Թուրքիոյ Նախագահը Փոքրամասնութիւններու Ղեկավարներուն Կը Հրամայէ Ստորագրել Քարոզչական Նամակ Մը

Posted on March. 19. 2020

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թրքական կառավարութեան կողմէ շատոնց ի վեր կիրարկուող գործելակերպ է՝ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կրօնական խումբերու առաջնորդներուն վրայ՝ հանդես գալու համար հրապարակային յայտարարութիւններով՝ ի պաշտպանութիւն թրքական քաղաքականութեան եւ ռազմական գործողութիւններու եւ կամ դատապարտելու համար օտարերկրեայ զանազան պետու-թիւններու կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը։
Հայկական, ասորական, յունական եւ հրէական համայնքներու ղեկա-վարները վարժ են այս գործելակերպին եւ պատրաստակամօրէն կը կատարեն թրքական պահանջները՝ գիտակցելով, որ այդ պահանջը չկատարելը կրնայ խնդիրներ յառաջացնել անձամբ իրենց եւ իրենց համապատասխան համայնքներուն համար։
Նախապէս նման հրամաններ փոքրամասնութիւններու ղեկավարներուն կը տրուէին աւելի նուրբ ձեւով։ Օրինակ՝ թուրք պաշտօնեայ մը կը հեռաձայնէր կամ կ՛այցելէր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին եւ զգուշօրէն կ՛առաջարկէր, որ թերեւս լաւ գաղափար է՝ տուեալ քաղաքական հարցի մը մասին հրապարակային յայտարարութիւն մը կատարել։ Բնականաբար, նախորդ պատրիարքները երբեք չեն հրաժարած գործադրելէ այսպիսի առաջարկներ, որոնք աւելի շատ նման են թրքական կառավարութեան հրամաններուն: Տարբեր պատրիարքներու արձագանգներու միջեւ միակ տարբերութիւնը՝ անոնց յայտարարութիւններու լեզուն կերպով մը մեղմել կամ խստացնելն էր:
Այն, որուն հիմա մենք ականատես կ՛ըլլանք, բոլորովին ուրիշ բան է: Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ինքնակալական կառավարութիւնը այնքան բռնակալ դարձած է, որ անցեալ շաբաթ նամակ մը յղած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու չորս կրօնական առաջնորդներուն՝ պահանջելով, որ անոնք ստորագրեն զայն եւ նամակը վերադարձնեն նախագահի գրասենեակ։ Բոլոր չորսն ալ անմիջապէս կատարած են պահանջը։
Փոքր անակնկալը այն էր, որ Էրտողանի՝ փոքրամասնութիւններու կրօնական առաջնորդներուն ուղարկած նամակէն մէկ շաբաթ առաջ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է, հիմնականին մէջ աջակցելով Էրտողանի հետագայ նամակին մէջ արտայայտուած տրամադրութիւններուն: Պատրիարքը պէտք չէ մեղադրել ոչ սեփական քարոզչական նամակը նախօրօք գրելու, ոչ ալ կառավարութեան կողմէ թելադրուած նամակը ստորագրելու մէջ: Ի վերջոյ, պատրիարքը գիտէ, թէ ինչ կ՛ակնկալեն իրմէ, եւ յայտարարութիւն կատարած է առանց սպասելու պաշտօնական հրամաններու:
Տուեալ պարագային հարցը այն է, որ վերջերս Թուրքիոյ զինուած ուժերը ներխուժեցին Հիւսիսային Սուրիա, բան մը, որ յանգեցուց տասնեակ թուրք զինուորներու կորուստին: Հայոց պատրիարքութիւնը տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Իտլիպի մէջ պատահած յարձակումը եւ անոր հետեւանքով Թուրք զինեալ ուժերու 33 հերոս զինուորներու նահատակութիւնը մեր երկրին մէջ խոր ցնցում յառաջացուցած է։ Սրտանց բաժնելով մեր ազգի ցաւը, նահատակներուն համար ի Տեառնէ կը հայցենք ողորմութիւն։ Մեր հերոս բանակը պետութեան գոյատեւման երաշխիքն է։ Իրենց զինակից ընկերներուն կորսնցուցած բանակի բոլոր անդամներուն, կը հայցենք տոկունութիւն։ Նաեւ կը շարունակենք աղօթել, որ աշխարհի եւ յատկապէս մեր տարածքին մէջ խաղաղութիւնը տիրապետէ։ Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Կրօնական ժողովի եւ համայնքի բոլոր անդամներու, կու գանք հանրութեան հետ բաժնել մեր այն հաւատքը, թէ այս դժուարին գործընթացը կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել միութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտին մէջ»։
Պատրիարքարանը հետագային ստորագրեց Էրտողանի գրասենեակին խմբագրած աւելի քարոզչական բնոյթ կրող նամակը: Ահա հատուածներ այդ երկու էջնոց նամակէն.
«Մեր երկիրը միշտ եղած է յառաջատարը այն քայլերուն, որոնց միջոցով ծառայած է խաղաղութեան՝ տարածաշրջանի մէջ եւ աշխարհի վրայ՝ ոգեշնչուած իր հնագոյն պատմութեամբ եւ խորապէս արմատացած քաղաքակրթութեամբ։ Մեր Անկախութեան պատերազմէն ի վեր, շատ կարեւոր պայքարներ տարուած են մեր անկախութեան, ապահովութեան եւ բարօրութեան համար:
Այս պայքարներերէն իւրաքանչիւրին մէջ մեր սիրասուն ազգի կողմէ բացայայտուած զօրաշարժի ոգին եզակի օրինակ է ամբողջ աշխարհի համար: Իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ, մենք լիովին աջակից ենք մեր պետութեան այն քայլերուն, որոնք հիմնուած են երկրի ապահովութեան եւ շահերուն վրայ եւ որոնք նաեւ կը պաշտպանեն խաղաղութեան հաստատումն ու պահպանումը մեր շրջանին մէջ…
Մենք կը պնդենք, որ իր ակունքին մէջ ահաբեկչութիւնը խեղդելու այս պայքարը պէտք է շարունակուի նոյն վճռականութեամբ: Մենք գիտենք, որ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը կասկածի տակ դնելը կը նշանակէ անտեսել մեր սահմաններուն ապահովութիւնը:
Տարբեր երկիրներու մօտեցումը՝ ի նպաստ ահաբեկչական խումբերու եւ ի սատարումն շրջանային անկայունութեան, ցոյց կու տայ, որ տուեալ խումբերու դէմ պայքարի մէջ մենք յաճախ մինակ ենք։
Սակայն մեր ժողովուրդը, որ հեռատես է, միշտ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ իր պետութեան կողքին: Իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ, մենք հպարտ ենք, որ այս նուիրական ազգին մաս կը կազմենք: Մեր տարածքին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն համահունչ, մենք կը յայտնենք, որ թիկունք կանգնած ենք մեր երկրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար մեր պետութեան կողմէ ընդունուած իւրաքանչիւր որոշման՝ ընդդէմ այս դաժան մարդասպաններուն եւ հրէշներուն, եւ մենք կը զօրակցինք ձեռնարկուած իւրաքանչիւր քայլի: Թող ոչ ոք կասկածի, որ մենք չենք կրնար յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները միասնութեամբ եւ համերաշխութեամբ, ինչպէս եղած է մինչեւ այսօր։
Թուրքիան խաղաղութեան երկիր է: Թուրքիան խաղաղութեան բանալին է շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ։
Հակառակ մեր ճամբուն վրայ առկայ բոլոր խոչընդոտներուն եւ յարձա-կումներուն, մենք կ՛ուզէինք աշխարհին ըսել, որ պատրաստ ենք աջակցելու մեր պետութեան եւ բանակին, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային պայքարելու անոնց հետ, որպէսզի պաշտպանենք մեր ազգային ապահովութիւնը, կանխենք մարդկային նոր ճգնաժամերը եւ խաղաղութիւն հաստատենք մեր շրջանին մէջ:
Մենք դարձեալ կը բացագանչենք ի լուր աշխարհի, որ մենք կը պաշտպանենք այս հայրենիքը որեւէ պայմաններու մէջ, եւ կը պայքարինք պետութիւն-ազգ համախմբուած՝ ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի տուած»:
Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ ոչ բոլոր քաղաքացիները կը զօրակցին կառավա-րութեան՝ Սուրիա ներխուժման գծով։ «Ճումհուրիէթ» թերթը շատ խիստ յօդուած մը գրած է՝ մեղադրելով Էրտողանը փոքրամասնութիւններու վրայ ճնշում գործադրելու յանցանքով:
Թոմա Չելիք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» անդամ է, նամակ մը յղած է Թուրքիոյ փոխ նախագահին՝ խնդրելով, որ ան պատասխանէ հետեւեալ հարցերուն.

  • Ո՞վ պատրաստած է փոքրամասնութիւններուն ուղղուած նախագահի նամակին գրութիւնը:
  • Ո՞վ որոշած է նամակը ուղարկել փոքրամասնութիւններուն:
  • Ուրիշ ինչպիսի՞ խումբերու ուղարկուած է այս նամակը:
  • Արդեօք անոնք, որոնք կը մերժեն ստորագրել նամակը, պիտի պատժուի՞ն:
    Այն պահուն, երբ Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ եւ տասնեակ մը լրագրողներ բանտ նետուած են Էրտողանի վարչակարգին կողմէ, իւրաքանչիւր անձ, որ չի հնազանդիր Էրտողանի հրամաններուն, բանտարկութեան ենթարկուելու վտանգին տակ է։ Մինչ Էրտողան ի վիճակի չէ Սուրիոյ դէմ առկայ պատերազմին գծով համաձայնութիւն գոյացնելու Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ, հետեւաբար, շատ աւելի դիւրին է իր հիասթափութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը թափելու անմեղ մարդկանց վրայ, իր երկրի սահմաններէն ներս:
    Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
    Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *