«Արարատ Տարեցներու Տան» Լիազօրուած Անդամները Զօրաշարժ Կը Յայտարարեն Պահպանելու Համար Ժողովրդավարութիւնն ու Իրենց Ընտրական Իրաւունքները

Posted on March. 2. 2020

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

1998-ի Լոս Անջելոսի մէջ կայացուած Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան («ՀԲԸՄ»-ի) Պատգամաւորական համաշխարհային Ընդհանուր ժողովի աւարտէն ետք, «ՀԲԸՄ»-ի տասնեակ հազարաւոր անդամներ կորսնցուցին իրենց քուէարկութեան իրաւունքը‘, մեծաւ մասամբ՝ իրենց քուէարկութեան ներկայացուած ՀԲԸՄ-ի օրէնսդրութեան փոփոխութեան բանաձեւի մասին անտեղեակութեան պատճառով։ Իսկ այն անդամները կարդալով, ծանօթացած էին բանաձեւի անպա-տեհութիւններուն եւ հետեւաբար կը մերժէին «ԱՅՈ» քուէարկել, զանազան աղբիւրներու համաձայն ճնշման ենթարկուեցան: Այդ բոլորին որպէս հետեւանք՝ ընդհանուր անդամակցութիւնը եւ անոնց քուէարկութեան իրաւունքները ջնջող բանաձեւը անցաւ:Յաջորդ պահին իսկ «ՀԲԸՄ՝» իր 500 միլիոն տոլարի հարստութեամբ անցաւ մի քանի հոգիի հակակշռին տակ։
Այն ժամանակ, օրէնսդրութիւնը փոփոխութեան ենթարկող եւ անդամակացութիւնը ջնջող բանաձեւը ընդառաջ քշուած էր «Հ.Բ.Ը.Մ.»ի ղեկավարներ՝ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնին եւ Պերճ Սեդրակեանին կողմէ: Կը տեղեկացուի, որ շատ պատգամաւորներ նոյնիսկ չէին կարդացած այդ բանաձեւը եւ կուրօրէն քուէարկած էին անոր օգտին: Ուրիշներ, որոնք կարդացած եւ տեղեակ դարձած էին սպառնացող վտանգներուն եւ կը դիմադրէին ու կը քննադատէին, ինչ-որ կերպ ճնշումի թիրախ դարձան ու լռեցուեցան:
«Հ.Բ.Ը.Մ.»-ի հափշտակումէն ի վեր, կազմա-կերպութիւնը զգալիօրէն շեղեցաւ սփիւռքահայ երեխաներուն հայեցի կրթութիւն տրամադրելու իր հիմնական առաքելութենէն եւ բազմաթիւ հայկա-կան դպրոցներ փակեց Սփիւռքի մէջ:
2019-ի վերջերուն, «Հ.Բ.Ը.Մ.»-ի Կեդրոնական Խորհուրդի ղեկավարներ՝‘ Սինան Սինանեան, Պերճ Սեդրակեան եւ այլք, միակողմանիօրէն որոշեցին փակել Փասատենայի մէջ գտնուող «Հ.Բ.Ը.Մ. Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» բարձրագոյն վարժարանը: Անդամատուրք վճարող եւ քուէարկող անդամներ այլեւս չէին մնացած, որպէսզի կասեցնէին դպրոցին ոչ-արդարացուած փակումը: Սինանեան, «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Ժօզէֆ Կանիմեանի հետ միասին կը հանդիսանայ նաեւ, Լոս Անջելոսի «Արարատ Տան» հոգաբարձու:
Այժմ, նմանատիպ բանաձեւ մը առաջ կը մղուի «Արարատ Տունէն» ներս:
Ի պատիւ «Արարատ Տան» բազմաթիւ անդամա-տուրք վճարող անդամներու, մեծ հաւանական-ութիւն կայ որ կազմակերպութիւնը յաղթահարէ իր գոյութեան սպառնացող այն ճակատագիրը որուն ենթարկուեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը («Հ.Բ.Ը.Մ.»ը) 1998-ին։
«Արարատ Տան» վաղեմի անդամներու կողմէ ստեղծուած է յանձնաժողով մը ընդդիմանլու եւ պարտութեան մատնելու առաջար-կըւող փոփոխութեան բանաձեւը, որ կը ջնջէ անդամա-վըճար կատարող անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը:
Չորեքշաբթի 26 Փետրուար, 2020-ին Լոս Անճելոսի մէջ, Պր. Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսեր, Նախագահը՝ «Արարատ Տան» Անդամներու Յանձնաժողովին, որ դէմ է կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնսդրական յօդուածներու մէջ առաջար-կըւող փոփոխութիւններուն, հրապարակեց «ՅԱՅ-ՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ մը ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ» ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴՐՈՅԹՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔԻ ԴԷՄ, ՈՐՈՆՑ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ, ԿԸ ՋՆՋՈՒԻՆ ԲՈԼՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ»։
Վկայուած Հանրային Հաշուագէտ՝ Նազար Հ. Աշճեան, Կրտսեր, երկար տարիներէ ի վեր Ցմահ Անդամ է եւ Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախկին նախագահն է ու ներկայիս՝ «Արարատ Տան» Անդամներու Յանձնաժողովի Նախագահ, որ դէմ է կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնսդրական յօդուածներու մէջ առաջարկուող փոփոխու-թիւններուն:
Յանձնաժողովի կողմէ, Աշճեան կոչ ուղղեց ամբողջ հայ համայնքիին, ներկայ գտնուելու «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» տարեկան անդամակացական ժողովի որ տեղի պիտի ունենայ 2020-ի Մարտ 29-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին, Grand Ballroom հանդիսասրահին մէջ, 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA եւ նոյնպէս կոչ ըրաւ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» անդամներուն որ մասնակցին Անդամակցութեան Տարեկան Ընդհա-նուր ժողովին եւ «ՈՉ» քուէարկեն՝ կանոնադրութեան եւ ենթաօրէնս-դըրութեան մէջ առաջադրուող փոփոխութեան դէմ:
Պր. Աշճեան ընդգծեց. «Տարեկան այս ժողովին, «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» Հոգաբարձուներու Խորհուրդը առաջարկած է փոփոխել կանոնադրութիւնը եւ բաղկացուցիչ յօդուածները: Այս առաջարկի նպատակն է ջնջել քուէարկութեան մասնակիցներու ամբողջ դասը: (Ներկայ դրութեամբ՝) անդամները լիազօրութիւն ունին իրենց քուէներով հոգաբարձուներ ընտրելու, փոփոխութեան ենթարկելու կանոնադրութեան հատուած-ները, կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը եւ այլ դրոյթներ: Անդամակցութիւնն է, որ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին վրայ կը վերահսկէ եւ հաւասարակշռութիւնը կþապահովէ՝ օգտագործելով իրենց (սահմանադրական-Խմբ.) քուէարկութեան իրաւունքը: Եթէ անդամակցութեան դասակարգը ջնջուի, Հոգաբարձուները կարիք պիտի չունենան անդամներու քուէներուն: Հոգաբարձուներու Խորհուրդը ազատ կþըլլայ (ինքնանշանակման կարգով — խմբ.) իրենք զիրենք հոգաբարձու նշանակելու (առանց հաշուետու ըլլալու անդամակցութեան—խմբ.):
Ան աւելցուց. «Առաջարկուող փոփոխութիւնը լիովին կը զրկէ անդամներուն, իրենց քուէարկութեան իրա-ւունքէն, այն ինչը որ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին իրաւունք կուտայ գործելու ազատօրէն՝ առանց անդամներու առջեւ հաշուետւութեան կանչուելու: Ասիկա Հոգաբարձուներու Խորհուրդին թոյլ կուտայ իրենց տրամադրութեան տակ առնելու «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» բազմամիլիոնոց տոլար արժող կալուածներու հարստութիւնը՝ մինչ ամբողջապէս ջնջելով հոգաբարձուներու հաշուտւողականութեան պարտա-ւորութիւնը անդամներու առջեւ (վերջ տալով անդամակցութեան վերահսկողութեան — խմբ.):
Պր. Աշճեան մէջբերում կատարեց Աքթընի Առաջին Իշխան՝ Լորտ Ճան Տալպըրկ-Աքթընէն. «ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿՈՒԱԾ Է ՆԵԽԵԼՈՒ («ԿՈՌՈՒՄ-ՊԱՑՆԵԼՈՒ»), ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱՑԱՐՁԱԿՕՐԷՆ ՆԵ-ԽԵԼՈՒ («ԿՈՌՈՒՄՊԱՑՆԵԼՈՒ»)»։
Ան եզրափակեց. «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը հայ համայնքի տարեցներուն աջակցելու գործին մէջ երկար եւ հարուստ պատմութիւն ունի: Աւելի քան 70 տարի՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ը զարգացած, աճած եւ ծաղկած է հայ համայնքի աջակցութեամբ եւ միշտ պահպանած է իր անկա-խութիւնը որեւէ կրօնական կամ քաղաքական կազմակերպութենէ: «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»-ը կայ եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ ոչ թէ սակաւ, այլեւ բոլոր տարեցներու, յատկապէս մեր համայնքի կարիքաւոր տարեց-ներու Տունը: Մենք կոչ կþընենք «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» բոլոր անդամնե-րուն մասնակցելու տարեկան ընդհանուր ժողովին՝ Կիրակի, 2020-ի Մարտի 29-ին, եւ «ՈՉ» քուէարկելու առաջարկուող փոփոխութեան դէմ: Յիշեցէք, որ այս ժողովին մասնակցող անդամներն են որոնք միայն կրնան քուէարկել: Եկէք եւ «ՈՉ» քուեարկեցէք որպէսզի ձեր ձայնը լսուի»:
Համայնքի բազմաթիւ անդամներ, ինչպէս նաեւ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» անդամատուրքը վճարող լիազօրուած անդամներ անհանգստացած են այն ճակատագրով, որը կրնայ սպասել «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ», ենթաօրէնսդրութեան փոփոխութիւններու բանաձեւին անցնումի պարագային։
«Հետաքրքրական է, թէ որոշակի պարբերութիւններու մէջ որքան մեղմ հնչող բառերու շարահիւսութիւն կատարած է Կանիմեան Փետրուարի 3-ին ուղղարկուած եւ չթուարկուած նամակագրութեան մէջ։ Օգտագործուած բառերու տեսակը յատուկէն եղած է, ընթերցողին միտքին մէջ շփոթութիւն ստեղծելու համար», – ըսաւ լիազօրուած անդամ մը:
Ինչո՞ւ համար կը կատարուի այս շահադիտական քայլը որ քողարկուած է անմեղ հնչող բանաձեւով մը:
Մի քանի տարի առաջ, «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»-ը նախապէս թիրախաւորուած էր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ՝ ներդրելու համար մօտ 15 միլիոն տոլար՝ Տէրտէրեանի կցորդներու կողմէ եւ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի նախկին նախագահ՝ Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ ընդհանուր կապալառու Սինան Սինանեանի առաջարկած համատեղ շինարարութեան մը մէջ: Շահերու հակասո՛ւմ։ Թէեւ «Արարատ Տուն»-ը տեւապէս արժանապատիւ յարգանքի արժանացած է պահպանելով թափանցիկութիւնն ու հաշուետւողա-կանութիւնը, բայց արդեօ՞ք կազմակերպութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կրնայ երաշխաւորել, Սինանեանի կողմէ գործա-դըրւող շինարարութեան ծախսերու գծով որ առկայ է ամբողջական թափանցիկութիւն:
Այնպէս կը թուի՝ քանի որ Տէտէրեան եւ իր կլանակիցները չկրցան 15 միլիոն տոլար կորզել, հիմա անոնք յառաջ եկած են «փայլուն» նենգամտութեամբ մը որպէսզի ոչ միայն ստանան 15 միլիոն տոլար եյլեւ ամբողջ կազմակերպութիւնը իր աւելի քան հարիւր միլիոն տոլար արժող շարժուն եւ անշարժ կալուածներով։
Ներկայ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Կանիմեան կանոնադրութեան փոփոխութիւն առաջադրող բանաձեւ ներկա-յացուցած է որով կը փորձէ չեղեալ յայտարարել հարիւրաւոր անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը, որպէսզի՝ հաւանա-կանօրէն
1) Իր նեղ խմբակցական շահերուն ենթարկէ կազմակերպութիւնը եւ անոր աւելի քան հարիւր միլիոն տոլար հաշուող հարստութիւնը.
2) Միակողմանիօրէն որոշէ կազմակերպութեան յետագայ ուղղութիւնը զայն անարդարօրէն փակելով եւ ի վերջոյ յաշուեյարդարի ենթարկելով կազմակերպութեան ունեցուածքը եւ հարիւրաւոր հայ տարեցներ տնազուրկ դարձնելով եւ կամ բաց պահելու պարագային՝
3) Թելադրել տարեցներու բնակութեան ընդունելու գործընթացը
4) Հաւանականօրէն ստեղծել մենաշնորհ, որ, ի վերջոյ, կրնայ պատճառ դառնալ աւելի քան հարիւր միլիոն տոլարի ֆոնտերու, անշարժ կալուածներու եւ այլ գոյքներու, պատմական իրերու զանգուածային իւրացնման եւ (կամ) սխալ կառավարման «Արարատ Տան Էսկիճեան» թանգարանէն ներս:
«Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» վաղեմի անդամ մը ողբաց. «Սա յեղաշրջում է։ Եթէ համակարգ մը շարքէ դուրս չէ ինկած ինչու՞ փոփոխութեան ենթարկել»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *