Posted on April. 27. 2020
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, ամենուր հայերու կողմէ իրականացուած շարք մը քաղաքական յաջողութիւններու շնորհիւ, Հայ Դատը եւ Հայկական Պահանջատիրութիւնը մտաւ կարեւոր փուլ:
Թէկուզ այս օրերը անցումային են ողջ մարդկութեան համար («քօրօնաժահրի») «Թագաժահրի» համաճարակի պատճառով, աշխարհի հայերը չեն շեղած իրենց ազգային գերխնդիրներու լուծումներ գտնելու առաքե-լութենէն:
Ամեն օր հայը կը պայքարի, որ նախեւառաջ առողջ մնայ ու տնտեսապէս, քաղաքականպէս, բարոյապէս, զինւորապէս, կրօնապէս, հաւատ-քի առումով առաւել եւս ուժեղացնէ Հայաստան-Արցախը եւ առաւել կազմակերպէ ու զօրացնէ սփիւռքը:
Այսօրուայ, նոր հազարամեակի սերունդը հպարտ եւ արժանի հետեւորդն է մեր նահատակուած նախնիներուն։
Մեր որբացած մեծ ծնողները, որոնք յայտնի են որպէս «Վերապ-րողներու սերունդ», մարդկային փորձառութիւններու մէջ տեսած են ամենա-վատը:
Անոնց երեխաները, նկատի ունենալով մեր ծնողները կամ մեծ ծնողները, որոնք յայտնի են որպէս Անցումային կամ «Փոխ-անցման Սերունդ», օգնեցին իրենց ժողո-վուրդին վերակենդանացնելու եւ վերա-կառուցելու աքսորի ճանապարհին իրենց փշրուած կեանքը:
Մենք՝ Վերապրող Սերունդի թոռներս եւ ծոռներս, կը ծառայենք որպէս իրագործ-ման սերունդ եւ որ իր հերթին կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ դէպի «Գեր-իրագործման Սերունդ»:
Այս չորս սերունդներէն իւրաքանչիւրը, որոնք կը կազմեն ամբողջ ազգը աշխար-հով մէկ, վճռական է աստուածահաճոյ իր առաքելութեան մէջ:
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պէտք է լաւապէս իմանան, որ Հայաստանն ու հա-յութիւնը իրենց ճակատագրին լքուած ու անտեսուած չեն:
Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած նոր ցեղասպանութիւնն ու մարդկութեան դէմ ոճիրը Սուրիոյ մէջ Քիւրտերու, Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Արաբներու, Եզիտիներու եւ այլ փոքրա-մասնութիւններու դէմ, անտեսուած չեն:
Այն փաստը որ Թուրքիա նոր ցեղասպանութիւն կը գործէ որովհետեւ անպատիժ մնացած է, անտեսուած չէ:
Այն փաստը որ այսօ՛ր այսպէ՛ս կոչուող Թուրքիան, իր պետութիւնը հիմնած է Արեւմտեան Հայաստանի աւերակներուն վրայ, անտեսուած չէ:
Այսօր այսպէս կոչուող Թուրքիան, պէտք է լաւ իմանայ, որ ի վերջոյ ան հատուցում պիտի տայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մասսայական զրկուածութեան համար որ ան գործադրած է հայերու դէմ: Թուրքիան նաեւ պէտք է հատուցում տայ յոյներու, ասորիներու եւ ներկայ օրերուն՝ Քիւրտերու դէմ գործած ոճիրներու համար:
Նոյնիսկ եթէ՝ ոչ թէ 105 տարի, այլ 155 տարի կամ 205 տարի անցնի Հայերը պիտի ետ չի կանգնին իրենց արդարապահանջութեան պայքարէն: Հայերը արժանի են վերակերտելու ժողովուրդով եւ տարածքներով վերամիաւորուած, բագաւաճ եւ հզօր իրենց Հայաստան:
Այդ իրենց ծնեալ իրաւունքն է ինչպէս միւս բոլոր ժողովուրդներունը:
Թուրքիոյ յոյսերը օդը ցնդած են: Թուրքիան յուսախաբ եղած է: Ցեղասպանութեան պատճառով բռնի ուժով արմատախիլ հայերն ու իրենց յաջորդող սերունդները 105 տարիներէ ի վեր կը մերժեն անհետանալ Երկրի երեսէն: Եւ կը մերժեն ետ կանգնիլ այսրուան Հայաստանի զօրակցելէն։
Ընդհակառակը՝ անոնք կազմաւորած են հզօր սփիւռք եւ առաւել զայն պիտի կազմակերպեն յօգուտ Հայաստանի եւ մարդկութեան; Ինչպէս Կլատսթոնը ըսած է, «Հայաստանին ծառայելը, քաղաքա-կըրթութեան ծառայել է»։
Վերապրողները եւ իրենց յաջորդողները կտրականապէս կը մերժեն կասեցնել իրենց պայքարը ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, հասնելու համար իրենց ազգային ինղձերուն եւ երազներուն:
Քանի դեռ Թուրքիան կը շարունակէ նենգամիտ մնալ հայ ժողովրդին հանդէպ, միլիոնաւոր հայեր այլընտրանք չունին բացի բազմապատկելէ իրենց ջանքերը եւ առաւել խտացնելէ իրենց շարքերը:
Ես կը փափագէին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել բազմաթիւ հիւր-ընկալ եւ հայասէր երկիրներու ինչպիսիք են Ամերիկա, Ռուսիա, Ֆրանսա, Սուրիա, Լիբանան, Յունսատան, Իրան, Իրաք, Արժանթինա, Ուրուկ-ւէյ, Պրազիլ, Մեքսիոյի, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ որոնք պատսպարեցին Հայոց Ցեղա-ըսպանութեան մահասփիւռ հետեւանքներէն վերապրող որբերուն եւ կեանքի նոր շունչ տուին մահամերձ Հայ Ազգին։
1940-ին Բ աշխարհամարտին, Լոնտոն ապաս-տան գտած էր աքսորված ֆրան-սասցի զօրավար Տը Կօլ որ շարունակեց Ֆրանսայի ազատագրա-կան պայքարը:
Այսօր ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ՝ Լոս Անճելոսէն, Նիւ Եորքէն, Փարիզէն, Լոնտոնէն, Պէյրութէն, Աթենքէն, Պուէնոս Այրեսէն, Դամաս-կոսէն, Գահիւրէէն, Թեհրանէն է, որ աշխար-հասփիւռ հայութիւնը կը շարունակէ իր ազա-տագրական պայքարը արդարութեան համար:
Անգարան պէտք է լաւապէս հասկնայ որ աշխարհի հայերը հանգիստ պիտի չունենան այնքան ժամանակ, որ անոնք չեն իրականացուցած իրենց Սուրբ առաքելութիւնը:
Հայերը, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը, թոյլ պիտի չի տան բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու իրաւունքներու ոտնահարման:
Հարկաւոր է կասեցնել ցեղասպանութիւններու ընթացքը որպէսզի նոր հանցագործներ չյայտնուին սխալ կերպով քաջալերուելով Հիթլըրի յայտարարութենէն. «Ո՞վ է հիմա կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»:
Մենք կը խօսին! Եւ մենք պիտի շարունակենք խօսիլ եւ պայքարիլ մինչեւ ցեղասպանութիւններու հակամարդկային գաղափարին վերացումը: Մինչեւ 20-րդ դարի առաջին ցեղասպա-նութեան զոհերու արդարութեան իրականացումը եւ անոնց պապենական հայրենիք՝ Հայաստանի լիակատար վերա-կանգնումը:
Մեր ժողովուրդի կեանքի ընթացքը պէտք է որակական բարձրացում ունենայ։ Գոյապայքարի մակարդէն բարձրանայ իրագործման մակարդակին եւ մեր ժողվուրդը կենսագործէ իր ներուժին արդար համազօրութեամբ։
Մեր ներկան եւ ապագան աւելի անվտանգ եւ ապահով հետա-պընդելու համար խիստ հարկաւոր է որ մենք ձեռբազատուինք մեր ներքին կեանքի զօրասիւններ՝ պետական եւ եկեղեցական համակարգէն ներս գոյութիւն ունեցող մակաբոյծներէն, ձրիակերներէն, պատե-հապաշտներէն, չարաշահում ընողներէն։ Մէկ խօսքով՝ մեր ներկան եւ ապագան վտանգողներէն եւ հաւաքական ինքանավստահութեամբ նաւարկենք կեանքի գետին մէջ։