ՉԱՓԸ ԱՆՑՈՒՑԻՔ

Posted on May. 24. 2020

Յարգելի տիար Սեւակ Յակոբեան, խմբագիր պառակտուած ՌԱԿ-ի օրգան «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի,
Յարգելի տիար, Ձեր սքանչելի գրչին արգասիքը հանդիսացող «Մայր Աթոռը կարմիր գիծ է» յօդուածը ուրախութեամբ կարդալէ ետք, հարցում մը ծագեցաւ մտքիս մէջ, որ կ’ուզեմ բաժնել Ձեզի հետ:
Արդէօք ի՞նչ գոյն է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռի գիծը: Կարմի՞ր, թէ՞ այլ: Եթէ ան ալ «կարմիր գիծ է», ապա ինչո՞ւ 1956-էն ի վեր չդադրեցուցիք ձեր պայքարը Աթոռին ու անոր գահակալներուն նկատմամբ: Կը հաւատամ, որ ձեր (ՌԱԿ) կարծիքով, երբ հարցը կը վերաբերի դարաւոր Աթոռին, գոյնն ալ կը փոխուի:
Դուք կ’ուզէք անգամ մը եւս հաստատել, որ ՌԱԿ-ը պառակտուած է ու կ’ապրի իր վերջին շունչը, երբ նկատի ունենանք, որ Ձեր յօդուածով կ’արհամարհէք ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Ահազանգ Մայր Աթոռի ու անոր գահակալին նկատմամբ» վերջերս լոյս տեսած հաղորդագրութիւնը:
Մայր Աթոռը մեր Սրբութիւն Սրբոցն է, գահակալներ կու գան ու կ՚երթան, ու Ձեր ջատագոված գարեգին բ կտրիճ ներսիսեանը վտարուելու է, այդ սրբատեղիէն, ուզէք, թէ չուզէք: Հետեւաբար իզուր մի՛ փորձէք տէր կանգնիլ անոր՝ վասն կտակին հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնին:
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *