեր ժամանակաշրջանին ոգիով, թէ՞ պէտք է վերադառնալ միջնադարի մութ ժամանակներուն, երբ ժողովուրդի ուժը կենտրոնացած էր մի քանի եսակեդրոն անձերու ձեռքին մէջ: Շնորհակալ եմ, որ դուք բարձր կը գնահատէք ժողովրդավարութեան վերաբերեալ իմ փաստարկները, ի հեճուկս առաջադրուած մէնատիրական վարչական եղանակի որ կը վերաբերի գերազանցապէս անգին Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան»: Իմ քուէն «ՈՉ»ն է՝ «Արարատ Տան» կանոնադրութեան մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու վերաբերեալ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *