Երուանդ Ազատեան՝ ստահակ մըն է, որ «գործակցած» է KGB-ին հետ

Posted on June. 7. 2020

ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Բարի լոյս Հայրենիքէն, պարոն Մխիթարեան:
Կը զօրակցիմ Ձեզիմիլիոն միլիոն անգամ: Երուանդ Ազատեան ստահակ մըն է, այնպիսին, որ նոյնիսկ իր կուսակցական ընկերը հանգուցեալ Հայկ Նագգաշեանը անոր մասին կ՛ըսէր «Խալիլի Պետեւիի լակոտը»: Եգիպտոս գտնուած տարիներուն գործակցած է եգիպտական գաղտնի սպասարկութիւններուն եւ … Քա. Կէ. Պէ.ին (KGB-ին) հետ (այս մասին փաստաթուղթերու հանդիպած եմ, որոնց հրապարակումը կը վտանգէ եգիպտահայ գաղութին գոյութիւնը՝ նոյնիսկ այսօր…):
Ես 10,5 տարի ՌԱԿ-ի անդամ եղած եմ՝ 1977-ի աշունէն 28 Մայիս 1988, երբ հրաժարեցայ, Երեւանի մէջ, երբ ՌԱԿ-ի ուսանողները ՀԱՅՀՈՅԵՑԻՆ Եռագոյնին, եւ հակառակ իմ բացատրութիւններուս, շարունակեցին այդպէս ընել: Այլ բան, որ անդամագրուած եմ կանոնական խախտումներով, երբ տարիքս դեռ 16 տարի ու 4 ամիս էր… Այնպէս որ այս ռամկավարներուն ուղն ու ծուծը ՇԱՏ ԼԱՒ կը ճանչնամ:
Այս ստահակ Ազատեան-Կոտալազեանին (վերջերս պատահաբար յայտնաբերեցի այս արարածին իսկական էութիւնը արտայայտող մականունը՝ Կ—-ա-լէզ-եան) ինչ պտուղ ըլլալուն մասին յայտնեմ հետեւեալը. 2018-ի գարնան, դեռ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» չսկսած, նոյն այս գաճաճը, Յակոբ Վարդիվառեան կոչուածին հետ, հետս հանդիպում ունենալ խնդրեց Երեւանի մէջ:
Զգացի որ փորացաւ մը ունին: Ժամադրուեցանք «Նասիոնալ» հիւրանոցի մուտքին: Այս երկուքը, յատկապէս գաճաճը, ինծի առաջարկեցին ստանձնել ՊԱՅՔԱՐ շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը՝ շատ իւղոտ վճարում խոստանալով: Կտրականապէս մերժեցի: Այնուհետեւ առաջարկեցին յօդուածներով աշխատակցիլ՝ խոստանալով վարձավճար տալ:
Քանի որ մասնագիտացած եմ գաղտնի փաստաթուղթեր յայտնա-բերելու մէջ, առաջարկեցի այդպիսիք հրապարակել՝ իմ թարգմա-նութեամբ եւ ծանօթագրութեամբ: Համաձայնեցան՝ պայման դնելով որ ՌԱԿ-ԻՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՉԸԼԼԱՆ (շա՜տ լաւ գիտեն իրենց կերած ապուրները՝ գաճաճը՝ Քա. Կէ. Պէ.ին, Վարդիվառեանը՝ Սի. Այ. Էյ.ին հետ): Համաձայնեցայ: Մօտաւորապէս 15 հրապարակում ունեցայ: Սակայն կտրուկ կերպով դադրեցուցի աշխատակցութիւնս երբ ՊԱՅՔԱՐ-ը սկսաւ վարկաբեկել «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժումը՝ ուրիշներու շարքին զիս ալ կոչելով աղանդաւոր, սորոսական, ԼԳԲՏ-ներու «իրաւունքներու» մունետիկ եւ այլն:
Իսկ երբ անցեալ տարի յօդուածով մը հանրութեան ցոյց տուի այս Ազատեան կոչուածին էութիւնը, անոր պաշտպան ելաւ … Յակոբ Աւետիքեան կոչուած մէկ ուրիշ ստահակ մը, որ զիս կը ճանչնայ 1970-ականներու կէսերէն, եւ որու օրաթերթին մէջ ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՕԹԸ ՀԱՐԻՒՐ հրապարակում ունեցած եմ:
Ի պաշտպանութիւն Արշակ Տիգրանեան վարժարանի վաճառքէն միլիոններ գրպանած իր շէֆին, սոյն ողորմելին զիս խծբծող զազրագիր մը տպեց արդէն շաբաթաթերթի վերածուած իր թերթուկին մէջ: Պիտի նկատէք, թէ ՊԱՅՔԱՐ-ի մէջ Ձեզ իբրեւ թէ վարկաբեկած զազրագրութեան նոյն ձեռագիրն է:
Սակայն զիս ճանչցողը շատ լաւ գիտէ թէ ով ով է, ինչը՝ ինչ: ՊԱՅՔԱՐ-ի վերջին էջի մշտական «նամակագիր» (մարդը ինծի խոստովանած է, որ ամէն հրապարակման համար իր ստացած 50 տոլարը իրեն համար մեծ գումար է գոյատեւելու համար) Երուանդ Տէր Խաչատրեանը հետագային ինծի ըսաւ, թէ Աւետիքեանին հարցուցած է, թէ ան չամչցա՞ւ նման բան գրելէ ու տպելէ, իսկ Աւետիքեան պատասխանած է, որ ստիպուած գրած է, քանի որ Ազատեանը իրմէ պահանջած է նման բնոյթի գրութիւն հրապարակել՝ ՍՊԱՌՆԱԼՈՎ ԱՅԼԱՊԷՍ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԹԵՐԹՈՒԿԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒՈՂ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐԸ:
Ահաւասիկ Կոտալազեանի բարոյական նկարագիրի մէկ նմոյշը:
Վերջին ամիսներուն սովորութիւն դարձուցի ՊԱՅՔԱՐ-ի իւրաքանչիւր թիւին վրայ աչք մը նետելէ ետք խմբագրութեան էլ. նամակի հասցէին ղրկել նկատածս սխալներու մասին լուացողական գրութիւններ:
Դարձեալ կը զօրակցիմ Ձեզի: Յանուն մեր Ս. Եկեղեցւոյ իր այսօրուան պղծուած վիճակէն դուրս գալուն, նոյնիսկ եթէ խաչուիմ ու քառատուիմ, զայն օրհնանք պիտի նկատեմ եւ փառք պիտի տամ Տիրոջը՝ զիս այդ պատուին արժանացնելու համար: Ասոնք չեն հասկցած ու պիտի չկրնան հասկնալ մեր տեսակի մարդիկը, քանի որ իրենք կնամարդ են …։
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 2 Յունիս 2020-ի առտուն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *