Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Posted on March. 28. 2020

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետա-րանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, այսօր, հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու քորոնա ժահրի ստեղծած կացութիւնը։
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ փոխադարձ գործակցութեամբ սերտելու գործնական կարելիութիւնները նախազգուշական աշխատանքներ իրականացնելու համայնքներուն մէջ։ Հոգեւոր պետերը հաստատեցին, որ այս ճգնաժամային օրերուն միասնական ճիգերով պէտք է յաղթահարել դժուա-րութիւնները, առանց խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու։ Անոնք կոչ ուղղեցին խստօրէն հետեւելու պետութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ թելադրանքներուն:
Անոնք յայտնեցին, որ քորոնա ժահրին տարածումը կանխարգիլող ծրա-գիրներով ու հայորդիներու գործնական մասնակցութեամբ եւ հաւաքական աղօթքով լիբանանահայութիւնը վստահաբար պիտի յաղթահարէ այս տագնապը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *